Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիսաւոր Նշում` «Հայ Սկաուտի Օր»-ուան

Փետրուար 25, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ Շրջանային խմբապետութեան, երէկ` կիրակի, 24 փետրուար 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ սկաուտի օր»-ը:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Վարդուկ Ֆրնըզլեան: Ան նկատել տուաւ, որ հայ սկաուտի կեանքին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ «Հայ սկաուտի օր»-ը` աւելցնելով, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, Վարդանանց սերունդի ազատատենչ ոգիէն ներշնչուած, Վարդանանքը յայտարարած են «Հայ սկաուտի օր», որ ո՛չ միայն հպարտանքի եւ ուրախութեան օր է, այլ նաեւ` Վարդանանց հերոսներու յիշատակութեան եւ սկաուտական դաւանանքի խոստումին հաւատարիմ մնալու ու մեր ուխտը վերանորոգելու օր:

«ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները որբանոցներու մէջ կորսուած եւ անտէր որբերէ կազմեցին սկաուտական խումբ մը: Անոնք վերապրելու յոյս ներշնչեցին ու պատրաստեցին ամուր նկարագիրի եւ բարոյապէս բարձր արժանիքներու տէր հաւատաւոր եւ անձնուէր հայեր», շեշտեց Վարդուկ Ֆրնըզլեան` հաստատելով, որ ամբողջ դար մը, ՀՄԸՄ-ի իրերայաջորդ սերունդները հպարտ, խրոխտ եւ հաստատ քայլերով, առանց շեղելու կը շարունակեն իրենց երթը: Վ. Ֆրնըզլեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի կամաւոր բանակէն անցած են Վարդան Բախշեան, Վիգէն Զաքարեան եւ ուրիշներ, որոնք եղած են ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի պայքարի ճամբուն վրայ նուիրեալ ու անձնազոհ հայեր: Եզրափակելով իր խօսքը` Ֆրնըզլեան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ իր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով պիտի շարունակէ իր յաղթական երթը` դէպի նոր լուսաւոր ապագայ:

Այնուհետեւ պատրաստութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ներկայացուցին սկաուտական կեանքէն առնուած թատրոն մը, ուր կ՛արտացոլար, թէ ի՛նչ կը սորվին ՀՄԸՄ-ի մէջ:

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Շրջանային վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Յակոբ Չպլաքեան: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ը նորահաս սերունդները կը դաստիարակէ յանուն հաւատքի եւ հայրենիքի, անոնց մէջ կը ներարկէ Վարդանանց հերոսամարտի գոյատեւման ոգին, նաեւ Արցախի ազատամարտիկներու աննկուն կամքն ու եռանդը: Այս բոլորը կը փոխանցուին սկաուտական գաղափարախօսութեամբ եւ դաստիարակութեամբ օժտուած նորահաս սերունդներուն, որոնց համար առաջնահերթ են հայրենիքի պահպանումը, ազգային արժէքները, լեզուն, մշակոյթը, աւանդութիւնները, որոնց կը միանան համամարդկային արժէքները` ծառայասիրութիւն, օգնութիւն, բնապահպանում, մարդասիրութիւն: Ան նկատել տուաւ, որ այս առաքինութիւններով օժտուած եւ դժուար առաքելութիւններու յանձնառութիւնը ստանձնած սկաուտները հաստատ քայլերով կը դիմաւորեն ՀՄԸՄ-ի 101-ամեակը, հզօր թափով ուղղուելու դէպի նոր 100-ամեակ` պահպանելով ազգային ու մարդկային արժէքները, հայրենասիրութիւնն ու մարդասիրութիւնը, հաւատքն ու կրօնը:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Հայկ Թապագեան ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի յուշանուէրը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի ընդհանուր խմբապետուհի Թալին Օրտողլեանին:

«Հայ սկաուտի օր»-ուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան ուրախութիւն եւ պատիւ նկատեց ՀՄԸՄ-ի դրօշին ետին կանգնիլ եւ խօսիլ, ինչ որ կ՛ենթադրէ մեծ պատասխանատուութիւն, հաւատարմութիւն եւ վստահութիւն` աւելցնելով, որ տարիներու ընթացքին ՀՄԸՄ-ը այդ վստահութիւնը, յարգանքը եւ սէրը ներշնչեց իւրաքանչիւր հայորդիի սրտին մէջ: Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը այսքան տարիներ միայն մարմնամարզական  միութիւն չեղաւ, այլ նաեւ եղաւ դպրոց, հայակերտումի, ծառայութեան, նուիրումի դարբնոց եւ պատրաստեց նուիրեալ հայ երիտասարդներ:

«Մէկ դար եւ աւելի ՀՄԸՄ-ը միայն բարձրացուց, որովհետեւ ինք բարձրանալու պէտք չունէր, արդէն բարձր էր», շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` գնահատելով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, որ անշահախնդրօրէն կը շարունակէ բարձր պահել ՀՄԸՄ-ի անունն ու գաղափարը եւ բարձրացնել հայ պատանիին, երիտասարդին եւ հայորդիին մէջ ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը, որն է նուիրում ազգին, ժողովուրդին, Հայ դատին եւ հայրենիքին: Եզրափակելով իր խօսքը` ան կոչ ուղղեց ներկաներուն ՀՄԸՄ-ի դրօշին եւ անոր հիմնադիրներու նկարներուն առջեւ ուխտելու, որ յաւիտեան մեր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ յաղթանակ եւ միայն յաղթանակ: Հայր սուրբը պահպանիչով փակեց հանդիսութիւնը, որ իր աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երջանկայիշատակ Հայրապետներու Եւ Լուսահոգի Միաբաններու Հոգեհանգիստ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Համազգայինի 90-ամեակի Նախաձեռնութիւններու Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?