Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական-Եւրոպական Խորհրդաժողով. Հարիրի. «Եւրոպական Երկիրները Հաստատեցին, Որ Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Լիբանանի»

Փետրուար 26, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 փետրուարին Եգիպտոսի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արաբական-եւրոպական խորհրդաժողովին` Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի  կողմէ, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է արաբական եւ եւրոպական աւելի քան 50 երկիրներու նախագահներու, վարչապետներու, արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեան առումով, եւ որուն նպատակն է քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական, կենսոլորտային բնագաւառներուն մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու առումով համագործակցութեան եզրեր գտնել: Խորհրդաժողովին կը մասնակցի նաեւ Լիբանան` վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորած պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմեն նախարարներ Ժըպրան Պասիլ,  Ալի Հասան Խալիլ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալի Հալապի:

Խորհրդաժողովին երկրորդ օրը արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետը նկատել տուաւ, որ արաբական եւ եւրոպական աշխարհը միացուցած այս ժողովը պէտք է հիմք հանդիսանայ վերահաստատելու  համախմբուած երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնն ու խոր հաշտութիւնը, յատկապէս այն սկզբունքներուն եւ մօտեցումներուն նկատմամբ, որոնց շուրջ համախոհութիւն գոյութիւն ունի: Ան ըսաւ, թէ մենք գործընկեր ենք այլազանութեան մշակոյթի ամրապնդման, քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան, համակեցութեան եւ կրօններու զիրար համալրման մէջ` աւելցնելով, որ պէտք է միասնաբար պայքարիլ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ, գտնել լուծումներ տեղահանութեան հարցերուն, համագործակցիլ առեւտրական եւ ներդրումներու մարզին մէջ, գիտնալ լաւագոյնս օգտուիլ նոր սերունդի ներուժէն, որպէսզի կարելի ըլլայ բարգաւաճում ու զարգացում ապահովել եւ միասնաբար հասնիլ Միջին Արեւելքի մէջ ամբողջական խաղաղութեան, մնայուն արդարութեան, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ պատմական անարդարութեան վերացման:

Սաատ Հարիրի վստահեցուց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ այլազանութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին յարգելու այդ մօտեցումը, որպէսզի կարելի ըլլայ հեռանալ ծայրայեղականութենէն եւ ահաբեկչութենէն: «Մենք կառչած ենք հաւասարակշռութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ազատութեան», նշեց ան:

Լիբանանի վարչապետը նաեւ խօսեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին մասին` նշելով, որ Լիբանան կը հիւրընկալէ շուրջ երկու միլիոն տեղահանուած, որոնց մեծամասնութիւնը Սուրիայէն փախուստ տուածներն են: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ այս տագնապին լուծում տալու նպատակով` կոչ ուղղելով միջազգային ընտանիքին իր ջանքերը բազմապատկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածները իրենց երկիրը վերադարձնել ապահով եւ արժանապատիւ կերպով, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն յարիր հոլովոյթով: Ան դրուատեց եւրոպական օժանդակութիւնը` տրամադրուած այն երկիրներուն, որոնք տեղահանուածներ հիւրընկալած են, եւ լուսարձակի տակ առաւ այն, որ եթէ կասեցուին ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին տրամադրուող նիւթական յատկացումները, Լիբանանի եւ շրջանին մէջ մեծ հետեւանքներ կ՛արձանագրուին:

Խօսելով լիբանանեան ներքին կեանքին մասին` վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ յառաջիկայ փուլին Լիբանան պիտի ապրի տնտեսական զարթօնք եւ իսկական բարգաւաճում` բոլորը հրաւիրելով Լիբանան այցելելու եւ աւելցնելով, որ Լիբանան լաւապէս կը գիտակցի իրեն նեցուկ կանգնողներուն ունեցած դերակատարութեան կարեւորութեան:

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի 24 եւ 25 փետրուարին նաեւ ունեցաւ կողմնակի հանդիպումներ տարբեր երկիրներու պատասխանատուներու հետ, որոնց կարգին` Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի, Քուէյթի Սապահ Ժապեր Ահմետ Սապահ իշխանին, Չեխիոյ վարչապետ Անտրէյ Պապիսին, Եւրոպական Միութեան նախագահ Քլաուս Եոհաննէսի, Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տրիանի, Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութի, Պելճիքայի վարչապետ Շարզ Միշելի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Երկուշաբթի երեկոյեան վարչապետ Հարիրի հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ. անկէ ետք յոյս յայտնեց, որ նման խորհրդաժողովներ շարունակական ըլլան` նկատի ունենալով անոնց կարեւորութիւնը, նաեւ հոն տեղի ունեցած քննարկումները իրենց դրսեւորումները գտնեն: Անոր համաձայն, եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումներէն յստակ դարձած է, որ անոնք կը զօրակցին Լիբանանին, հետամուտ են իրենց կապերը բարելաւելու եւ զօրացնելու Լիբանանի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակեն օժանդակել «Սետր» ծրագիրին:

Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանանի համար ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը շարունակէ մնալ հիմնասիւն, որուն վրայ պիտի կառուցուի տնտեսական ու ապահովական կայունութիւնը, պայքար պիտի ծաւալի ահաբեկչութեան դէմ: Անոր համաձայն, երկխօսութիւնը միակ ուղին է ամէն տեսակ հարցերու լուծման, այդ պատճառով ալ խորհրդաժողովին զուգահեռ կայացած հանդիպումները շատ արդիւնաւէտ նկատեց: Իր խօսքի վերջին բաժինով ան անդրադարձաւ Լիբանանին եւ ըսաւ, թէ կառավարութեան մէջ բոլոր մեծ կուսակցութիւնները ներկայացուած են, Լիբանան կարիք ունի բարեկարգումի, այս առումով համաձայն են բոլորը, եւ ասիկա ամրագրուած է կառավարութեան ծրագիրին մէջ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Մարդ Օրհնեալ Է, Եթէ Կամք Ունի Աստուծոյ Սէրը Գործնականացնելու»

Յաջորդը

Պալաթի Մէջ Անախորժ Դէպք

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?