Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Վերագեղեցկացման» Պայմաններ

Փետրուար 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ Կազան պէտք է ազատի Համասէն եւ թէ նախագահ Թրամփի  կատարած հրապարակումին հետեւողութեամբ, Միացեալ  Նահանգները պատրաստ են առաջնորդել Կազան եւ զայն կրկին «գեղեցկացնել»: Ըստ անոր,  ձգտումը մարդոց համար կայուն խաղաղութեան հաստատումն է:

Ամերիկացի թիւ մէկ դիւանագէտը խօսած է Կազայի Համասէն ազատումին մասին, շրջանցելով իր նախագահին յայտարարութեան միւս բաժինը` պաղեստինցիներու հեռացումը Կազայէն:

Յայտարարութիւններէն կը հասկցուի այն, որ Կազայի վերանորոգումը կամ «գեղեցկացում»-ը կը կայանայ պայմանականութեամբ: Համասի հեռացում, ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւն: Այս պայմաններու կատարումէն ետք է, որ երկիրը կ՛առաջնորդուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ դէպի կայուն խաղաղութիւն:

«Գեղեցկացման» հերթի կը սպասեն նաեւ հարաւային Լիբանանն ու Սուրիան: Երկրորդը տակաւին պատժամիջոցներու վերացման կը սպասէ: Այս բոլորը ունին անշուշտ նախապայմաններ:

Նախքան վերանորոգման աշխատանքներու ձեռնարկելը, յատկապէս թէ՛ Կազայի եւ թէ՛ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուեցաւ տպաւորիչ հաւաքական վերադարձ: Զանգուածներ փութացին վերադառնալ իրենց բնօրրանը, առանց սպասելու վերանորոգման աշխատանքներուն: Որոշ առումով եւ այլ հանգամանքներով կը բացատրուի դէպի Սուրիա վերադարձի երեւոյթը, անշուշտ ոչ նոյն կշռոյթներով եւ տարողութիւններով:

Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած երեւոյթները կը յուշեն, որ դիւրին չէ այդ տարածքներուն վրայ ժողովրդագրական պատկեր շրջելը: Զինադուլի կայացման օրն իսկ հաւաքական վերադարձի երեւոյթները մտածել կու տան, որ այդ նախապայմաններուն ընդառաջումի նախադրեալներ չկան:

Համասի յայտարարութիւնը, թէ կառչած չէ իշխանութեան, կրնայ նախանիշ նկատուիլ Կազայի կառավարման կարգավիճակի փոփոխութեան: Ռամալլա-Կազա միացեալ ղեկավարման համակարգի եւ իշխանութեան միեւնոյն բաղադրութեան հաստատման մասին մտածել կու տայ Համասի ղեկավարութեան կատարած հրապարակումը այս մասին, բայց ոչ զանգուածային հեռացման կամ ամբողջական պաղեստինաթափման:

Մինչ, հարաւային Լիբանանի մէջ վերադարձող ժողովուրդը անզէն կը կանգնի տակաւին լիբանանեան տարածքներէն չհեռացող իսրայէլեան ուժերուն դիմաց եւ կը պահանջէ զինադուլի պայմաններուն ամբողջական յարգումը: Պէտք է նկատել, որ հակառակ կողմի պարագային նոյն երեւոյթները չկան: Իսրայէլ խնդիր ունէր իր հիւսիսային հատուածէն հեռացած ժողովուրդը վերադարձնելու: Առ այսօր ամայի են այդ տարածքները:

«Վերագեղեցկացման» սպասող Սուրիոյ նորահաստատ իշխանութիւնները պատժամիջոցներու վերացման համար դիմումներ կը կատարեն: Ուշագրաւ էր Սուրիոյ ղեկավարին տուած առաջին այցելութիւնը: Կ՛ենթադրուէր, որ անիկա Թուրքիան պիտի ըլլար, սակայն Սէուտական Արաբիան գրաւեց առաջին այցելութեան  դիրքը: Թուրքիան շարքէն դուրս չէր եկած անշուշտ: Տնտեսական վերականգնման եւ յատկապէս պատերազմի հետեւանքներով աւերակներու վերաշինութեան ուղին կ՛անցնի Ռիատէն: Թուրքիան, կը թուի, որ բանակի վերակազմութեան աշխատանքները պիտի ստանձնէ:

«Գեղեցկացման» կամ յարդարացման այս գործողութիւնները այդպէս չէ, որ միանգամայն մեծ նախագիծերու առարկայացումով պիտի յատկանշուին կամ ֆինանսական մեծ հոսքերով: Այդ բոլորը իրենց նախապայմանները ունին եւ փուլ առ փուլ պիտի հրամցուին: Իւրաքանչիւր նախագիծի դիմաց կատարուելիք պայման:

Կազայի պարագային յայտարարուած պայմանը ժողովուրդի հեռացումն է իր բնօրրանէն: Այլապէս վերանորոգումը, շինարարութիւնը եւ խաղաղութիւնը հեռու են: Գետնի վրայ արձանագրուածը կը յուշէ, որ տեղւոյն բնակչութիւնը ա՛յս պայմաններով պատրաստ չէ «գեղեցկանալու»:

Լիբանանի պարագային հանգոյցները կը յամենան հրադադարի պայմաններու խախտումներէն մինչեւ կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտներ: Հակառակ դիւանագիտական որոշ եռուզեռի, տակաւին պարզ չեն վերանորոգման կամ տնտեսական ապաշրջափակման միտումները:

Իսկ Սուրիան տակաւին պատժամիջոցներու տակ է եւ աւերուած քաղաքներու վերաշինութեան ծրագիրներէն հեռու է:

Իշխանափոխութիւններ եւ նոր իշխանութիւններու կազմութիւններ արձանագրուած են եւ կ՛արձանագրուին նշուած երեք միջավայրերուն մէջ: Գետնի վրայ սակայն վերականգնումի աշխատանքներու ծրագրային համաձայնութիւնները նոյնիսկ դեռ տեսանելի չեն: Կա՛ն յստակ պայմաններ:

«Ա.»

Նախորդը

Աուն. «Ես Սալամի Հետ Համաձայն Եմ Եւ Մնայուն Հաղորդակցութեան Մէջ, Եւ Պիտի Հասնինք Կառավարական Տարազի Մը, Որ Կ՛որդեգրէ Մեր Ճշդած Արժեչափերն Ու Սկզբունքները»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (6 Փետրուար 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?