Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ողջունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան մինչեւ 2027 թուական երկարաձգումը` միեւնոյն ժամանակ շեշտելով իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան սահմանային կէտերէն հեռացման անհրաժեշտութիւնը:
Մաքրոն յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին «ողջունեցի ուժի մենաշնորհի վերատիրացման վերաբերեալ այն քաջարի որոշումները, որոնք լիբանանեան գործադիր իշխանութիւնները որդեգրեցին: Լիբանանեան կառավարութիւնը կը քաջալերեմ որդեգրելու ծրագիրը, որ այս առնչութեամբ նախարարաց խորհուրդին պիտի ներկայացուի»:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի հարցով ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան «Լիբանան պիտի այցելէ իշխանութիւններուն հետ կողք-կողքի մեր առաջնահերթութիւններուն վրայ աշխատելու` անմիջապէս որ (զէնքի մենաշնորհման որոշումի գործադրութեան ծրագիրը) որդեգրուի»:
Մաքրոն նաեւ շեշտեց. «Հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացումը եւ Լիբանանի գերիշխանութեան բոլոր խախտումներուն վերջ տալը այս ծրագիրի գործադրութեան հիմնական նախապայմաններ են»:


