Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Մինսքի Խմբակի Հարցով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

Օգոստոս 29, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն նամակներ յղելով անդրադարձաւ 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Թրամփ-Փաշինեան-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումի ընթացքին ստորագրուած միացեալ հռչակագիրին մէջ նշուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու կոչին` նշելով, որ անիկա Արցախի բնակչութեան դէմ գործուած ցեղային զտումէն ի վեր «խաղաղութեան» համաձայնագիրի կնքման համար Ազրպէյճանի նախապայմաններէն մէկն է:

Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ մինչ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնութեան նախագիծը կը ներկայացուի իբրեւ «արդար, համապարփակ եւ տեւական խաղաղութիւն» հաստատելու համաձայնութիւն, այդ «խաղաղութիւն»-ը ո՛չ արդար է, ո՛չ ալ համապարփակ, որովհետեւ զանց կ՛առնէ իսկական խաղաղութեան համար բանալի խնդիրներ` արցախահայութեան տունդարձի միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքը, հայ ռազմաքաղաքական գերիներու առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած հողերէն ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումը:

Հայ դատի մարմինը շեշտեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ստեղծման հիմնական պատճառը` արցախահայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը տակաւին կը յամենայ, անիկա չէ լուծուած, հակառակ Պաքուի եւ Անգարայի պնդումներուն: Ուստի ԵԱՀԿ-ն եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է շարունակեն ներգրաւուած մնալ:

Հայ դատի մարմինը ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը կրնայ աշխարհաքաղաքական պայմաններու բերմամբ թուլացած ըլլալ, սակայն անիկա կրնայ յստակ եւ կեսնական դերակատարութիւն ունենալ հայ գերիներու ազատ արձակման հարցին մէջ, ինչ որ կը վերաշխուժացնէ այդ ձեւաչափը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նոյն հարցով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընին ալ յղեց այլ նամակ մը, որուն մէջ վերոնշեալներուն կողքին նշեց, թէ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած եռակողմ հռչակագիրին մէջ կը նշուի «հետագայ գործողութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը», եւ ատկէ մեկնելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ու անոր վարչակազմին կոչ ուղղեց` աշխուժ կերպով հետապնդելու արցախահայութեան տունդարձի միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքի իրականացման, հայ ռազմաքաղաքական գերիներու առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակման ու Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած հողերէն ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումը ապահովելու հարցերը, «որովհետեւ անոնք մարդկային իրաւանց կարեւոր հարցեր են եւ «արդար ու համապարփակ» համաձայնութեան մը համար կենսական»:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Վերջին Անգամ Ըլլալով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (29 Օգոստոս 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?