Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, անդրադառնալով Սուրիոյ կառավարութեան, նշեց. «Միամիտ անձ մը չեմ, գիտեմ, թէ որո՛ւ հետ գործ ունիմ»:
Իսրայէլեան բանակը չորեքշաբթի գիշեր զինուորական էջք կատարեց Դամասկոսի գիւղական շրջանի Քասուա շրջանին մէջ, ուր աւելի քան երկու ժամ մնաց: Այս մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց զինուորական աղբիւր մը:
Աղբիւրը աւելցուց, որ իսրայէլեան բանակը տասնեակներով զինուորներ եւ սարքեր բերած է Քասուայի մէջ որոնում կատարելու համար` նշելով, որ իսրայէլեան ուժերուն եւ Սուրիոյ բանակին միջեւ որեւէ բախում տեղի չէ ունեցած:
Զինուորական աղբիւրը հաղորդեց, որ Քասուա շրջանին մէջ գործողութեան մասնակցած են իսրայէլեան 4 ուղղաթիռներ:
Իսրայէլեան «Քան» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Դամասկոսի հարաւը գտնուող Մանեհ լերան վրայ զինուորական էջքի գործողութեան թիրախը օդային պաշտպանութեան ռազմակայան մըն էր, որ Ասատի իշխանութեան օրերուն իրանեան ուժերու կողմէ կ՛օգտագործուէր»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Արապիա»-ին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ զինուորական էջքի ընթացքին գաղտնի եւ վտանգաւոր սարքերու վերատիրացանք»:
«Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ մեզ լրտեսելու թրքական սարքեր կազմաքանդեցինք», ըսաւ իսրայէլացի պաշտօնատարը: