Newsletter

Զոհրապ Մնացականեան Մասիս Մայիլեանին  Ներկայացուցած Է Փաշինեան-Ալիեւ  Հանդիպումին Մանրամասնութիւնները

Զոհրապ Մնացականեան Մասիս Մայիլեանին Ներկայացուցած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մանրամասնութիւնները

Երէկ` 25 փետրուարին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ: Գործընկերները բարձր գնահատած են պարբերաբար տեղի ունեցող երկկողմանի հանդիպումները եւ ընդգծած իրենց պատրաստակամութիւնը` խթանելու երկու նախարարութիւններուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ խորհրդակցութիւններու կազմակերպումը: Այս օրերուն լրացող ղարաբաղեան շարժման 31-ամեակի լոյսին տակ  զրուցակիցները անդրադարձած են անոր ակունքներուն` ընդգծելով, որ անիկա ուղղուած էր Արցախի...

Ազատագրուած Տարածքները Զիջելու  Կոչերը Կ՛արագացնեն Պատերազմը

Ազատագրուած Տարածքները Զիջելու Կոչերը Կ՛արագացնեն Պատերազմը

Այսօր` 26 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու 31-ամեակին եւ զոհերու յիշատակին նուիրուած հանրահաւաք` «Հողեր չունենք տալու» կարգախօսով: Այս առիթով կայացած ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան նշեց, որ հաւաքը ո՛չ իշխանական է, ո՛չ էլ ընդդիմադիր, այլ ազգային խնդիրներու պարունակին մէջ կարելի է զետեղել զայն:  «Կարելի է ըսել, որ ասիկա դէմ է իշխանութեան,...

Պալաթի Մէջ Անախորժ Դէպք

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 23 փետրուար 2019-ի ժամը շուրջ 22:30-ին, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մայր դրան եւ պատին վրայ ցեղապաշտական ու ատելութեան բովանդակութեամբ անգլերէն եւ արաբերէն գրութիւններ գրուած են: Թաղական խորհուրդի անդամները նկարելով այդ գրութիւնները տեսերիզի արձանագրութիւններու հետ զանոնք անյապաղ փոխանցած են պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանին: Թաղական խորհուրդը այս անախորժ դէպքին մասին տեղեակ պահած...

Արաբական-Եւրոպական Խորհրդաժողով.  Հարիրի. «Եւրոպական Երկիրները Հաստատեցին,  Որ Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Լիբանանի»

Արաբական-Եւրոպական Խորհրդաժողով. Հարիրի. «Եւրոպական Երկիրները Հաստատեցին, Որ Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Լիբանանի»

24 փետրուարին Եգիպտոսի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արաբական-եւրոպական խորհրդաժողովին` Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի  կողմէ, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է արաբական եւ եւրոպական աւելի քան 50 երկիրներու նախագահներու, վարչապետներու, արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեան առումով, եւ որուն նպատակն է քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական, կենսոլորտային բնագաւառներուն մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու առումով համագործակցութեան եզրեր գտնել: Խորհրդաժողովին կը մասնակցի նաեւ Լիբանան` վարչապետ Սաատ...

Սուրիոյ Տագնապին Սկիզբէն  Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով.  Ասատ Կ՛այցելէ Թեհրան, Ուր Հանդիպում  Կ՛ունենայ Խամենէիի Եւ Ռուհանիի Հետ

Սուրիոյ Տագնապին Սկիզբէն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով. Ասատ Կ՛այցելէ Թեհրան, Ուր Հանդիպում Կ՛ունենայ Խամենէիի Եւ Ռուհանիի Հետ

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որ աշխատանքային այցելութեամբ հասած էր Թեհրան: Խամենէի Ասատին յայտնեց. «Սուրիոյ յաղթանակին ու Ամերիկայի եւ անոր վարձկաններուն պարտութեան խորհրդանիշը անոր նախագահին ու ժողովուրդին տոկալն է եւ դիմադրելու վրայ անոնց պնդումը»: «Սուրիական կառավարութեան եւ ժողովուրդին նկատմամբ Իսլամական հանրապետութեան աջակցութիւնը դիմադրութեան շարժումին եւ հոսանքին նկատմամբ աջակցութիւն է, եւ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները  Հանդիպում Ունեցած Են  Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ շաբաթ, 23 փետրուար 2019-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը: ՀՅԴ պատուիրակութեան կազմին մէջ էին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Արսէն Համբարձումեան եւ Կիրօ Մանոյեան: Հանդիպումին արծարծուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան  առնչուող հարցեր: ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները արծարծուած հարցերուն մասին վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին կուսակցութեան...

ՀՅԴ-ն Դէմ Է «Նոր Սահմանադրութիւն»  Նախաձեռնութեան

ՀՅԴ-ն Դէմ Է «Նոր Սահմանադրութիւն» Նախաձեռնութեան

Մենք երկար տարիներ պայքարած ենք խորհրդարանական համակարգ ունենալու համար, ու այսօր հինին վերադարձը լուրջ յետընթաց կ՛ըլլայ: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ (լրագրող Ամալիա Առաքելեան) զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը` անդրադառնալով արտախորհրդարանական 10 ուժերու  կողմէ սահմանադրական փոփոխութիւններու պահանջին: Յայտնենք, որ արտախորհրդարանական 10 ուժեր համախմբուած են «Նոր սահմանադրութիւն» նախաձեռնութեան շուրջ, որուն նպատակը նոր մայր օրէնքի ընդունումն է:...

Լաւրով. «Թուրքիոյ Եւ Իրանի Հետ  Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Զինուորական  Գործողութիւններ Կատարելու  Ծրագիրներ Գոյութիւն Չունին»

Լաւրով. «Թուրքիոյ Եւ Իրանի Հետ Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Զինուորական Գործողութիւններ Կատարելու Ծրագիրներ Գոյութիւն Չունին»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Սուրիոյ մէջ զինուորական միացեալ գործողութիւններ կատարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը հաւանական նկատեց, որ ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը մասնակից դառնայ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ ապահովական գօտիի ստեղծման: Ան յայտնեց, որ Ասթանայի ձեւաչափը նպաստեց Սուրիոյ տարածքներուն մեծամասնութեան մէջ իսկական զինադադարի հաստատման եւ կառավարութեան ու զինեալներուն միջեւ ուղղակի երկխօսութեան սկսման...

Քոլոմպիոյ Հետ Սահմանին Վրայ  Բուռն Բախումներէ Ետք.  Կուայտօ Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղէ`  Մատուրոն Իշխանութենէն Հեռացնելու Համար  Նկատի Ունենալու «Բոլոր Միջոցները»

Քոլոմպիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Բուռն Բախումներէ Ետք. Կուայտօ Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղէ` Մատուրոն Իշխանութենէն Հեռացնելու Համար Նկատի Ունենալու «Բոլոր Միջոցները»

Շաբաթ օր Վենեզուելայի ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտոյի ղեկավարութեամբ Պրազիլէն եւ Քոլոմպիայէն մարդասիրական օժանդակութիւն երկիր փոխադրելու փորձը վերածուեցաւ Վենեզուելայի բանակին հետ բուռն բախումներու, երբ վերջինս արգելք հանդիսացաւ այդ օժանդակութեան երկիր մուտքին: Վենեզուելայի բանակը բախումներուն ընթացքին օգտագործեց ձգախէժէ եւ իսկական փամփուշտներ: Արձանագրուեցան 285 վիրաւորներ եւ երկու զոհեր, որոնցմէ մէկը` 14 տարեկան տղեկ մը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ դատապարտեց «Մատուրոյի...

Համազգայինի 90-ամեակի Նախաձեռնութիւններու  Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

Համազգայինի 90-ամեակի Նախաձեռնութիւններու Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

«90-ամեայ Համազգայինը Ունի Իր Յիշարժան Հերոսական Անցեալը, Ներկայի Արդիականացման Գործընթացը Եւ Տեւաբար Կը Մտածէ Ապագայի Իր Հաւանական Ընելիքներուն Մասին» Հաստատեց Մկրտիչ Մկրտիչեան Համազգայինի 90-ամեակ... Առիթ` վերյիշելու պատմութիւնը, յարգանք եւ շնորհակալութիւն յայտնելու կրթական ու մշակութային մեծ առաքելութիւն ծաւալած այս միութեան հիմնադիրներուն նկատմամբ, երախտագիտական զգացումներ արտայայտելու հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք իրենց անձնական կեանքին մէկ կարեւոր բաժինը անանձնականացուցին` Համազգայինի յարատեւման, անոր գործունէութեան ծիրի...

Հանդիսաւոր Նշում`  «Հայ Սկաուտի Օր»-ուան

Հանդիսաւոր Նշում` «Հայ Սկաուտի Օր»-ուան

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ Շրջանային խմբապետութեան, երէկ` կիրակի, 24 փետրուար 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ սկաուտի օր»-ը: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Վարդուկ Ֆրնըզլեան: Ան նկատել տուաւ, որ հայ սկաուտի կեանքին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ...

Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 24 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան թաղական խորհուրդներու ընտրութիւններ: Հաւատացեալ հայորդիները խուռներամ շարքերով մասնակցեցան ընտրութեան: Թաղական խորհուրդներու ընտրական յանձնախումբերը ճշդուած կարգով հսկեցին ընտրութիւններուն: Յառաջիկային Ազգային առաջնորդարանը յատուկ հաղորդագրութեամբ կը ներկայացնէ ընտրութեանց ընթացքը եւ արդիւնքները:  

Վիգէն Աւագեան Նշանակուեցաւ  «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն

Վիգէն Աւագեան Նշանակուեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Վիգէն Աւագեանը նշանակեց «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն: Վիգէն Աւագեան աւարտած է Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի պատմագիտութեան բաժանմունքը, եղած է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն, դասաւանդած է հայերէնագիտական նիւթեր, հեղինակած է ու խմբագրած ուսումնասիրական բնոյթի հատորներ: Վերջին շրջանին ան կը վարէր «Վանայ Ձայն»-ի յայտագիրներու ընդհանուր պատասխանատուութեան պաշտօնը:  

Ակնարկ.  Անհամաձայնութիւնը`  Ոչ Թէ Անժամկէտին, Այլ Հանրաքուէին

Ակնարկ. Անհամաձայնութիւնը` Ոչ Թէ Անժամկէտին, Այլ Հանրաքուէին

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ դեսպան Ռիչըրտ Հոկլընտի տուած հարցազրոյցով արտայայտուած միտքերը դուռ կը բանան որոշ դիտարկումներու բանակցային իրավիճակին եւ անոնցմէ բխող հայկական կողմի ընելիքներուն մասին: Հոկլընտ կ՛ըսէ, որ այսօր սեղանի վրայ գտնուող հարցի Լաւրովեան նախագիծին նկատմամբ որեւէ կողմ իր համաձայնութիւնը չէ տուած, ուստի բեկումնային պահ սպասելը ճիշդ պիտի չըլլայ, հակառակ անոր որ շփման գիծին ուղղութեամբ կտրուկ կրճատուած են...

Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները  Հանդիպում Ունեցած Են  Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Հետ

Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները Հանդիպում Ունեցած Են Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսները: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, թէ ողջունելով հոգեւոր պետերը` նախագահ Սարգսեան նշած է. «Մեր եկեղեցին բազմաթիւ խնդիրներ, բազմաթիւ ծրագիրներ ունի, հսկայական ընելիք, եւ այդ ընելիքները շատ են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի, եւ թէ՛ Արցախի մէջ»: Նախագահը...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հիւրընկալած Է  Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.  Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսները

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հիւրընկալած Է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսները

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կառավարութեան նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն հետ: Վարչապետի պաշտօնական կայքին փոխանցումով` վարչապետ Փաշինեան նշած է. «Շատ կարեւոր կը նկատեմ այս կապը, այս խօսակցութիւնը: Յատկապէս այս խօսակցութիւնը կարեւոր է մեր երկրի ապագային վերաբերեալ, մեր ժողովուրդի ապագային վերաբերեալ, որովհետեւ կը կարծեմ, որ մեր համազգային օրակարգի քննարկման շատ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ. «Դաշնակցութեան  Համար Դրօշը, Քայլերգը, Զինանշանը  Սրբութիւններ Են, Որոնք Փոփոխութեան Ենթակայ Չեն»

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ. «Դաշնակցութեան Համար Դրօշը, Քայլերգը, Զինանշանը Սրբութիւններ Են, Որոնք Փոփոխութեան Ենթակայ Չեն»

Երէկ տեղի ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ քննարկուող երկրի քայլերգի փոփոխութեան հարցին: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսած է. «Քայլերգի այս հարցը մեզ կ’անհանգստացնէ այն իմաստով, որ ասոնք մեզի համար փակուած էջ են. Դաշնակցութեան համար դրօշը, քայլերգը, զինանշանը սրբութիւններ են, որոնք փոփոխութեան ենթակայ չեն: Գեղարուեստական ճաշակով չի ճշդուիր քայլերգը: «Եթէ Ֆրանսան հարիւրաւոր տարի...

Պատմական Իրողութեան Ընդունո՞ւմ,  Թէ՞ Թուրքիոյ Ճնշելու Խաղաքարտ. Հայ Դատի  Արձագանգը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ  Ցեղասպանութեան Ճանաչման Խօսակցութիւններուն

Պատմական Իրողութեան Ընդունո՞ւմ, Թէ՞ Թուրքիոյ Ճնշելու Խաղաքարտ. Հայ Դատի Արձագանգը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Խօսակցութիւններուն

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը կը հետեւի արաբական մամուլին մէջ շրջանառուող այն տեղեկութիւններուն, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը պատրաստուին ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Գրասենեակը զանոնք կը դիտարկէ շրջանային զարգացումներու ծիրին մէջ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանը նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին տեղեկութիւններ եղած են նաեւ Եգիպտոսի պարագային, սակայն մինչ օրս որոշակի արդիւնք չկայ:...

«Մենք Կողմ Ենք, Որ Միացեալ Նահանգներու  Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս  Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը»  Կ՛ըսէ Կապարտ

«Մենք Կողմ Ենք, Որ Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Կապարտ

Ամերիկացի քոնկրեսական Թուլսի Կապարտ, որ Ներկայացուցիչներու տան անդամ է եւ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է 2020-ի նախագահական ընտրութեան, ուսանողներու հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: Համապատասխան տեսանիւթը հրապարակուած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի դիմատետրեան էջին վրայ: «Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով ըսեմ, թէ մենք կողմ ենք, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ ցեղասպանութիւնը», ըսած է Կապարտ: Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ...

Փեսքով. «ՀԱՊԿ-ի Անդամներուն Միջեւ Կան  Տարակարծութիւններ,  Որոնք Ներկայիս Կը Լուծուին»

Փեսքով. «ՀԱՊԿ-ի Անդամներուն Միջեւ Կան Տարակարծութիւններ, Որոնք Ներկայիս Կը Լուծուին»

«ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Նշանակումը Կը Ձգձգուի Մինչեւ Յաջորդ Տարուան Յունուար` Հայաստանի Դիրքորոշումին Պատճառով» Կը Գրէ «Քոմերսանթ» Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը անդրադարձած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նոր ընդհանուր քարտուղարի նշանակման հարցի ձգձգումին` նկատելով, որ կառոյցը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անզիջում դիրքորոշումին պատճառով կրնայ տակաւին մէկ տարի մնալ առանց լիարժէք ընդհանուր քարտուղարի: Կը նշուի, որ այդ պաշտօնին Պիելոռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար...

Page 255 of 256 1 254 255 256

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?