Ամերիկացի քոնկրեսական Թուլսի Կապարտ, որ Ներկայացուցիչներու տան անդամ է եւ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է 2020-ի նախագահական ընտրութեան, ուսանողներու հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին:
Համապատասխան տեսանիւթը հրապարակուած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի դիմատետրեան էջին վրայ:
«Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով ըսեմ, թէ մենք կողմ ենք, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ ցեղասպանութիւնը», ըսած է Կապարտ:
Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ քաղաքական գործիչը ընդգծած է, որ այդ ճանաչումը տակաւին տեղի չէ ունեցած Ուաշինկթընի մէջ թրքական լոպիին ազդեցութեան պատճառով:



