Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Շրջելու Համար Պաքուի Մարտավարութիւնը

Օգոստոս 28, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը Պաքուի ակնկալութեան մասին է: Կ՛ակնկալեն, որ 1 սեպտեմբերին կողմերը որոշեն լուծարել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համապատասխան ձեւաչափն ու անոր առնչուած կառոյցները:

Յիշեցումը չէ ուշացած անշուշտ: Կայ հիմնական ակնկալութիւնը մի՛շտ:

Երեւանը, ըստ արտաքին գործոց նախարարին, պէտք է փոխէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ ամբողջովին վերցնէ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները` խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար:

Շրջանցենք այս յայտարարութեան մէջ գոյութիւն ունեցող յոխորտանքի բաժինը առ այն, որ ստորագրուած հռչակագիրը Ազրպէյճանի օրակարգը իրականացուցած է, եւ փորձենք նկատել այնտեղ թաքնուած յաջորդ նախապայմանը: Պայրամով, նշելէ ետք, թէ Ղարաբաղի հարցը Ազրպէյճանի ներքին խնդիրն է, արձանագրած է, որ հակառակ որոշ յաջողութիւններու, որոնք ձեռք ձգուած էին բանակցութիւններուն ընթացքին, Հայաստանի արագացուած զինումը եղած է բնականոնացման հոլովոյթի աւարտին հասնելու հիմնական խոչընդոտը:

Մինչեւ Հայաստանի սպառազինումին անդրադառնալը նախ նկատենք առաջին հաստատումին մէջ ծուարած օգտագործելի բաժինը: «Ղարաբաղի հարցը Ազրպէյճանի ներքին խնդիրն է»: Պայրամով այս հաստատումով կ՛արձանագրէ, որ կա՛յ Արցախի չլուծուած խնդիր: Ըստ իրեն` Ազրպէյճանի ներքին խնդիր:

Այդ խնդիրը ներկայ պայմաններուն մէջ կ՛ընկալուի Արցախի ժողովուրդի վերադարձի հաւաքական իրաւունքով` իր առընթեր եւ ածանցեալ երաշխաւորութիւններով:

Այդ երաշխաւորութիւնը ապաազրպէյճանական պիտի ըլլայ, հետեւաբար` ոչ ներքին խնդիր:

Հիմա գանք սպառազինումին: Երբ կ՛ըսուի, որ Հայաստանը արագօրէն կը զինուի եւ ատիկա խոչընդոտ է խաղաղութեան գործընթացը իր լրումին հասցնելու, պարզապէս կը բանաձեւուի երկրորդ նախապայմանը, Սահմանադրութեան փոփոխութեան պաշտօնական պահանջէն ետք:

Ուաշինկթընեան հռչակագիրին մէջ առաջին կէտով բանաձեւուած «մինչեւ վերջնական ստորագրութիւն, ակնկալելի հետագայ գործողութիւններէն» առաջին երկուքը բացայայտուած են պաշտօնապէս:

Յիշենք պարզապէս, որ Պաքուն կը ստանայ 901-ի չեղարկում եւ կը պահանջէ Հայաստանէն ինքնարգելք՝ զինուելու:

Մինչ այդ սակայն, կը նկատուի հակասութիւն Ազրպէյճանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին նախապայմաններուն ուղղութեամբ կատարած յայտարարութիւններուն միջեւ: Ըստ Ալիեւի, խաղաղութեան համաձայնագիրը չէ ստորագրուած մէկ յստակ պատճառով. Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը տակաւին կը պարփակէ դրոյթ, որ կասկածի տակ կ՛առնէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Երեւանը կրնար արձագանգել անշուշտ, որ այս մէկն ալ ի՛ր ներքին խնդիրն է, կամ նոյնիսկ յղում ընել նախաստորագրուած փաստաթուղթի համապատասխան կէտին, ուր յստակօրէն կ՛ըսուէր, թէ կողմերը չեն կրնար յենուիլ ներքին օրէնսդրութիւններուն վրայ` տարածքային պահանջներ արծարծելու համար:

Խնդիրը անշուշտ ներազրպէյճանական հակասութիւնները չեն: Այն ընթացքն է, այն վարքագիծը, որմէ Պաքուն հրաժարելու մտադրութիւն չունի: Նորացուող նախապայմանները պիտի շարունակուին, եւ յստակ մէկ պատճառը պիտի վերածուի բազմաթիւ պատճառներու:

Մարտավարական խաղի նոր կանոններ սկսած են երեւալ ազրպէյճանական դաշտին մէջ: Ազրպէյճանի նախագահը կը յայտնէ, որ եթէ հայկական կողմը չյարգէ պայմանաւորուածութիւնները, ապա հարուած հասցուցած կ՛ըլլայ Միացեալ Նահանգներ – Հայաստան յարաբերութիւններուն:

Նախապէս սէպ խրել էր Հայաստան – Ռուսիա յարաբերութիւններուն, հիմա ըսուածը այն է, որ եթէ Պաքուի նախապայմաններուն չընդառաջէ Երեւանը, ապա պատասխանատու է Ուաշինկթընի առջեւ:

Դրուատել Ուաշինկթընը եւ հարուածել Երեւանը: Ահա՛ Պաքուի նոր մարտավարութիւնը:

Երեւանը տուեալներ ունէր շրջելու մարտավարական այս խաղի կանոնները ընդգծելու, արծարծելու, հրապարակելու եւ փոխանցելու համար, որ Ազրպէյճան կը սպառնայ խաղաղութեան եւ կը հարուածէ Ուաշինկթընի, երբ`

– չի վերադարձներ ռազմագերիներն ու պատանդները,

– կ՛արգելակէ բռնատեղահանուած Արցախի ժողովուրդի վերադարձը,

– կ՛ոչնչացնէ ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը,

– ներխուժուած կը պահէ հայաստանեան գերիշխան տարածքներ,

– կը միջամտէ Հայաստանի ներքին հարցերուն:

Եւ այսպէս շարունակ կը խոչընդոտէ համաձայնութիւնը անվերջ նորացուող նախապայմաններով:

Չարծարծել այս հարցերը, կը նշանակէ ի սկզբանէ յանձնուիլ Ուաշինկթընի հռչակագիրի առաջին կէտով ամրագրուած ակնկալուած «հետագայ գործողութիւններ»-ուն:

«Ա.»

Նախորդը

Սալամ Գահիրէի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Սիսիի Հետ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (28 Օգոստոս 2025)

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?