Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը կը հետեւի արաբական մամուլին մէջ շրջանառուող այն տեղեկութիւններուն, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը պատրաստուին ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Գրասենեակը զանոնք կը դիտարկէ շրջանային զարգացումներու ծիրին մէջ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանը նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին տեղեկութիւններ եղած են նաեւ Եգիպտոսի պարագային, սակայն մինչ օրս որոշակի արդիւնք չկայ:
«Եգիպտոսի պարագային, գիտէք, բազմիցս խօսուեցաւ այն մասին, որ կը նախատեսուի խորհրդարանին մէջ բանաձեւի ընդունում, սակայն այդ ամէնը մնաց զուտ քարոզչական դաշտին մէջ եւ գործնական քայլեր չեղան: Թէ՛ այդ պարագային, թէ՛ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պարագային, եւ ընդհանրապէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին այս կամ այն տեղեկութիւններուն մենք զգուշաւորութեամբ կը մօտենանք: Չի բացառուիր, որ այդ յայտարարութիւնները ճնշում գործադրելու քայլ ըլլան Թուրքիոյ վրայ, իսկ մենք գիտենք, որ այսօր արաբական որոշ երկիրներ լարուած յարաբերութիւններ ունին Թուրքիոյ հետ», ըսաւ Վերա Եագուպեանը: Ան նշեց, որ արաբական այդ երկիրներու շարքին են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որոնք յարաբերութիւններու դժուար ընթացք ունին Թուրքիոյ հետ:
«Յայտնի է, որ Թուրքիան վերջին տարիներուն արաբական աշխարհին մէջ աջակցեցաւ իսլամականներուն: Եւ հիմա մրցակցութիւն կայ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ առաւել ազդեցիկ արաբական աշխարհին մէջ: Ահա Թուրքիոյ հետ ունեցած խնդիրներու խորապատկերին վրայ կը բարձրացուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Ի հարկէ, կը հետեւինք զարգացումներուն, բայց առայժմ շատ խանդավառուած չենք, որովհետեւ չի բացառուիր, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները շտկուին: Գիտէք, որ արաբական որոշ երկիրներու ու Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական հզօր կապեր կան», ըսաւ ան:
Վերա Եագուպեան նշեց, որ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայերէն շատերուն առաջին ապաստան տուողները որոշ արաբական երկիրներն էին: Այդ նոյն երկիրները կարելիութիւն ընձեռեցին հայերուն հաստատուիլ, ունենալ իրենց եկեղեցին, յուշաքար բանալ, ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: «Այնպէս որ, կրնանք ըսել, որ որոշ արաբական երկիրներ անուղղակի կերպով կ՛ընդունին 1915 թուականի պատմական իրողութիւնը», ըսաւ Վերա Եագուպեան:
Ինչ կը վերաբերի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հաւանական ճանաչման, ապա Վերա Եագուպեան նշեց, որ անիկա դուռ կը բանայ միւս արաբական երկիրներու ճանաչման համար:
«Նախ ըսեմ, որ Լիբանանը առաջին արաբական երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ եթէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ճանչնան, ապա աննախադէպ երեւոյթ կ՛ըլլայ Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ, ինչ որ կրնայ նաեւ շղթայական ազդեցութիւն ունենալ, եւ միւս արաբական երկիրները եւս նման քայլ կը նախաձեռնեն: Ամէն պարագայի հիմա դժուար է հասկնալ` արդեօք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը ճանչնա՞ն, թէ՞ ոչ», ըսաւ Վերա Եագուպեան:
Արաբական մամուլը տեղեկութիւններ կը շրջանառէ այն մասին, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կրնան ճանչնալ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ կը մեծցնէ Ապու Տապիի եւ Անգարայի միջեւ լարուածութիւնը: Մամուլը կը գրէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին կրնայ յայտարարուիլ ապրիլ 24-ին:



