Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, թէ ողջունելով հոգեւոր պետերը` նախագահ Սարգսեան նշած է. «Մեր եկեղեցին բազմաթիւ խնդիրներ, բազմաթիւ ծրագիրներ ունի, հսկայական ընելիք, եւ այդ ընելիքները շատ են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի, եւ թէ՛ Արցախի մէջ»:
Նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկելու, թէ ինչո՛վ կրնայ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, իբրեւ հայ հաւատացեալ, աջակցիլ ու օժանդակել Հայաստանեաց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ գործունէութեան:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ ըսած է. «Պարո՛ն նախագահ, ուրախ եմ, որ այսօր Արամ Ա. վեհափառին հետ այցելեցինք ձեր օճախը: Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ քննարկեցինք եկեղեցին յուզող բազմաթիւ հարցեր, խնդիրներ ու ծրագիրներ:
Մենք յստակ, վճռական կերպով հաստատեցինք, որ պէտք է շարունակենք պատմական առաքելութիւնը մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ` զօրավիգ ըլլալով մեր հայրենի պետութեան, նպաստելով, որ մեր երկիրը շարունակէ ապահով, անվտանգ յառաջընթացի մէջ իր բարօր կեանքը: Այս իմաստով, անշուշտ, աշխարհասփիւռ եկեղեցւոյ մեր հանգամանքը պէտք է կարենանք օգտագործել` մեր ժողովուրդը համախմբելու հայրենիքին շուրջ: Հայրենիքը այն հիմնական արժէքն է, որուն համար մեր ժողովուրդը դարերու ընթացքին յանձն առած է երթալ մինչեւ նահատակութիւն»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ ըսած է.
«Ջերմ սիրով կ՛ողջունեմ ձեզ` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արժանընտիր նախագահ:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը ընելիք ունի: Ըսելիքները կու գան եւ կ՛երթան, բայց ընելիքները կը մնան: Իբրեւ եկեղեցի, իբրեւ կառավարութիւն, խորհրդարան, նախագահ, վարչապետ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան շրջագիծին մէջ ընելիքներ ունի, եւ մենք կոչուած ենք այդ ընելիքները կատարելու բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ, գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ:
Եկեղեցի-պետութիւն գործակցութիւնը մեր պատմութենէն ժառանգուած իրողութիւն է, չենք կրնար այլապէս մտածել` ո՛չ եկեղեցին, ո՛չ ալ պետութիւնը, որովհետեւ եկեղեցին կառոյց չէ, վայր չէ, մեր ժողովուրդն է, առաքելութիւնն է: Մեր ժողովուրդի ծառայութեամբ լեցուած մեր հոգեւոր հայրերը մէկ նպատակ ունին` ժողովուրդի կեանքը պայծառակերպել հոգեւոր, բարոյական արժէքներով: Ազգը, հայրենիքը արժէքներով կը հզօրանայ»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով` նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսած է. «Համաձայն եմ, որ հայրենիքին ծառայելը առաքելութիւն է: Ինչ ալ ըլլան այդ առաքելութեան գործիքները` քաղաքական, տնտեսական, գիտական կամ նոր արհեստագիտութիւններու, եթէ այդ բոլորը հաւատքով եւ բարոյականութեամբ զուգորդուած չըլլան, ապա այդ գործիքները դրական նպատակի փոխարէն բացասականին պիտի ծառայեն: Հետեւաբար, ամէն ինչէ վեր կը մնան նուիրուածութիւնը, հաւատքն ու մարդու բարոյական արժէքները, իսկ հայ մարդու պարագային` նաեւ մեր ազգային արժէքները: Այնպէս որ, բոլոր գործիքները` այո՛, բայց, վստահաբար, առանցքը եւ արժէքը հաւատքի, բարոյականութեան եւ հոգեւոր ազգային արժէքներու մէջ են»:



