Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անհամաձայնութիւնը` Ոչ Թէ Անժամկէտին, Այլ Հանրաքուէին

Փետրուար 23, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ դեսպան Ռիչըրտ Հոկլընտի տուած հարցազրոյցով արտայայտուած միտքերը դուռ կը բանան որոշ դիտարկումներու բանակցային իրավիճակին եւ անոնցմէ բխող հայկական կողմի ընելիքներուն մասին:

Հոկլընտ կ՛ըսէ, որ այսօր սեղանի վրայ գտնուող հարցի Լաւրովեան նախագիծին նկատմամբ որեւէ կողմ իր համաձայնութիւնը չէ տուած, ուստի բեկումնային պահ սպասելը ճիշդ պիտի չըլլայ, հակառակ անոր որ շփման գիծին ուղղութեամբ կտրուկ կրճատուած են միջադէպերը:

Լաւրովեան նախագիծը, ըստ Հոկլընտի, հիմնականին մէջ մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած փաստաթուղթ է. հիմնական տարբերութիւնը հանրաքուէի առաջարկն է, որ պէտք է կազմակերպուի Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու, ներառեալ Պաքուի շուրջ կացարաններու մէջ բնակող տեղահանուած ազրպէյճանցիներուն մասնակցութեամբ: Կողմերը կ՛ուզեն, որ հանրաքուէն ստոյգ ամրագրուած ժամկէտներ ունենայ:

Այս մասը Հոկլընտի յայտարարածներուն նկարագրական բաժինն է. մեկնաբանականը հիմնականին մէջ կը վերաբերի Ռուսիոյ եւ ներկայացուած հարցականի տեսքով, թէ արդեօք Մոսկուան գոյավիճակի (սթաթիւս քօ) փոփոխութեան համաձայն կ՛ըլլա՞յ` զայն նկատելով իր դերի ազդեցութեան չէզոքացում:

Երբ փորձենք կապակցել այստեղ յայտնուած միտքերը կ՛եզրակացնենք, որ Մոսկուան թէ՛ հակամարտութեան կարգաւորման նախագիծ կ՛առաջադրէ եւ թէ՛ գոյավիճակի պահպանման հետամուտ կը դառնայ: Իսկ գոյավիճակի պահպանման համար կը ներառէ անժամկէտ հանրաքուէի սկզբունքը, որը կ՛արժանանայ երկկողմ անհամաձայնութեան:

Եթէ ընդունինք ամերիկացի նախկին համանախագահին առաջ քաշած հանրաքուէի մասնակիցներու բաղադրութեան բացատրութիւնը, ապա կը հետեւցնենք, որ միակողմանիօրէն այսպէս կոչուած Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքի մասնակցութեան ապահովման մասին կը խօսուի: Այստեղ անմիջապէս կը մտաբերուի, որ հիւսիսային Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին հանրաքուէի մասնակցութեան անհրաժեշտութեան մասին յուշում չկայ:

Քաղաքականօրէն պարզ կը դառնայ հայկական կողմի բարձրաձայնած տեսակէտը, որ Երեւանը իրաւասու չէ բանակցելու, որովհետեւ Արցախի ժողովուրդը չէ մասնակցած Հայաստանի համապետական ընտրութիւններուն, մինչ նախապէս Արցախի եւ այժմ Պաքուի մէջ  ապրող ազրպէյճանցիները մասնակցած են Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն եւ այդպիսով լիազօրած Ալիեւը զիրենք ներկայացնելու: Այս մօտեցումը, շարունակելով տրամաբանութիւնը, պէտք է յանգեցնէ նոր հանրաքուէ կազմակերպելու անիմաստութեան: Եւ ի հարկէ Ստեփանակերտին բանակցութիւններուն միանալու անհրաժեշտութեան շեշտումին: Նոր հանրաքուէ կազմակերպելը ընդհանրապէս պէտք է դուրս գայ բանակցային սկզբունքներէն: Հայկական կողմի անհամաձայնութիւնը ոչ թէ անժամկէտ ըլլալուն պիտի վերաբերի, այլ ընդհանրապէս հանրաքուէ կայացնելու հարցին: Պարզ այն պատճառով, որ հանրաքուէ հասկացողութիւնը արդէն ժամանակաւոր կարգավիճակի մասին կը խօսի, մինչդեռ կարգավիճակը արդէն հանրաքուէով որոշուած կայացած կարգավիճակ է:

Տարբեր խնդիր է անշուշտ ազրպէյճանցիներուն տունդարձի իրաւունքը, այնպէս ինչպէս հիւսիսային Արցախէն տեղահանուածներունը: Հայկական կողմին կատարած Հոկլընտի արցախեան հարցին քայլ առ քայլ մօտենալու յորդորը գուցէ թարգմանուի հարցի կարգաւորման փուլային տարբերակի որդեգրման առաջարկով: Փուլայինը այս պարագային  ունի անշրջելի առաջնային սկզբունք եւ ատիկա կը վերաբերի կարգավիճակին:

Իսկ կարգավիճակը Արցախի Հանրապետութեան ընդունումն է:

«Ա.»

Նախորդը

Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները Հանդիպում Ունեցած Են Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Հետ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Յաղթեց Իր Հիւրին` Ռոքեթցին, Իսկ Ուորիըրզ` Քինկզին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?