Newsletter

Սումկայիթի Ջարդերուն 31-ամեակին Առիթով.  Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը  Հանդէս Եկաւ Յայտարարութեամբ

Սումկայիթի Ջարդերուն 31-ամեակին Առիթով. Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը Հանդէս Եկաւ Յայտարարութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները եւ անկախ պատգամաւորները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ` Սումկայիթի հայ բնակչութեան կոտորածի 31-րդ տարելիցին առիթով: Կը ներկայացնենք Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի խմբակցութիւններու եւ անկախ պատգամաւորներու  յայտարարութիւնը. «Երեսունմէկ տարի առաջ` 1988 թուականի փետրուարի 27-29-ը, Սումկայիթ քաղաքում ազրպէյճանական իշխանութիւնների կողմից իրականացուեց հայ բնակչութեան կոտորած եւ բռնի տեղահանութիւն: Միայն ազգային պատկանելիութեան համար դաժանաբար սպաննուեցին հարիւրաւոր եւ բռնութեամբ տեղահանուեցին հազարաւոր հայեր,...

Դաւիթ Իշխանեան. «Ոչ Մէկ Հիմք Կայ Ենթադրելու,  Որ Լեռնային Ղարաբաղի Իշխանութիւնները  Կ՛ուզեն Տարածքներ Զիջիլ»

Դաւիթ Իշխանեան. «Եռամիասնութիւնը Մեր Ժողովուրդին Իղձերը Իրականացնելու Կարեւորագոյն Յենասիւներէն Մէկն Է»

Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը 27 փետրուարին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին հանդէս եկած է պատգամաւորական յայտարարութեամբ: Ստորեւ կու տանք յայտարարութեան բովանդակութիւնը: «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգում արդիական հարց է դարձել Արցախի ներգրաւուածութիւնը արցախեան հիմնախնդրի լուծման բանակցութիւններում: Դեռեւս 2007 թուականի Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններից յետոյ, երբ նախագահ ընտրուեց Բակօ Սահակեանը, որպէս հիմնախնդրի...

Շուէտի ՀՅԴ երիտասարդականը կը հակազդէ

Շուէտի ՀՅԴ երիտասարդականը կը հակազդէ

22 փետրուար 2019-ի յետմիջօրէին, փոքրաթիւ ազրպէյճանցիներու խումբ մը ցոյց մը կազմակերպեց Սթոքհոլմի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց, այսպէս կոչուած Խոջալուի դէպքերուն առիթով: Նախապէս դեսպանութիւնը տեղեակ պահած էր Շուէտի ՀՅԴ կոմիտէն ցոյցին մասին: Շուէտի ՀՅԴ Երիտասարդականի խումբ մը ընկերներ եւ ընկերուհիներ, բարձրացուցած Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, դեսպանատան դիմաց հաւաքուեցան եւ հակադարձեցին ազրպէյճանական խմբակին, որ կը գտնուէր դիմացի մայթը: Դաշնակցական երիտասարդները յաջողեցան...

Արագ Եւ Անակնկալ Հանդիպում`  Պըրրիի Եւ Հարիրիի Միջեւ

Արագ Եւ Անակնկալ Հանդիպում` Պըրրիի Եւ Հարիրիի Միջեւ

26 փետրուարի երեկոյեան վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ունեցան չնախատեսուած ու արագ հանդիպում մը` Այն Թինէի մէջ: Թէեւ այս մասին պաշտօնական տեղեկութիւն չհրապարակուեցաւ, բայց եւ այնպէս լիբանանեան ներքին կեանքի զարգացումներուն մօտէն հետեւող աղբիւրներ դիտել տուին, որ այցելութիւնը կը վերաբերէր Եգիպտոսի մէջ գումարուած Արաբական-եւրոպական խորհրդաժողովին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ վարչապետը` Լիբանանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը գլխաւորելով: Ան խորհրդարանի նախագահին տեղեկութիւններ փոխանցեց...

Գահիրէի Մէջ Գնացքի Արկածի Պատճառով  Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Արձանագրուեցան

Գահիրէի Մէջ Գնացքի Արկածի Պատճառով Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Արձանագրուեցան

Եգիպտական ապահովական աղբիւր մը եւ տեղական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Գահիրէի գնացքի կեդրոնական կայարանին մէջ ծագած հրդեհին պատճառով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Հրդեհը յառաջացած է, երբ գնացք մը բախած է շէնքերէն մէկուն` պատճառելով 24 զոհ եւ 50 վիրաւոր: Արկածը պատճառ դարձած է շէնքի մը մէկ բաժինին փլուզման: Գնացքը վերանորոգումի բաժինէն արագ կերպով դուրս եկած է եւ բախած շէնքին: Եգիպտոսի...

Փաքիստան Վար Առած Է Քաշմիրի Վերեւ Թռիչք  Կատարող Հնդկական Օդուժի 2 Օդանաւեր

Փաքիստան Վար Առած Է Քաշմիրի Վերեւ Թռիչք Կատարող Հնդկական Օդուժի 2 Օդանաւեր

Փաքիստան յայտարարեց, որ վար առած է Հնդկաստանի հետ վէճի նիւթ եղող Քաշմիր նահանգին վերեւ թռիչք կատարող հնդկական օդուժին պատկանող երկու օդանաւեր, որոնցմէ մէկը ինկած է փաքիստանեան տարածքին մէջ, եւ երկու հնդիկ օդաչուներ գերեվարուած են: Փաքիստան նաեւ հերքեց, թէ իր օդանաւերէն մէկը վար առնուած է: Երկու երկիրները 1947-ին Բրիտանիայէն անկախանալէ ի վեր իրարու դէմ մղած են շարք մը պատերազմներ, որոնցմէ միայն...

Ռուհանիի Մերժումէն Ետք  Զարիֆ Իր Հրաժարականէն Ետդարձ Կը Կատարէ

Ռուհանիի Մերժումէն Ետք Զարիֆ Իր Հրաժարականէն Ետդարձ Կը Կատարէ

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նամակով մը մերժեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հրաժարականը: Ռուհանի Զարիֆին յղած իր նամակին մէջ յայտնեց. «Հրաժարականի դիմումդ ընդունիլը կը հակասէ իրանեան շահերուն, ուստի զայն կը մերժեմ»: «Իրանեան կառավարական ու գերիշխանական բոլոր կառոյցները պէտք է արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համակարգում կատարեն», ըսաւ ան: «Երթդ ուժեղ կերպով, իմաստութեամբ ու քաջութեամբ շարունակէ», նշեց Իրանի նախագահը: Աւելի...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց

Շաբաթ, 23 Փետրուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի, որ Լոս Անճելըս ժամանած էր իբրեւ բանախօս ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութեան։ Հիւրին կ՛ընկերանային ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան։ Առաջնորդ սրբազան հօր կողքին էին՝ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Դեսպան Շամսի Ընդունեց  ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպան Շամսի Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Պէյրութի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպան Համատ Սայիտ Շամսի Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուեցան Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Լիբանանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան հետ առնչուող խնդիրներ: Դեսպան Շամսի բարձրօրէն գնահատեց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Լիբանանի հայութեան դերակատարութիւնը երկրի քաղաքական կեանքին մէջ`...

Սումկայիթի Ջարդերուն 31-րդ Տարելիցին Առիթով.  «Հողեր Չունինք Տալու» Կարգախօսով  Հանրահաւաք` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

Սումկայիթի Ջարդերուն 31-րդ Տարելիցին Առիթով. «Հողեր Չունինք Տալու» Կարգախօսով Հանրահաւաք` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

Երէկ` 26 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Հողեր չունինք տալու» կարգախօսով հանրահաւաքը` ի յիշատակ Սումկայիթի ջարդերուն 31-րդ տարելիցին: Հաւաքի մասնակիցները, որոնց կարգին էին մեծ թիւով ազատամարտիկներ, հաւաքուեցան Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուր անմար կրակէն վառած ջահերով քալեցին դէպի Ազատութեան հրապարակ: Հրապարակին վրայ ելոյթ ունեցան շարք մը ազատամարտիկներ, որոնց կարգին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան: Ան...

Հանդիպում Մոսկուայի  Հայ Դատի Գրասենեակին Մէջ

Հանդիպում Մոսկուայի Հայ Դատի Գրասենեակին Մէջ

23 փետրուարին Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ  պատասխանատու ընկերներու հանդիպումը` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ Ռուսիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ալպերթ Անդրեանի հետ: Նախարարը բարձր գնահատեց Հայ դատի գրասենեակներու  հայանպաստ եւ արցախանպաստ գործունէութիւնը աշխարհի յառաջատար երկիրներուն մէջ: Նախարարին եւ ներկայացուցիչին հետ քննարկուեցան գրասենեակի եւ Արցախի ներկայացուցչութեան համագործակցութեան օրակարգն ու յառաջիկայ գործունէութեան միացեալ ծրագիրը:  ...

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը  Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային  Միութեան Խորհուրդի Ժողովին

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Խորհուրդի Ժողովին

21-24 փետրուար 2019-ին, Թունուզի Սուսա քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) խորհուրդի ժողովը, որուն ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ երկու ներկայացուցիչով` Անահիտ Յակոբեան (Ֆրանսա) եւ Եղիա Թաշճեան (Լիբանան): Համագումարին կը մասնակցէին աւելի քան 50 ընկերվարական, յառաջդիմական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու երիտասարդական կազմակերպութիւններ` տարբեր երկիրներէ: Ժողովի հիմնական նիւթերն էին բնապահպանական եւ ընկերային արդարութեան հարցերը: Մասնակիցները քննադատեցին մեծ պետութիւններու անտարբերութիւնը վերոնշեալ հարցերուն...

Չաւուշօղլու. «Ազրպէյճանի  Ողբերգութիւնը Մեր Ողբերգութիւնն Է»

Չաւուշօղլու. «Ազրպէյճանի Ողբերգութիւնը Մեր Ողբերգութիւնն Է»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Ազրպէյճանի ողբերգութիւնը մեր ողբերգութիւնն է»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Օխու» կայքը: «Խոջալուի մէջ 27 տարի առաջ դաժանօրէն սպաննուած ազրպէյճանցի մեր քոյրերն ու եղբայրները ցաւով կը յիշեմ: Ազրպէյճանի ողբերգութիւնը մեր ողբերգութիւնն է», նշած է ան: Երէկ նոյնպիսի յայտարարութիւն մըն ալ տարածած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իսկ մէկ օր...

Հայկական Եկեղեցիին Դէմ  Ոտնձգութեան Միջադէպին Հարցով.  Թուրքիոյ Հրէական Համայնքը  Իր Աջակցութիւնը Յայտնած Է Պոլսահայութեան

Հայկական Եկեղեցիին Դէմ Ոտնձգութեան Միջադէպին Հարցով. Թուրքիոյ Հրէական Համայնքը Իր Աջակցութիւնը Յայտնած Է Պոլսահայութեան

Թուրքիոյ հրէական համայնքի ներկայացուցչութիւնը իր աջակցութիւնը յայտնած է պոլսահայ համայնքին` Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանի Պալաթ թաղամասին մէջ հայկական Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ոտնձգութեան արարքին հարցով: Պոլսոյ հայկական օրաթերթերէն «ՀայԹերթ»-ը կը հաղորդէ, որ հրէական համայնքը դատապարտած է անյայտ չարագործներու արարքը եւ յոյս յայտնած, որ մեղաւորները կարելի եղածին չափ շուտ կը յայտնաբերուին ու կը պատժուին: Յիշեցնենք, որ անյայտ անձեր հայկական եկեղեցւոյ պատերուն...

Նախագահ Աուն Վերահաստատեց Լիբանանի  Վճռականութիւնը` Սուրիացի Տեղահանուածներու  Տունդարձի Աշխատանքը Շարունակելու

Նախագահ Աուն Վերահաստատեց Լիբանանի Վճռականութիւնը` Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Աշխատանքը Շարունակելու

Երէկ` երեքշաբթի, 26 փետրուարին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթինա Լասընի, այցելեց Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն: Նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին ան հաստատեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ իր ջանքերը Սուրիոյ մէջ ապահով շրջաններ փոխադրելու սուրիացի տեղահանուածները, առանց սպասելու Սուրիոյ վերաբերող քաղաքական լուծումին, որ շատ երկար ժամանակի կրնայ...

Ֆետերիքա Մոկերինի. «Կը Գործակցինք  Լիբանանի Հետ` Աւելի  Լաւ Երկիր Կերտելու Տեսլականով»

Ֆետերիքա Մոկերինի. «Կը Գործակցինք Լիբանանի Հետ` Աւելի Լաւ Երկիր Կերտելու Տեսլականով»

Երէկ` երեքշաբթի, 26 փետրուարին, վարչապետ Սաատ Հարիրի` ներկայացնելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, բացումը կատարեց Եւրոպական Միութեան նոր կեդրոնատեղիին` ներկայութեամբ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթինա Լասընի, դեսպաններու, նախարարներու եւ երեսփոխաններուն: Դեսպան Քրիսթինա Լասըն իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը 1979-էն ի վեր Լիբանանի կողքին է` լաւ թէ վատ օրերուն,...

Նախարար Կիտանեան Կ՛ընդունի  Լիբանանի Մէջ Յունական  Փառատօնի Կազմակերպիչները

Նախարար Կիտանեան Կ՛ընդունի Լիբանանի Մէջ Յունական Փառատօնի Կազմակերպիչները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան  ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Ֆրանսիսքոս Ֆարոսը, որուն կ՛ընկերանային Լիբանանի մէջ յունական փառատօներու յանձնախումբի նախագահ Ժորժ Իտն ու անդամները, ինչպէս նաեւ լրագրողներ Ճեսի Թրատն ու Ռանա Ռիշա-Իտը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յունիսին Լիբանանի Ժիպէյլ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք եռօրեայ փառատօնի նախապատրաստական եւ կազմակերպական աշխատանքները: Նախարար Կիտանեան ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ զբօսաշրջութեան նախարարին...

«Հրաժարականս Միայն Միջազգային  Յարաբերութիւններուն Մէջ Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Դիրքը Պաշտպանելու Համար Է»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Հրաժարականս Միայն Միջազգային Յարաբերութիւններուն Մէջ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Դիրքը Պաշտպանելու Համար Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ ԱՐԻԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն «հրաժարականս միայն պաշտպանելու համար է արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք, կարծիքովս, այլ կառոյցներու կողքին ճակատագրական են Իրանի ազգային անվտանգութեան համար»: «Ես անձնապէս ոչ ոքէ նեղուած եմ, եւ կարիքը չունիմ, որ մէկը զիս հանգստացնէ, սակայն իբրեւ արտաքին գործոց նախարար պէտք էր հակազդեցութիւն ցուցաբերէի,...

Ակնարկ.  Լաւրովը Կ՛ուղղէ Սուրիական  Ժամացոյցի Սլաքները

Ակնարկ. Լաւրովը Կ՛ուղղէ Սուրիական Ժամացոյցի Սլաքները

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին յստակացումը, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Սուրիոյ մէջ միացեալ զինուորական գործողութիւններ կատարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին, ըստ էութեան Անգարայի նկրտումները զսպելու կը միտին: Խնդիրը ուղղակիօրէն կը վերաբերի սուրիական տագնապին սկիզբէն ի վեր Անգարայի յանկերգած ապահովական գօտիի ստեղծման առաջադրանքին: Լաւրովի այս յստակացումը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ, որ Մոսկուա-Անգարա ռազմաքաղաքական գործընկերութիւնը կարճաժամկէտ եւ սահմանափակ դրուածքով կը դրսեւորուի` Սուրիոյ...

Զրոյց-Հանդիպում ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հետ. Մոնթրէալ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմիս Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, Չորեքշաբթի, 20 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան», Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Պատգամաւոր եւ Հ.Յ.Դ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ: Հանդիպման ներկայ էին...

Page 254 of 256 1 253 254 255 256

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?