Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ ետք Պաապտայի պալատ այցելելով հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Ռայի պատրիարքը հանդիպումէն ետք ըսաւ, որ հանդիպումի ընթացքին արծարծուած են բոլոր հարցերը, «որոնցմէ ոմանք հոյակապ էին, իսկ ուրիշները լուծումի կը կարօտին»: «Թամ Պարրաքի այցելութիւնը, ըստ նախագահ Աունի, չափազանց հոյակապ էր, եւ իրեն յանձնուեցաւ պատասխանի թուղթը, եւ տակաւին Հըզպալլայի պատասխանին կը սպասեն», ըսաւ ան: Մարոնիներու...




















