Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Դէմ Է «Նոր Սահմանադրութիւն» Նախաձեռնութեան

February 25, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մենք երկար տարիներ պայքարած ենք խորհրդարանական համակարգ ունենալու համար, ու այսօր հինին վերադարձը լուրջ յետընթաց կ՛ըլլայ: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ (լրագրող Ամալիա Առաքելեան) զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը` անդրադառնալով արտախորհրդարանական 10 ուժերու  կողմէ սահմանադրական փոփոխութիւններու պահանջին:

Յայտնենք, որ արտախորհրդարանական 10 ուժեր համախմբուած են «Նոր սահմանադրութիւն» նախաձեռնութեան շուրջ, որուն նպատակը նոր մայր օրէնքի ընդունումն է:

Սաղաթէլեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն այս նախաձեռնութեան դէմ է, քանի որ ատիկա յետընթաց կ՛ըլլայ: Ըստ անոր, ո՛չ անոր հասարակական պահանջը կայ, ո՛չ ալ իմաստը:

Անդրադառնալով այդ ուժերու այն դիտարկումին, թէ  Սահմանադրութեան ընդունման հանրաքուէն բազմաթիւ  խախտումներով տեղի ունեցած է, ան ըսաւ. «Եթէ այդ ուժերու` Սահմանադրութիւնը փոխելու հիմնաւորումը այն է, որ նախորդ սահմանադրութիւնը ընդունուած է կեղծիքներով, ուրեմն վերջին երեք տարիներուն, այսինքն` այս նոր սահմանադրութեամբ տեղի ունեցած բոլոր գործընթացները անօրինական են: Արդեօք ատիկա այդպէ՞ս է, եւ  արդեօք այդ ուժերը այդպէ՞ս կը մտածեն»:

Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ի համար կառավարման խորհրդարանական ձեւը Հայաստանի զարգացման լաւագոյն տարբերակն է: «Մենք կը կարծենք, որ կառավարման խորհրդարանական ձեւը լաւագոյն տարբերակն է մեր երկրի զարգացման համար, եւ այս սահմանադրութեան մէջ ժամանակի ընթացքին պէտք է որոշակի փոփոխութիւններ իրականացնենք` զայն անթերի դարձնելու համար»,  նշեց ան:

Իսկ թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ, ան նշեց` օրինակ, որոշակիօրէն սահմանափակել վարչապետի լիազօրութիւնները եւ մեծցնել խորհրդարանի դերակատարութիւնն ու վերահսկողութիւնը, այսինքն` վերացնել սուփըրվարչապետութեան հաստատութիւնը:

«Յոյս ունիմ, որ իշխանութիւնները ուշ կամ կանուխ պիտի հասկնան անոր կարեւորութիւնը, պիտի դրսեւորեն այդ քաղաքական կամքը, պիտի կատարեն այդ փոփոխութիւնները, քանի որ ատիկա կը բխի բոլորին  շահերէն», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ամէն պարագայի, եթէ նոր սահմանադրութիւն ունենալու նախաձեռնութիւնը ընդլայնուի, ՀՅԴ-ն ի՞նչ պիտի ընէ, ան ըսաւ. «Թոյլ պիտի չտանք, հինին վերադարձ չկայ. Սահմանադրութիւնը խաղալիք չէ, որ տարին անգամ մը ըստ ճաշակի փոխենք»:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Թուրքիոյ Եւ Իրանի Հետ Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Զինուորական Գործողութիւններ Կատարելու Ծրագիրներ Գոյութիւն Չունին»

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.