2 սեպտեմբերին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ-ի կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Արցախի անկախութեան օրուան: Այս օրը տարիներ շարունակ նշուած է իբրեւ հայ ժողովուրդի պայքարի եւ յաղթանակի խորհրդանիշ:
NEWS.am-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ հանրահաւաքը հարթակ պիտի դառնայ չլուծուած խնդիրներու մասին յիշեցնելու եւ ազգային իրաւունքները պաշտպանելու համար:
«Արցախի հարցը լուծուած չէ: Ազատութեան հրապարակին մէջ ներկաները պիտի խօսին արցախցիներու հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի, գերիներու վերադարձի եւ ընդհանրապէս այն մասին, որ գործող իշխանութիւնը իրաւունք չունի ուժի սպառնալիքի տակ ժողովուրդին անունով դաւաճանաբար փաստաթուղթեր ստորագրելու: Ժողովուրդը ունի հաւաքական իրաւունքներ, որոնք պէտք է պաշտպանուին», ըսած է ան:
Սաղաթէլեանի համաձայն, Արցախի հարցը փակուած ներկայացնելու վերաբերեալ իշխանութիւններու փորձերը ինքնախաբէութիւն են: «Մեր ժողովուրդը համաձայն չէ ասոր հետ, քանի որ 2023 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտումներուն հետեւանքով մարդիկ զրկուած են իրենց հայրենիքին մէկ մասէն եւ անկէ ետք անընդունելի է ըսել, որ հարցը փակուած է», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Հանրահաւաք կատարելու գաղափարը, ըստ անոր, յառաջացած է հանրային պահանջարկի խորապատկերին վրայ` ինչպէս Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքական ու քաղաքացիական ուժերու, այնպէս ալ ամբողջ հասարակութեան կողմէ: «Ակնյայտ էր, որ միասին հաւաքուելու եւ այս խնդիրներուն մասին բարձրաձայն յայտարարելու անհրաժեշտութիւն կայ», նշած է ան:
Սաղաթէլեան ընդգծած է, որ հանրահաւաքի կեդրոնական նիւթերէն մէկը պիտի ըլլայ ռազմագերիներու հարցը: «Հակառակ իշխանութիւններու` այսպէս կոչուած խաղաղութեան մասին յայտարարութիւններուն, մեր հայրենակիցները կը շարունակեն մնալ Պաքուի բանտերուն մէջ, իսկ ազրպէյճանական զօրքերը կը գտնուին ինքնիշխան Հայաստանի տարածքին մէջ: Այդ պահանջներն ու դիրքորոշումները յստակ պիտի ձեւակերպուին հանրահաւաքի ժամանակ»:
Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչը նաեւ նշած է, որ հանրահաւաքը նուիրուած պիտի չըլլայ բացառապէս Արցախին: «Այս հանրահաւաքը միայն Արցախի եւ Արցախի ժողովուրդի համար չէ: Ան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան համար է», ըսած է պատգամաւորը:
Կազմակերպիչները կ՛ակնկալեն քաղաքացիներու լայն մասնակցութիւն, իսկ Դաշնակցութեան կոչը, Սաղաթէլեանի համաձայն, արդէն իսկ դրական արձագանգ ստացած է շարք մը հասարակական եւ քաղաքական ուժերու կողմէ: