Հինգշաբթի օր նախագահական պալատին մէջ երեւցած պատկերը կը համոզէր, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարճ ժամանակի խնդիր է: Լրատուամիջոցները նոյնիսկ յայտնեցին, որ վարչապետարանի ընդհանուր քարտուղարը կ՛ուղղուի նախագահական պալատ` հրամանագիրները հրապարակելու համար: Կառավարութեան կազմի անուանացանկեր լրատուամիջոցներու կողմէ շրջանառութեան մէջ կը դրուէին, լիբանանեան լրատուադաշտի ներկայացուցիչները կը փութային նախագահական պալատ եւ կը պատրաստուէին ուղիղ հեռարձակումներով իրազեկել հանրութիւնը նոր կառավարութեան ծնունդին մասին:
Մետասաներորդ պահուն, եռակողմ հանդիպումը աւարտեցաւ. նախ խորհրդարանի նախագահը մեկնեցաւ լուսարձակներէ հեռու, ապա վարչապետը աւելի ցուցական լքեց պալատը: Բոլոր լուսաբանումները կեդրոնացան այն կէտին վրայ, որ անհամաձայնութիւնը կը վերաբերէր շիի համայնքի 5-րդ անունին, որուն շուրջ կար կտրուկ անհամաձայնութիւն խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին միջեւ:
Անհամաձայնութեան տեսանելի բաժինը այս կէտն էր: Կը թուի սակայն, որ աւելի խորքային պատճառներ կ՛արգելակեն կառավարութեան կազմութիւնը:
Նախ պէտք է նշել, որ Իսրայէլ չէ յարգած հրադադարի յայտարարութեան 60-օրեայ ժամկէտը: Նման համաձայնութիւններու պարագային մէկ կէտի խախտում, խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ ամբողջ համաձայնութիւնը: Արդ, եթէ լիբանանեան որոշ տարածքներ տակաւին կը մնան բռնագրաւուած իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, ապա այս պարագային հարցականի տակ կրնան առնուիլ յառաջիկայ կառավարութեան ծրագրային յայտարարութեան բովանդակութիւնը, յատկապէս բռնագրաւումին դիմաց դիմադրութեան յղացքի բանաձեւը, զէնքի միաւորումը, եւ անոր պետական մենաշնորհի առաջադրանքը եւ ընդհանրապէս Հըզպալլայի վերաբերող դերի վերափոխման հետ առնչուած խնդիրները:
Նոր նշանակուած վարչապետին կողմէ կար միտում այդ դերի վերասահմանման համապատասխան չափանիշեր որդեգրելու եւ ըստ այնմ նախարարաց խորհուրդ կազմելու: Լրատուամիջոցներ իրազեկած էին, որ շիի համայնքին հետ հիմնական խնդիրներու շուրջ համաձայնութիւն կայացած էր եւ կը մնար 5-րդ անունին ճշդումը: Տարակարծութիւններ գոյութիւն ունէին եւ տակաւին ունին վարչապետին եւ քրիստոնեայ դաշտը ներկայացնող ուժերուն միջեւ, բայց յատկապէս Լիբանանեան ուժերու հետ ընդհանուր սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան յանգելէ ետք տարածուած տպաւորութիւն էր, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է:
Հակառակ իսրայէլեան ուժերու չհեռանալուն եւ կառավարութեան ծրագրային յայտարարութեան անորոշութեան ու Դիմադրութեան անյստակ պատկերացումներուն, այս բանակցութիւնները կը շարունակուէին եւ կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ ըլլալը համատարած համոզում էր: Մինչեւ…
Մինչեւ այն ատեն, երբ Ուաշինկթընէն հնչեց այնպիսի յայտարարութիւն, որ առաջին ընկալումով այս գործընթացը կը վերադարձնէ զերօ կէտին: Որեւէ կերպ Հըզպալլայի ներկայացուածութիւնը կառավարութեան մէջ մերժելու ամերիկեան դիրքորոշումը մինչ այժմ ընթացած բանակցութիւններու ամբողջ փիլիսոփայութիւնը հիմնովին կը խախտէ: Կը շրջէ նոյնիսկ վերափոխուած չափանիշերով կազմուող կառավարութեան խաղի կանոնները: Կազմուելիք կառավարութիւնը ի՛նչ տեսակի ալ ձեւաչափ ունենայ, պիտի ստանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէն: Այդ քուէն պիտի տան խորհրդարանական խմբակցութիւնները եւ անոնց ետին կանգնած քաղաքական ուժերը: Ամերիկեան դիրքորոշումով գլխաւոր այդ ուժը պէտք է դուրս գայ կառավարական շարքէն:
Ամերիկացի պատուիրակը նախագահական պալատէն կը յայտարարէր, թէ Իսրայէլ պարտութեան մատնեց Հըզպալլան եւ թէ Ուաշինկթընը այդ պատճառով երախտապարտ է անոր: Այս առումով ալ կը շեշտէ, որ Հըզպալլան որեւէ ձեւով լիբանանեան նոր կառավարութեան պէտք չէ մաս կազմէ:
«Որեւէ ձեւով»-ը ըստ էութեան կը ջրէ նոր նշանակուած վարչապետին չափորոշիչները: Այս կը նշանակէ, որ ոչ թէ միայն կուսակցութեան անդամ չի կրնար ըլլալ նշանակուելիք նախարարը, այլ նաեւ կը բացառուի այդ քաղաքական ուժին կողմէ անկուսակցականի մը առաջադրումը:
Քաղաքական կեանքին մէջ բացարձակ եւ անդառնալի դիրքորոշումներ չկան անշուշտ: Կրնայ յայտարարութիւն մը այլ մեկնաբանութիւն ստանալ, կամ ալ դիրքորոշումի փոփոխութիւններ կրնան արձանագրուիլ, տեղի տալով նոր բանակցութիւններու:
Հիմա սակայն այս յայտարարութեամբ կառավարութեան կազմութեան օրակարգը կը սառեցուի, բոլորովին նոր ելակէտով սկսելու համար: Չի բացառուիր, որ Թել Աւիւ իր ուժերու հեռացումը պայմանաւորէ Հըզպալլայի գործադիր իշխանութեան չմասնակցելու պայմանով: Ամերիկացի պատուիրակին յայտարարածը այդ մասին կը յուշէ:
«Ա.»