Խմբագրական

Editorial

Խմբագրական.  Ընդդէմ Բոլոր Տեսակի Շահագործումներուն (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Ընդդէմ Բոլոր Տեսակի Շահագործումներուն (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Մայիսմէկեան խորհուրդի այժմէականացման փորձերը ամէն տարի հետզհետէ կը դժուարանան: Պատճառը այն է, որ այս տօնին գաղափարական էութիւնը կը մթագնի աշխարհի մէջ տարածուող ապագաղափարականացման ալիքներուն տակ: Այդուհանդերձ հայ հրապարակագրութիւնը պէտք չէ հրաժարի հերթական մայիս մէկին ետին կանգնած խորհուրդը արժեւորելէն եւ փորձ կատարէ այժմէականացման ընդգծումներ կատարելու: Այո՛. ամբողջ աշխարհը կ՛ապագաղափարականանայ: Աւելի ճիշդ, դասական գաղափարականութիւնը կը վերափոխուի, կը վերազգեստաւորուի նոր տարազներով, որոնք միայն...

Խմբագրական.  Հարուածները Չշեղել Թիրախէն

Խմբագրական. Հարուածները Չշեղել Թիրախէն

Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանին մէջ, տեղւոյն ազրպէյճանական դեսպանութեան կազմակերպած «գիտաժողով»-ը փոթորկեց հայկական աշխարհը: Պէտք է արձանագրել, որ ընտրուած թէ՛ նիւթով եւ թէ՛ վայրով Պաքուի համապատասխան իշխանութիւնները նպատակաուղղուած թիրախաւորումներ կատարած էին: Այս թիրախները կարելի է  ըսել խփուած էին Պաքուի կողմէ, մանաւանդ որ անոնք լրիւ կը տեղաւորուէին Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուող մշակութային ցեղասպանութեան ընդհանուր ծրագիրին մէջ: Արցախի մշակութային ցեղասպանութիւնը երեք հիմնական ուղղութիւն կ՛ընդգրկէ: Առաջինը...

Խմբագրական.  100-Ամեակէն Կատարուած Ետդարձը (Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. 100-Ամեակէն Կատարուած Ետդարձը (Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առիթով)

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը կարեւոր ետդարձ կատարած է 100-ամեակէն: 100-ամեակին ձեւաւորուած էր քանի մը տարուան վրայ աշխատած պետական յանձնաժողով մը, որուն կապուած էին տարածաշրջանային եւ տեղական յանձնախումբեր: Բրգաձեւ կառուցակարգով Հայաստան-սփիւռք ներկայացուածութեամբ կը ճշդուէին հիմնական ուղենիշներ եւ կը համակարգուէին ոգեկոչական ձեռնարկները,  քաղաքական ուղերձները: Մանաւանդ կ՛որդեգրուէր Համահայկական հռչակագիրը, որուն տակ կը ստորագրէին` Հայաստանի, Արցախի հանրապետութիւններու ղեկավարները, հայոց եկեղեցին, հայկական յարանուանութիւնները, հայ քաղաքական կուսակցութիւններն...

Խմբագրական.   Յղումին Պահպանումը Եւ Ազգային  Պետականութեան Վերակայացումը

Խմբագրական. Յղումին Պահպանումը Եւ Ազգային Պետականութեան Վերակայացումը

Հայաստանի վարչապետի դիրքորոշումը Սահմանադրութեան փոփոխութեան, աւելի ճիշդը Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական կապի ջնջումին մասին, պաշտօնապէս յայտարարուած է: Յստակ էր, որ Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Այստեղ հիմնաւորումը այն է, որ իշխանութիւնները կը ձեռնարկեն Սահմանադրութեան փոփոխութեան ոչ թէ Ազրպէյճանի պահանջին ընդառաջելով, այլ անոնք վաղուց իրենց ղեկավարին ճամբով յայտնած էին նոր Սահմանադրութիւն ունենալու իրենց համոզումին մասին: Սահմանադրութիւն-ժողովուրդ խզումի մասին վարչապետին տուած բացատրութիւնները համոզիչ չեն:...

Խմբագրական.   Ընդդէմ Շարունակուող Ցեղասպանութիւններուն

Խմբագրական. Ընդդէմ Շարունակուող Ցեղասպանութիւններուն

Լիբանանահայ համայնքը յարանուանական եւ կուսակցական մակարդակներու վրայ կատարուող համակարգումներով կը նախապատրաստուի նշել Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը: Պայմանները ոչ միայն համահայկական, հայաստանեան եւ սփիւռքեան առումներով քաջալերական չեն թուիր, այլ նաեւ համայնքային-տեղական: Խախտուող հրադադար, թշնամիի ոտնձգութեան փորձերու շարունակում, քաղաքական անորոշութիւն եւ տնտեսական տագնապի յամեցում: Ճգնաժամային այս պայմաններուն մէջ հերթական հետեւողականութեամբ շարունակուեցան միջկուսակցական հանդիպումներն ու յարանուանական պետերու միջեւ խորհրդակցութիւնները: Համեմատական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման...

Խմբագրական.  Լիբանանահայ Քաղաքական Գործօնի Անկախ Էութիւնը (Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 50-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Լիբանանահայ Քաղաքական Գործօնի Անկախ Էութիւնը (Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 50-Ամեակին Առիթով)

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակի նշումը բազմահազար նահատակներու յիշատակի ոգեկոչումին առընթեր, պատերազմի որեւէ կարելիութիւն բացառելու պատգամը կը շեշտէ: Պատերազմը ամբողջ հոլովոյթ մը ապրած է ժամանակաւոր դադարներով: Ներքաղաքացիական, միջդաւանանքային, այլ երկիրներու ուժերու ներկայութեան դէմ: Վերջին արարը իր սաստկութեամբ, տարողութեամբ եւ ռազմարհեստագիտութեան ամենանորարար միջոցներու կիրարկումով նոր դարձակէտ գրանցեց Լիբանանի բազմահանգրուանային եւ բազմաբնոյթ պատերազմներու շարքին մէջ: Ներքաղաքացիական բախումներով սկսած պատերազմի բուն շարժառիթը ներլիբանանեան անհամաձայնութիւններն...

Խմբագրական.  Դէպի Թաղապետական Եւ Քաղաքապետական  Ընտրութիւններ

Խմբագրական. Դէպի Թաղապետական Եւ Քաղաքապետական Ընտրութիւններ

Լիբանանեան կառավարութիւնը կը մնայ հաստատ թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած ժամանակացոյցին կատարելու որոշումին վրայ: Այս մէկը բացի այս ընտրութիւններէն կը թուի վարքագծային ըլլալ, պետական մարմիններու ընտրութեան, նշանակման կամ հաստատման ժամկէտները յարգելու եւ այս առումով կայացած որոշումներու գործնականացումը չյետաձգելու կամ ընդհանրապէս չառկախելու: Լիբանանեան աւանդութիւն դարձած  յետաձգման կամ առկախման վարքագիծը  փոխելու մասին կը յուշէ պատերազմէն տակաւին դուրս չեկած կամ անոր անմիջական հետեւանքները...

Ակնարկ  Պայմանները Ի Զօրու` Թէկուզ  Տարբեր Ոճով Փոխանցուած

Ակնարկ Պայմանները Ի Զօրու` Թէկուզ Տարբեր Ոճով Փոխանցուած

Ամերիկացի յատուկ պատուիրակի Պէյրութ այցելութեան նախօրէին շրջանառուած լրատուութիւնները կը խօսին ոճի սրացումի, պայմանաժամով փոխանցումներ կատարելու եւ նախապայմաններու օղակները նեղցնելու հաւանականութեան մասին: Ամերիկացի դիւանագէտին այցելութեան վերաբերող լրատուութիւնները, պէտք է ըսել, որ համեմատաբար նախորդ յայտարարութիւններուն դրական լիցք կը ներառէին եւ լաւատեսութեամբ պարուրուած էին: Ուշագրաւը այն է, որ ուղղակի յայտարարութիւններու փոխարէն կան պաշտօնական լրահոսներ կայացած հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն մասին: Նախագահական պալատի հաղորդումը շինիչ...

Ակնարկ.  Թել Աւիւ-Անգարա Զգուշացումներ  Երեք Ուղղութիւններով

Ակնարկ. Թել Աւիւ-Անգարա Զգուշացումներ Երեք Ուղղութիւններով

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը առ այն, որ թրքական դերակատարութիւնը Սուրիայով սահմանափակուած չէ եւ թէ  թուրքերը Լիբանանի մէջ եւս ժխտական դերակատարութիւն ունին, կարելի է տեղաւորել Թուրքիա-Իսրայէլ որոշ ընդհատումներով ընթացող հռետորաբանական պատերազմի սահմաններուն մէջ: Այս սպառնական փոխասացութիւնները մինչ այժմ չէին հատեր յայտարարողական դաշտի սահմանները: Յայտարարութեան նախորդած մասը կը կապուի սուրիական տարածքներու վրայ Իսրայէլի իրականացուցած զինուորական յարձակումներուն հետ: Իսրայէլացի դիւանագէտը յայտնած էր,...

Ակնարկ.  Նախապայմանը Միաւորումն Է

Ակնարկ. Նախապայմանը Միաւորումն Է

Գիւմրիի այնքան ուշադրութիւն խլած քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքները բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու տեղի տուած են: Գերքաղաքականացուած վիճակի մէջ կայացած ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքներով որեւէ ուժ չունի պարզ մեծամասնութիւն` ձեւաւորելու համար քաղաքային իշխանութիւնը` քաղաքապետով եւ աւագանիով: Այս արդիւնքները անմիջապէս մտաբերել տուին Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքները: Այնտեղ եւս որեւէ ուժ չէր յաջողած մեծամասնութիւն ապահովել, ուստի եւ ստանձնել քաղաքային իշխանութիւնը: Անհրաժեշտ էր համաձայնութիւն ուժերու միջեւ, որպէսզի ընտրուէր...

Ակնարկ.    Յարձակումներու Արարներ, Զգուշացման Յուշումներով

Ակնարկ. Յարձակումներու Արարներ, Զգուշացման Յուշումներով

Հարաւային Լիբանանէն դէպի Պէյրութ իսրայէլեան յարձակումներուն անցումը Թել Աւիւի կողմէ դրուած առաջադրանքներու մասին որոշ մտածումներու դուռ կը բանայ: Իսրայէլ ստեղծուած պահը կը փորձէ լիարժէք օգտագործել հաշուեյարդարները մինչեւ վերջ հասցնելու: Իսրայէլեան ուժերը տակաւին չեն հեռացած լիբանանեան տարածքներէն: Անոնք ներխուժած են նաեւ Սուրիա, կը վերահսկեն որոշ ռազմագիտական դիրքեր, վերակահաւորած են Կոլանի բարձունքներուն իրենց ռազմական յենակէտերը, կ՛աշխատին ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատել Սուրիա - դրացի ...

Ակնարկ.  Զէնքի Միաւորումը` Իսրայէլեան Ուժերու Հեռացման Դիմաց

Ակնարկ. Զէնքի Միաւորումը` Իսրայէլեան Ուժերու Հեռացման Դիմաց

Լիբանանեան քաղաքական եւ պետական դաշտերէն հետզհետէ աւելի յստակ կը հնչէ զէնքի միաւորման առաջադրանքը: Կ՛ակնկալուին գործնական քայլեր, այն համոզումը փոխանցելով, որ երկրի յառաջընթացի հիմնական արգելակիչը այդ խնդիրն է, որ պէտք է հանգուցալուծել արագօրէն: Հանրային այն կարծիքը կը փորձուի ձեւաւորել, որ արտաքին օժանդակութիւնները, որոնցմով պայմանաւորուած է ճգնաժամերէն դուրս գալը, կ՛իրականանան միայն այն ժամանակ, երբ լիբանանեան բանակէն դուրս, որեւէ այլ ռազմական միաւոր կը...

Ակնարկ.  Մարդասիրական Նախապայմաններ Ուղղուած Նաեւ Անգարային

Ակնարկ. Մարդասիրական Նախապայմաններ Ուղղուած Նաեւ Անգարային

Մարգարայի անցակէտին ժամանակաւոր բացումի համաձայնութեան մասին մանրամասնութիւններ չկան: Պարզապէս կ՛ըսուի, որ դիւանագիտական հարթութեան վրայ կայացած է որոշում, 10 օրով աշխատցնելու սահմանակէտը Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրելու համար: Երեւանը կը շեշտէ Սուրիոյ հետ կատարուած աշխատանքը, առանց նշելու Անգարայի հետ կայացած պայմանաւորուածութեան մասին մանրամասնութիւններ: Փաստօրէն եռակողմ համաձայնութիւն կայացած է: Յիշենք, որ երկրորդ անգամն է, որ Մարգարայի սահմանակէտը կ՛աշխատի. ժամանակաւորապէս: Առաջինը Թուրքիոյ երկրաշարժին առիթով դարձեալ...

Խմբագրական.  Խաղաղութեան Երաշխաւորման Համար

Խմբագրական. Խաղաղութեան Երաշխաւորման Համար

Պաքուի դիւանագիտութեան ղեկավարը մեղմ ըսելաձեւով խանդավառ չէ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան շուրջ կայացած համաձայնութենէն: Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ Ազրպէյճան կա՛մ ճնշումի տակ կայացուցած է նախագիծին շուրջ համաձայնութիւնը, կա՛մ ալ պատրուակներ առաջ կը քշէ, վիժեցնելու համար անոր ստորագրութիւնը: Մինչ այդ առաւելագոյնը ստանալու համար դիմացի կողմէն, թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Ազրպէյճանը կը բարձրացնեն պահանջներու նշաձօղը: Անգարան պարզ դարձուց, որ դիւանագիտական...

Ակնարկ.  12-րդ Խմբագրումը

Ակնարկ. 12-րդ Խմբագրումը

Պաքուն, ապա Երեւանը պարզ դարձուցին, որ քննարկուող խաղաղութեան պայմանագիրի  փաստաթուղթին բոլոր կէտերուն շուրջ կայացած է համաձայնութիւն, եւ այս առումով խմբագրական բանակցութիւնները աւարտած են: Յստակ դարձաւ, որ առաջին վայրկեանէն Պաքուն խախտած է համաձայնութիւնը եւ կանխած համատեղ յայտարարութիւնը: Այս համաձայնութեան յայտարարութեան նախօրէին եւ ընթացքին Պաքուէն շարունակեցին հնչել նոր նախապայմաններ: Հայաստանը պէտք է դադրի սպառազինուելէ, յանձնէ իր մօտ ապաստանած ռազմական յանցագործները, փոխէ Սահմանադրութիւնը...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վտանգալից Կարգաւորում

Ակնարկ. Պատճառներ Շատ Կան

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին հայկական կողմի պատուիրակը յայտարարած է, թէ պատճառ չկայ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան չհաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ սահմանները չբանան: Անշուշտ հիմնական խոչընդոտներ կան, որոնց կը գիտակցի հայկական կողմը: Երեւան-Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը կամ սահմանի բացումը պայմանաւորուած են Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններով: Ամէն առիթի Անգարայի ներկայացուցիչները այդ նախապայմանը կը շարունակեն արծարծել: Եթէ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը չկնքեն խաղաղութեան պայմանագիր, ապա սահմանը կը...

Ակնարկ.  Սուրիան, Տարածաշրջանը`  Հայկական Ոսպնեակով

Ակնարկ. Սուրիան, Տարածաշրջանը` Հայկական Ոսպնեակով

Ծովեզերեայ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած բախումներուն եւ հաւաքական սպանութիւններուն առիթով սուրիական նորահաստատ իշխանութիւններու ղեկավարողին յայտարարութիւնը առ այն, որ անոնք նախատեսուած մարտահրաւէրներու շարքին էին, որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ: Նախ այն, որ ալեւիներու նկատմամբ նման գործողութիւններ կրնային իրականանալ: Տարբեր խնդիր, թէ նախորդ վարչակարգի մնացորդաց ուժերու կողմէ  խռովարարութի՞ւն է, թէ՞ վրէժխնդրութեան ակունքներէ կը բխի այս երեւոյթը: Կայ անշուշտ երրորդ տեսութիւնը, որ կանխածրագրուած եւ ժողովրդագրական պատկերի...

Խմբագրական.  Մասնագիտական Արժեչափերու Որդեգրում  (Կանանց Եւ Ուսուցչաց Տօներուն Առիթով)

Խմբագրական. Մասնագիտական Արժեչափերու Որդեգրում (Կանանց Եւ Ուսուցչաց Տօներուն Առիթով)

Արդէն աւանդութիւն դարձած է, որ Լիբանանի մէջ կը համատեղուին, թուականի կարգով, Կանանց եւ Ուսուցչաց տօները: Եթէ առաջինը միջազգային օրացոյցին մաս կը կազմէ եւ ունի համաշխարհային գաղափարաքաղաքական հնչեղութիւն, ապա երկրորդը Լիբանանի մէջ նշուող տօն է եւ չի տարածուիր այլ երկիրներու մէջ, որոնք ունին ուսուցիչներու արժեւորման այլ օրեր: Մինչ առաջինը ընկերային խնդիրներ, գաղափարական հարցեր, իրաւահաւասարութեան սկզբունքներ առաջադրելու, արծարծելու, քննարկումներ ծաւալելու, նոյնիսկ ընտրական...

Ակնարկ.   3  Թէժ Կէտերու Մէջ Ակնկալութիւններ Եւ Պայմաններ

Ակնարկ. 3 Թէժ Կէտերու Մէջ Ակնկալութիւններ Եւ Պայմաններ

Միջինարեւելեան երեք թէժ կէտերու ուղղութիւններով նոր շրջափուլի նախադրեալներ կը պարզուին: Սկսինք Լիբանանէն: Ուշագրաւ են հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա եւ այնտեղ կայացած թէ՛ ընդլայնուած հանդիպումներն ու թէ՛ առանձնազրոյցը Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգին հետ: Անմիջապէս պէտք է արձանագրել, որ հանրապետութեան նախագահին տուած առաջին այցելութեան վայրը Ռիատն է, որ ի դէպ վերաշխուժացուցած էր իր ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ, յատկապէս նախագահի ընտրութեան, վարչապետի նշանակման կարեւորագոյն...

Ակնարկ.  8-րդ Եւ 9-րդ Կէտերու Փոխկապակցումը

Ակնարկ. 8-րդ Եւ 9-րդ Կէտերու Փոխկապակցումը

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաքուի մէջ դատուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հարցով յայտարարած է, թէ կը իրենք հաստատեն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն հաւատարմութիւնը, ներառեալ` փախստականներու իրաւունքներու յարգումը, մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը, ռազմական գործողութիւններու ընթացքին անհետ կորսուածներու որոնումը եւ կալանաւորուած անձերու փոխանակման խնդիրները լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Կը հաստատեն նաեւ, որ Մոսկուան պատրաստ է Ազրպէյճանի եւ հայ գործընկերներուն...

Page 11 of 62 1 10 11 12 62

Արխիւներ