Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան Նիստին Նախագահ Աունի Կեցուածքը Պատուաբեր Էր»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարք երէկ այցելեց նախագահական պալատ եւ հանդիպում ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Տեսակցութենէն ետք պատրիարքը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ եկած է շնորհակալութիւն յայտնելու նախագահին, որովհետեւ ան ամէն առիթի ներկայացուցիչներ կ՛ուղարկէ, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելու անոր տարեդարձը` մաղթելով, որ շարունակէ ղեկավարել այս երկիրը: Ըստ անոր, զրոյցին առանցքները հանդիսացած են երկիրը մտահոգող կարեւոր թղթածրարներ,...














