Երէկ` 25 փետրուարին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:
Գործընկերները բարձր գնահատած են պարբերաբար տեղի ունեցող երկկողմանի հանդիպումները եւ ընդգծած իրենց պատրաստակամութիւնը` խթանելու երկու նախարարութիւններուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ խորհրդակցութիւններու կազմակերպումը:
Այս օրերուն լրացող ղարաբաղեան շարժման 31-ամեակի լոյսին տակ զրուցակիցները անդրադարձած են անոր ակունքներուն` ընդգծելով, որ անիկա ուղղուած էր Արցախի ժողովուրդի հիմնարար ազատութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներուն, իր հայրենիքին մէջ ապրելու եւ ազատ արարելու անբեկանելի իրաւունքի պաշտպանութեան:
Նախարար Մնացականեան ներկայացուցած է Տաւոսի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի եւ համանախագահներու հետ հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ վերջերս եռանախագահներու` Երեւան կատարած այցելութեան մանրամասնութիւնները:
Զրուցակիցները տեսակէտներ փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ:



