Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Իրանը Պատրաստ Է Սէուտական Արաբիոյ Հետ Լիբանանի Հարցով Երկխօսութիւն Կատարելու»

Օգոստոս 28, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի ներքին գործերուն չենք միջամտեր, սակայն ատիկա արգելք չէ, որ մեր կարծիքն ու դիրքորոշումը յայտնենք, եւ ատիկա բան մըն է, որ բոլոր պետութիւնները կը կատարեն, օրինակ` Սէուտական Արաբիան Լիբանանի վերաբերեալ իր տեսակէտը կը յայտնէ, եւ ատիկա միջամտութիւն չի նկատուիր: Իսկական միջամտութիւնը այն է, որ լիբանանեան հողեր կը բռնագրաւուին, կամ կ՛առաջարկուի Լիբանանը տկարացնելու եւ զայն յանձնելու տարօրինակ ու արտառոց ծրագիր մը»:

«Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի զէնքի որոշումին, ապա ատիկա ինքնին կուսակցութեան կը մնայ: Կուսակցութիւնը յայտարարեց առաջարկ մը, որ հիմնուած է բոլոր բաղադրիչ մասերուն մասնակցութեամբ Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան ճշդման ազգային երկխօսութեան վրայ, եւ մենք վստահ ենք մէկ ճշմարտութենէ` Իսրայէլ կ՛ուզէ, որ շրջանի բոլոր պետութիւնները ըլլան տկար, ապազինուած, տարտղնուած եւ իրարու հետ տագնապի մէջ», աւելցուց Արաղչի:

«Նայեցէ՛ք Սուրիոյ, այդտեղ կայ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարութենէն արմատականապէս տարբեր նոր կառավարութիւն մը, սակայն եթէ անոնց միջեւ բաղդատութիւն կատարենք, պիտի տեսնենք, թէ Իսրայէլ սուրիական յաւելեալ հողեր գրաւեց, նոր կառավարութեան բոլոր զինուորական կարողութիւնները ռմբակոծեց, մինչեւ որ ազդու հրասայլ մը կամ զինուորական ուժ մը չմնաց: Ասիկա բեմագրութիւն մըն է, որ Իսրայէլ կը փորձէ Լիբանանի մէջ գործադրել, եւ Դիմադրութեան զէնքը անոր դէմ կանգնեցաւ», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Ճիշդ է, որ Դիմադրութիւնը վերջին ամիսներուն հարուածներու եւ վնասներու ենթարկուեցաւ, եւ կը կարծեն, թէ տկարացած է, ուստի կ՛ուզեն անոր զէնքը խլել, սակայն Հըզպալլայի զինաթափումը հարիւր տոկոսով իսրայէլեան ծրագիր է, եւ կը վերահաստատեմ, թէ այդ առնչութեամբ որոշումը կը պատկանի Հըզպալլային, լիբանանեան կառավարութեան եւ ինքնին լիբանանցիներուն, իսկ մենք պարզապէս մեր կարծիքը կը յայտնենք», ըսաւ ան:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Թեհրան պատրաստ է Ռիատի հետ լիբանանեան թղթածրարին շուրջ բանակցելու` նշելով, որ Ժետտայի մէջ իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ հանդիպումի ընթացքին Լիբանանի շուրջ լաւ քննարկում տեղի ունեցած է:

«Այո՛, տարակարծութիւն կայ, սակայն հանդարտօրէն եւ դրական մթնոլորտի մէջ խօսեցանք, եւ մենք պատրաստ ենք սէուտական կողմին հետ այս քննարկումն ու երկխօսութիւնը շարունակելու, մինչեւ որ այս թղթածրարի կարգաւորման նպաստող կէտի հասնինք: Կասկած չունիմ, որ Սէուտական Արաբիան կ՛ուզէ լիբանանցի ժողովուրդին օգնել: Մենք եւս կ՛ուզենք օգնել, սակայն գործիքակազմն ու միջոցները կրնան տարբեր ըլլալ: Բայց եւ այնպէս, յուսալից եմ, որ մեր միջեւ հասարակաց կէտերու կրնանք հասնիլ», նշեց Արաղչի:

 

 

Նախորդը

Անդրադառնալով Ամերիկեան Պատուիրակութեան Այցելութեան` Պըրրի. «Իրենց Խոստացածին Հակառակով Վերադարձան Մեզի, Ուստի Հարցերը Դարձեալ Դէպի Բարդացում Կ՛ուղղուին»

Յաջորդը

Սալամ Գահիրէի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Սիսիի Հետ

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?