Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ընդդէմ 11-րդ Կէտին

Օգոստոս 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետին կատարած յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ առիթ ծառայեցուած է Հայաստանի վարչապետին կողմէ հերթական անգամ հակապետական միտքեր արտայայտելու: Հակապետականութիւն դրսեւորած ըլլալուն կ՛անդրադառնանք քիչ ետք: Հիմա փորձենք վերլուծել այս բոլորին շարժառիթն ու նպատակը:

Քաղաքականօրէն պարզ է եւ գուցէ դասագրքային ճշմարտութիւն, որ որեւէ պետութիւն ցեղասպանութեան ճանաչումի քայլը իբրեւ խաղաթուղթ կ՛օգտագործէ Անգարայի հետ իր յարաբերութիւններու ընթացքին: Այդպէս ըրին եւ հաւանաբար պիտի շարունակեն ընել շատ պետութիւններ` Ռուսիոյ դաշնութենէն, մինչեւ Միացեալ Նահանգներ: Հասկնալի է նաեւ, որ ոմանց պարագային այս հարցը կամ անոր ժխտողականութեան քրէականացման համար մշակուող օրինագիծերը կրնան ունենալ ընտրական մղիչ գործօններու դեր` ազդելու համար հայկական քուէներու ուղղորդման աշխատանքին վրայ:

Արձանագրենք, որ առաջին նախագահին օրով, ցեղասպանութեան ճանաչումի առաջադրանքը դուրս եկաւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն` իբրեւ թէ դրացի պետութեան հետ բնականոն յարաբերութիւններու մշակման համար: Ստացանք ամբողջական շրջափակում եւ նախապայմանային քարացած քաղաքականութիւն:

Առաջին նախագահին օրով էր, որ ծաղրուեցաւ հայդատականութիւնը, առաւելապաշտութիւնը նկատուեցաւ կործանարարութիւն եւ տարանջատում նուիրականացաւ հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ, պաշտօնապէս ըսելու համար, որ սփիւռքը իրաւունք չունի խառնուելու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կամ ընդհանրապէս հայրենիքի խնդիրներուն:

Այս գաղափարախօսութեան նորովի եւ ամէն սահման հատող «իրական Հայաստան»-ի այսպէս կոչուած հիմնադրոյթներն են, որոնք կը հրամցուին վարչապետին կողմէ հանգրուան առ հանգրուան:

Ըստ էութեան Անգարայի եւ Պաքուի ճշդած բոլոր նախապայմաններն են, որոնց ընդառաջ Երեւանը կը յանձնուի քայլ առ քայլ: Հիմա արդէն ցեղասպանութեան ճանաչումի օրակարգէն հրաժարելու պատրաստակամութեամբ:

Խօսիլ հանրապետութեան զինանշանի խորհրդանշաններու ժամանակավրէպութեան մասին, յետոյ Արարատը հակադրել Արագածին, ձաղկել հայդատականութիւնը, աւարտած համարել դաշնակցական գաղափարախօսութիւնը, յայտարարել, որ Հայաստանի վարչապետն ու կառավարութիւնը պատասխանատու են միայն 29.743 քառ. քմ տարածութեան մէջ ապրող քաղաքացիներուն, յայտնել, որ սփիւռքահայերը իրենց խնդիրներու լուծման համար որեւէ ակնկալութիւն պէտք չէ ունենան Հայաստանի իշխանութիւններէն, հարցականի տակ առնել ցեղասպանութեան պատճառահետեւանքային փաստերն ու իրողութիւնները, Թուրքիայէն բացի այլ պատասխանատուներ որոնել ցեղասպանութեան կազմակերպման մէջ եւ այժմ ալ ցեղասպանութեան ճանաչումի գործընթացը հակադրել Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն: Այս ընթացքին հաղորդել զգացականութիւն` ճանաչումի իւրաքանչիւր քայլը մեկնաբանելով նահատակներու արեան դիմաց տրուած վաճառագինի:

Այս հանրագումարը կը համոզէ, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան քարոզարշաւի մէջ կարեւորագոյն օղակն է, որ կը սպասարկուի այս ձեւով:

Արցախի էջը փակելէ, պատմական արդարութեան վերականգնման եւ համայն հայութեան իղձերու կենսագործման հռչակագրային հիմնադրոյթներու ջնջման փորձէն ետք, այս ձեւով վարչապետը ուղղակի կը հարուածէ Անկախութեան հռչակագիրին 11-րդ կէտը. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար կը կանգնի 1915 թուականին օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:

Արեւմտեան Հայաստանը վաղուց դուրս եկած է իբրեւ ձեւակերպում պետական բառապաշարէն: Այդ դուրս բերումը սերտօրէն կապ ունի համայն հայութեան իղձերու կենսագործման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման հռչակագրային դրոյթներուն ջնջման քաղաքականութեան հետ:

Ամիսներ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը Երեւանի առաջնային օրակարգը չէ: Հիմա այս ձեւով կը յայտարարուի, որ ոչ թէ առաջնային, այլ ընդհանրապէս օրակարգ չէ: Աւելի՛ն. կը հաստատուի, որ ճանաչումը չի բխիր Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն: Վճարագին է, որ հիմնականին մէջ կը հարուածէ պետութեան շահերը: Արդիւնք` ճանաչումի իւրաքանչիւր քայլ հարուածած կ՛ըլլայ, ըստ այս տրամաբանութեան, Երեւանի եւ Անգարայի շահերը:

Շրջումի փորձ կը կատարուի տասնամեակներու վրայ կիրարկուած ռազմավարութիւն մը: Հիմա կ՛առաջադրուի համազգային իրաւունքներէ ամբողջական հրաժարում:

Երեւանը, շրջափակուած ըլլալով ցեղասպանութիւն գործադրած պետութեան մը իրաւաժառանգորդով եւ տակաւին վերջերս ցեղասպանութիւն գործած այլ պետութեամբ, յանձնուողականութեան հերթական պատրաստակամութիւն կը յայտնէ վարչապետին ճամբով: Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացուցած, ցեղասպանութիւն գործադրած Ազրպէյճանի դէմ դատական դիմումները կը չեղարկուին նախաստորագրութիւններով: Մինչդեռ փորձագիտական հանրութեան եզրակացութիւնները կ՛ընդգծէին Արցախի ցեղասպանութեան փաստի արձանագրումը հիմք նկատել Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի իրականացման աշխատանքներուն համար:

Անկախութեան հռչակագիրը տակաւին կը պահպանէ իր սահմանադրականութիւնը: Վարչապետին յայտարարութիւնը հակապետական է եւ հակասահմանադրական, որովհետեւ ամբողջովին կը հակադրուի հռչակագիրի 11-րդ կէտին: Սահմանադրական դատարանը ըսելիք պէտք է ունենայ, եթէ անշուշտ անկախ կը գործէ:

Նախորդը

Մաքրոն. «Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանէն Հեռացումն Ու Բոլոր Խախտումներու Դադրեցումը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Գործադրման Հիմնական Նախապայմաններ Են»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 213-ի Լուծում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?