Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Տագնապին Սկիզբէն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով. Ասատ Կ՛այցելէ Թեհրան, Ուր Հանդիպում Կ՛ունենայ Խամենէիի Եւ Ռուհանիի Հետ

February 26, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որ աշխատանքային այցելութեամբ հասած էր Թեհրան:

Խամենէի Ասատին յայտնեց. «Սուրիոյ յաղթանակին ու Ամերիկայի եւ անոր վարձկաններուն պարտութեան խորհրդանիշը անոր նախագահին ու ժողովուրդին տոկալն է եւ դիմադրելու վրայ անոնց պնդումը»:

«Սուրիական կառավարութեան եւ ժողովուրդին նկատմամբ Իսլամական հանրապետութեան աջակցութիւնը դիմադրութեան շարժումին եւ հոսանքին նկատմամբ աջակցութիւն է, եւ Իրան կը հպարտանայ ատով», ըսաւ Խամենէի:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանի կացութեան: Ասատ յայտնեց, որ շրջանի ժողովուրդներու շահերուն իրագործումը անոնց կառավարութիւններէն կը պահանջէ չենթարկուիլ կարգ մը արեւմտեան երկիրներու կամքին եւ մշակել հաւասարակշռուած քաղաքականութիւններ, որոնք հիմնուած ըլլան պետութիւններու գերիշխանութեան եւ անոնց ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքին վրայ:

Երկու կողմերը շեշտեցին, որ կարգ մը արեւմտեան պետութիւններուն վարած մագլցումի քաղաքականութիւնն ու քաոս տարածելու փորձը, մանաւանդ Սուրիոյ եւ Իրանի դէմ, պիտի չյաջողին արգելք հանդիսանալ, որ երկու երկիրները շարունակեն իրենց շահերն ու ժողովուրդները պաշտպանել եւ աջակցին շրջանի հարցերուն եւ արդար իրաւունքներուն:

Ասատ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Երկու նախագահները գոհունակութիւն յայտնեցին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ռազմավարական մակարդակին նկատմամբ:

«Իրանցի ժողովուրդին Սուրիոյ կողքին կանգնիլը հիմնուած է ահաբեկչութեան դիմադրող օրինականութեան աջակցելու սկզբունքին վրայ», ըսաւ Ռուհանի` աւելցնելով. «Սուրիոյ յաղթանակը Իրանի եւ ամբողջ իսլամ ժողովուրդի յաղթանակն է»:

Ան յայտնեց, որ Թեհրան պիտի շարունակէ սուրիացի ժողովուրդին տրամադրել այն ինչ որ կրնայ` ահաբեկչութիւնը ամբողջովին բնաջնջելու եւ վերակառուցման սկսելու համար:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ պատերազմին վերջ տալու Ասթանայի բանակցութիւններուն: Ռուհանի Ասատին ներկայացուցած է Սոչիի մէջ վերջերս գումարուած Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան եռակողմ ժողովի մթնոլորտը:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի. Քոնկրեսը Պիտի Քննարկէ Կոլանի Մէջ Իսրայէլի Գերիշխանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը

Յաջորդը

Զբօսաշրջային Ծրագիրներու Մշակում` Աշխուժութեան Վերականգնումի Նպատակով

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.