Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Աշխարհակարգի Փոփոխութեան Միտումներն ու ԵԱՀԿ-ի Վերագործարկման Նախադրեալներ (Արցախեան Շարժման 37-Ամեակին Առիթով)

Փետրուար 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան շարժման օրերուն աշխարհակարգի փոփոխութիւններու նախադրեալները հետզհետէ տեսանելի կը դառնային: Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան յայտարարած փերեսթրոյքան եւ կլասնոսթը  կայծակնային արագութեամբ նոր իրավիճակներ կը ստեղծէր ներխորհրդային դաշտին  եւ բնականաբար նաեւ արտաքին աշխարհին մէջ: Երկբեւեռ աշխարհակարգի շրջումի նախանշաններն էին, որոնք նոր հունաւորում կը խոստանային հետագայ ընթացքներուն:

Միջազգային քաղաքագիտական վերլուծաբանութեան մէջ ուշագրաւ է այն տեսութիւնը, որ Խորհրդային Միութեան փլուզման առարկայացման առաջին փուլը Հայաստանէն կը մեկնէր: 88-ի երկրաշարժը պատռեց երկաթեայ վարագոյրը եւ աշխարհը փութաց Հայաստանի դռնէն մուտք գործելու Խորհրդային Միութիւն, ուր նկատուեցաւ շինարարութեան դիւրաբեկ ըլլալը: Այս խաւաքարտութեան հետ առերեսումը  կազմեց փիլիսոփայութիւն եւ տարածուեցաւ ամբողջ Խորհրդային Միութեան տնտեսաքաղաքական համակարգին վրայ` արմատաւորելով  թերակառուցուածքի համոզումը:

Գրեթէ զուգահեռ Ստեփանակերտի մէջ ծայր առաւ Ստեփանակերտի բողոքի ցոյցը եւ կենսոլորտի ապականման դէմ եւ «Նայիրիտ»-ի փակման պահանջով հայրենի շարժումը: Կը կոտրուէին կարծրատիպերը, եւ ժողովուրդը իր կամքը կ՛արտայայտէր տարբեր առիթներով:

Աշխարհակարգի փոփոխման միտումներուն առընթեր Արցախեան շարժումը ծաւալ կը ստանար, կը վերածուէր ինքնապաշտպանութեան մարտերու, ապա համընդհանուր ազատամարտի եւ կը յանգէր Արցախի Հանրապետութեան կերտումին:

Այս նախաբանը կարեւոր է այն առումով, որ ներկայ մռայլ պայմաններուն մէջ, աշխարհակարգի փոփոխութեան նախադրեալներ սկսած են յայտնուիլ: Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպումը կը խօսի երկու երկիրներու սառեցուած յարաբերութիւնները վերականգնելու մասին: Կանխահաս է անշուշտ արձանագրելը, որ կտրուկ ձեւով ամէն ինչ կը վերադառնայ բնականոն հուն: Հանգոյցը Ուքրանիոյ պատերազմն է, բայց երկու երկիրները շատ ուրիշ օրակարգեր ունին քննարկելու միասին` մոլորակի աշխարհագրական տարբեր տարածաշրջաններուն վերաբերող:

Չի բացառուիր, որ միջազգային ատեաններու եւ կառոյցներու մէջ Ռուսիոյ դաշնութեան բացակայութիւնը վերափոխուի ներկայութեան, եւ երկու պետութիւնները վերսկսին համատեղ ձեւաչափերով աշխատիլ:

Ճիշդ է, որ փոխուած են հանգամանքները: ՕԹԱՆ-ի ուժերը մօտեցած են Ռուսիոյ սահմաններուն: Ռուսիոյ սահմանամերձ երկիրներ ՕԹԱՆ-ի անդամ են: Ճիշդ է նաեւ, որ Ռուսիան այս պարագային Միջին Արեւելքի մէջ նոյն ռազմական ներկայութիւնը չունի այլեւս: Յետխորհրդային հանրապետութիւններու մէջ զգալի է ռուսական նահանջը եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի կողմէ տարբեր միջավայրերու մէջ տարուող ռուսական գործօնի դուրս մղման քաղաքականութիւնը:

Այս շարքին է նաեւ Հարաւային Կովկասը: Աւելի մօտեցնելով խնդիրը` Արցախը: Եւ եթէ միջազգային կառոյցներու մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա համատեղ աշխատելու ձեւաչափերու վերականգնման նախադրեալներ կ՛արձանագրուին, ապա անոնցմէ կարեւորագոյնը կրնայ ըլլալ ԵԱՀԿ-ը կամ մեր պարագային Մինսքի խմբակն ու Արցախի հակամարտութեան լուծման համար լիազօրուած եռանախագահութիւնը:

Եռանախագահութիւն, որ ի դէպ լուծարուած չէ պաշտօնապէս: Ազրպէյճանը հազիւ իր կողմէ Արցախը լուծած ըլլալու փաստի արձանագրումը կատարեց, անմիջապէս արծարծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարման պահանջը: Անարձագանգ մնալով, Երեւանէն պահանջեց համատեղ դիմել լուծարելու եռանախագահութեան ձեւաչափը: Նոյնիսկ նախապայմաններուն ներառեց այս պահանջը, որովհետեւ միայն այդ պարագային էր, որ միջազգային ընտանիքը արձանագրած կ՛ըլլար հակամարտութեան վերջնական լուծումը: Երեւանի արձագանգը միանշանակ եւ յստակ չէր: Պահ մը յայտարարուեցաւ, որ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումէն ետք կարելի է կատարել դիմումը. վերջերս ալ խօսուեցաւ ընդառաջելու մասին, քանի որ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիոյ դաշնութիւնը իրարու հետ չեն աշխատիր….

Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայացած հանդիպումը նախանշեց, որ  կրնան աշխատիլ մինչեւ այդ խզուած յարաբերութիւններու մէջ գտնուող երկիրները:

Ռիատի հանդիպումը նախանշեց նոր իրավիճակի ձեւաւորման նախագործընթացները, հեռանկար ցոյց տալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան վերագործարկման: Իսկ ԵԱՀԿ կը նշանակէ Հելսինքեան հռչակագիրի սկզբունքներ` տարածքային ամբողջականութիւն, ինքնորոշման իրաւունք, ուժի բացառում եւ իրաւահաւասարութիւն: Որոնց վրայ ալ կ՛ընթանային արցախեան հակամարտութեան լուծման բանակցութիւնները:

Ահա՛ թէ ինչու Երեւանը պէտք չէ համաձայնութիւն տայ ԵԱՀԿ-ի լուծարման ազրպէյճանական պահանջին: Արցախեան հակամարտութեան էջը չէ՛ փակուած:

Նախորդը

Արաբական Երկիրներու Դեսպաններու Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Ներկայ Մարտահրաւէրները Կարելի Է Միայն Արաբական Միացեալ Դիրքորոշումով Դիմակայել» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Խոստանալն Ու Խոստումը Յարգելը Երկու Տարբեր Յատկանիշներ Են…

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?