Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Թուրքիոյ Եւ Իրանի Հետ Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Զինուորական Գործողութիւններ Կատարելու Ծրագիրներ Գոյութիւն Չունին»

February 25, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Սուրիոյ մէջ զինուորական միացեալ գործողութիւններ կատարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը հաւանական նկատեց, որ ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը մասնակից դառնայ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ ապահովական գօտիի ստեղծման:

Ան յայտնեց, որ Ասթանայի ձեւաչափը նպաստեց Սուրիոյ տարածքներուն մեծամասնութեան մէջ իսկական զինադադարի հաստատման եւ կառավարութեան ու զինեալներուն միջեւ ուղղակի երկխօսութեան սկսման երաշխաւորման:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անցեալ կիրակի օր չէր բացառած Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ միացեալ զինուորական գործողութիւն մը` աւելցնելով, որ այդ գործողութիւնը կրնայ որեւէ պահու շղթայազերծուիլ, ըստ զարգացումներուն, եւ ատոր դիմաց արգելքներ չկան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկրի սահմանին վրայ ստեղծուելիք որեւէ ապահովական գօտի պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ:

Ան նաեւ յայտնեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ Սուրիոյ հարցին շուրջ դրական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է:

Մինյ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ շաբաթ օր զուիցերիական «Պազլըր Ցայթունկ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին չբացառեց Իտլիպի մէջ զինուորական գործողութեան կարելիութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Իրանեան Արարքներն Ու Թրքական Քայլերը Շրջանին Մէջ Տագնապները Կը Հրահրեն» Կ՛ըսէ Ապուլ Ղէյթ

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Դէմ Է «Նոր Սահմանադրութիւն» Նախաձեռնութեան

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.