Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատուեցաւ: Երէկ Չինաստանի Թիենծին քաղաքի մէջ այս մասին յայտարարեցին Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Հայաստանի կառավարութիւնը աւելի ուշ հրապարակեց Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատելու մասին միացեալ յայտարարութեան բնագիրը, ուր հայկական կողմը կը վերահաստատէ «Մէկ Չինաստան»-ի սկզբունքին իր աջակցութիւնը` ճանչնալով, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի միայն մէկ Չինաստան, եւ Թայուանը Չինաստանի տարածքի անբաժանելի մասն է, իսկ Չինաստանի կառավարութիւնը ամբողջ Չինաստանը ներկայացնող միակ օրինական կառավարութիւնն է. վճռականօրէն դէմ է «Թայուանի անկախութեան» որեւէ ձեւի եւ կ՛աջակցի ազգային վերամիաւորման ուղղութեամբ Չինաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերուն:
Չինական կողմը կը վերահաստատէ իր ամուր աջակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական անկախութեան, գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան: Չինաստանը կ՛աջակցի հայկական կողմին առաջարկած խաղաղութեան օրակարգին եւ կ՛ողջունէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը:
Կողմերը կը հաւատան, որ ճակատում խրախուսող աշխարհաքաղաքական դաւերը որեւէ նպատակի չեն կրնար ծառայել, եւ միասնաբար հանդէս կու գան այն քայլերուն դէմ, որոնք կ՛ապակայունացնեն շրջանը եւ նոր մագլցում կը հրահրեն:
Յառաջիկայ չորս օրերուն նախատեսուած է Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան 20-ամեայ պատմութեան մէջ մեծագոյն վեհաժողովը: