ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ շաբաթ, 23 փետրուար 2019-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը: ՀՅԴ պատուիրակութեան կազմին մէջ էին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Արսէն Համբարձումեան եւ Կիրօ Մանոյեան:
Հանդիպումին արծարծուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցեր: ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները արծարծուած հարցերուն մասին վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին կուսակցութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները:



