Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատագրուած Տարածքները Զիջելու Կոչերը Կ՛արագացնեն Պատերազմը

Փետրուար 26, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր` 26 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու 31-ամեակին եւ զոհերու յիշատակին նուիրուած հանրահաւաք` «Հողեր չունենք տալու» կարգախօսով:

Այս առիթով կայացած ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան նշեց, որ հաւաքը ո՛չ իշխանական է, ո՛չ էլ ընդդիմադիր, այլ ազգային խնդիրներու պարունակին մէջ կարելի է զետեղել զայն:  «Կարելի է ըսել, որ ասիկա դէմ է իշխանութեան, եթէ սխալ որոշում կայացնէ, եւ թեր է, եթէ ճիշդ ընթացքով երթայ: Հոս ամէնէն կարեւոր հանգամանքը այն է, որ շուրջ 20 տարուան ընթացքին արցախեան խնդիրը կը սկսի որոշ չափով փոխուիլ` նկատի ունենալով տեղեկատուութեան նոր հոսքերը, ապատեղեկատուութիւնը: Հողեր տալու-չտալու մասին խօսիլը անհեթեթ է, որովհետեւ նախ եւ առաջ կայ հայրենիք եւ պետութիւն ընկալումը: Արցախի մէջ այսօր չկան ազատագրուած տարածքներ, այլ` Սահմանադրութեամբ ամրագրուած վարչական շրջաններ: Արցախի Սահմանադրութեան 175-րդ յօդուածը յստակօրէն կ՛ըսէ` ոչ մէկ հարց կարելի է քննարկել, այնքան ատեն որ չէ ճանչցուած Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Տակաւին հոս խօսքը չի վերաբերիր տարածքներուն: Այսօր մենք ունինք դրացի, որ իր բնոյթով ոչ թէ որոշ հարցով հակառակորդ է, այլ մեր թշնամին է: Կը տարածեն խաղաղասիրական կեղծ խօսակցութիւնները, թէ պէտք է հաշտուիլ, իսկ որո՞ւ հետ պիտի հաշտուինք: Ազրպէյճանի դասագիրքերուն մէջ Հայաստանի ամբողջ տարածքը իբրեւ արեւմտեան Ազրպէյճան ներկայացուած է, տեսանք 2016-ի ապրիլեան պատերազմը, երբ նոյնիսկ զոհուած զինուորը կը գլխատէին, այսինքն` առկայ է յստակ ազգային թշնամութիւն», յայտնեց ան:

Ըստ Եղիազարեանի, խաղաղութեան հոլովոյթ կ՛ըլլայ այն պարագային, երբ Ազրպէյճանի վարքագիծին մէջ փոփոխութիւն նկատենք, հակառակ պարագային յանձնուած կ՛ըլլանք:

«Արցախեան շարժումը սկսաւ ինքնորոշման իրաւունքէն, երբ Խորհրդային Միութիւն էր: Խորհրդային Միութեան ժամանակ է, որ Արցախ Ազրպէյճանի կազմին մէջ յայտնուած է, ատիկա 1918-20 թուականներուն չէ եղած, չէ եղած նոյնիսկ Ազրպէյճանի  անկախացման մասին յայտարարութենէն ետք: Արցախը 1923-ին բռնակցուած է Ազրպէյճանին: Եւ երբ Խորհրդային Միութիւնը սկսաւ փուլ գալ, Խորհրդային Ազրպէյճանի տարածքին մէջ յառաջացաւ երկու միաւորում` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` ԼՂԻՄ-ի եւ Շահումեանի շրջանին մէջ, եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը: Հայերը մինչեւ 1990 թուական կը սպաննուէին, անոնց ինչքը կը թալանուէր եւ կը բռնագրաւուէր, իսկ Հայաստանի տարածքէն ազրպէյճանցիներուն մեծագոյն մասը իր գոյք վաճառելով հեռացած է կամ իրեն հետ տարած է: Ասկէ ետք տեղի ունեցաւ պատերազմ, զոր մենք չենք սկսած, մենք ընդամէնը պահանջած ենք այդ տարածքին մէջ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը», ընդգծած է Եղիազարեան` աւելցնելով, որ հայկական ենթակայութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ որեւէ քար շրջելով կարելի է տեսնել, թէ հայկականութիւն կ՛արտացոլայ, այսինքն` մենք հող չենք գրաւած:

Ըստ անոր, նաեւ կան անվտանգութեան խնդիր, այսօր ստեղծուած է նոր իրավիճակ, զոր կարելի չէ համեմատել 1990-ականներու սկիզբը եղածին հետ: «Մեր հայրենիքի այդ տարածքները մեր հետագայ կենսագործունէութիւնը պիտի ապահովեն, եւ անոնք, որոնք կոչ կ՛ուղղեն զիջելու այդ տարածքները, կ՛արագացնեն պատերազմը եւ մեր կործանումը: Մեղրիի շրջանը Հայաստանի ամէնէն հարաւային մասն է, եւ եթէ Նախիջեւանի Օրտուպատի շրջանէն չափենք մինչեւ նախկին Զանգելանի շրջանը` այսօր Բերձորի հարաւը, ապա ընդամէնը 30 քմ է: Այսինքն` երկու կողմէն հրետանային ամէնէն պարզունակ միջոցներ դնելով կարելի է անդամալուծել եւ մեր երկրի կենսագործունէութիւնը թուլցնել: Այդ գօտին այսօր կ՛ապահովէ Հայաստանի անվտանգութիւնը: Կը վստահեցնեմ, որ խաղաղութեան կողմնակից են հիմնականօրէն այն անձերը, որոնք պատերազմի փուլէն անցած եւ այդ ժամանակը ապրած են: Այս կեղծ կարգախօսները մեզ կործանման տանող ճամբաներ են: 1994-էն մեր գոյութիւնը պահպանած են այն սահմանները, որոնք այսօր կան: Ասիկա նուազագոյնն է, որ կարելի է ընել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հետագայ գոյութեան համար», նշած է Արթուր Եղիազարեան:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կը Նախապատրաստուի Փաշինեան – Ալիեւ Հանդիպում»

Յաջորդը

Զոհրապ Մնացականեան Մասիս Մայիլեանին Ներկայացուցած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?