Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «ՀԱՊԿ-ի Անդամներուն Միջեւ Կան Տարակարծութիւններ, Որոնք Ներկայիս Կը Լուծուին»

Փետրուար 23, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
«ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Նշանակումը Կը Ձգձգուի Մինչեւ Յաջորդ Տարուան Յունուար` Հայաստանի Դիրքորոշումին Պատճառով» Կը Գրէ «Քոմերսանթ»

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը անդրադարձած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նոր ընդհանուր քարտուղարի նշանակման հարցի ձգձգումին` նկատելով, որ կառոյցը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անզիջում դիրքորոշումին պատճառով կրնայ տակաւին մէկ տարի մնալ առանց լիարժէք ընդհանուր քարտուղարի:

Կը նշուի, որ այդ պաշտօնին Պիելոռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար Սթանիսլաւ Զասի նշանակումը կը ձգձգուի այն պատճառով, որ Փաշինեան յոյս ունի իր թեկնածուն հաստատել: «ՀԱՊԿ-ի մէջ արդէն համակերպած են այն միտքին, որ Հայաստանի դիրքորոշումին պատճառով կազմակերպութեան մէջ տակաւին մէկ տարի լիարժէք ընդհանուր քարտուղար պիտի չըլլայ: Մինչեւ 2020-ի սկիզբը ՀԱՊԿ-ն պիտի ղեկավարէ ընդհանուր քարտուղարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վալերի Սեմերիքով», օրաթերթին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն լաւատեղեակ աղբիւր մը:

«Այսպիսի որոշումները կը տրուին փոխադարձ համաձայնութեան միջոցով: Տարբեր մակարդակներով բանակցութիւնները արդիւնք չեն տուած եւ նոր տագնապներու առիթ դարձած են, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեան իր ըսածը կը պնդէր: ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու դռնփակ հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին կիրքերը այնքան թէժացած են, որ «Քոմերսանթ»-ի տեղեկութիւններով` նախագահներէն մէկը Հայաստանի վարչապետին ըսած է, թէ ընդհանուր քարտուղարը պիտի նշանակեն առանց Երեւանի կարծիքը հաշուի առնելու», կ՛աւելցնէ օրաթերթը:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, թէ «ո՛չ Քրեմլինի մէջ, ո՛չ ալ ՀԱՊԿ-ի անդամներուն մօտ որեւէ հիասթափութիւն կայ, ինչպէս նաեւ չկայ ՀԱՊԿ-ի ղեկավարութեան բաց»` յիշեցնելով, որ այդ կառոյցը ի դէմս Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վալերի Սեմերիքովի, ունի ընդհանուր քարտուղարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:

«ՀԱՊԿ-ի անդամներուն միջեւ կան որոշ տարակարծութիւններ, որոնք ներկայիս կը լուծուին, այդ հոլովոյթը կը շարունակուի», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ կառոյցի գործօն կառավարման պակաս չկայ:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Մենք Կողմ Ենք, Որ Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Կապարտ

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?