Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Երկարաձգման Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացման Ջանքերուն Համար Շնորհակալութիւն Յայտնեց Մաքրոնին

Օգոստոս 29, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը: Ֆրանսական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութիւնը երկարաձգելու համար վերջին հաղորդակցութիւններուն:

Նախագահ Աուն իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին շնորհակալութիւն յայտնեց անձնապէս եւ ՄԱԿ-ի մէջ ֆրանսական պատուիրակութեան ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման նպատակով ջանքերուն համար, որոնք ֆրանսական կողմը թափեց Միացեալ Նահանգներու եւ Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն միջեւ ամբողջական համակարգումով, ինչ որ յանգեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան մինչեւ 2027 թուականի աւարտ երկարաձգման:

Լիբանանի նախագահական պալատին համաձայն, կը նախատեսուի, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու գործնական տեւողութիւնը մէկ տարի եւ չորս ամիս ըլլայ, իսկ 2027 թուականը կը յատկացուի միջազգային խաղաղապահ զինուորներուն աստիճանաբար մինչեւ տարուան աւարտ հեռացման:

Նախագահ Աուն այդ մէկը նկատեց յառաջադէմ քայլ մը, որ լիբանանեան բանակին պիտի օգնէ մինչեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններ տեղակայուիլ, երբ Իսրայէլ ամբողջովին հեռանայ լիբանանեան հողերէն, իր թշնամական արարքները դադրեցնէ, եւ լիբանանցի գերիները վերադառնան:

Քննարկուեցաւ նախարարաց խորհուրդին կողմէ արծարծուելիք` զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու վերաբերեալ բանակի մշակելիք ծրագիրը: Մաքրոն չափազանց կարեւոր նկատեց այդ քայլը` նշելով, որ ատիկա պէտք է եւրոպական եւ միջազգային լայն աջակցութեան արժանանայ:

Երկու նախագահները նաեւ անդրադարձան պատրաստութիւններուն գումարելու միջազգային երկու խորհրդաժողովներ, առաջինը Լիբանանի վերաշինութեան, իսկ երկրորդը` բանակի աջակցութեան վերաբերեալ:

Ֆրանսայի նախագահը նշեց, որ այդ երկու խորհրդաժողովներու գումարման զուգահեռ պէտք է ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումները կատարել:

Մաքրոն նոյնպիսի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Թաղապետներու Լիկայի Ընտրութիւններուն` Պետրոս Գուլաճեան Ընտրուեցաւ Առաւելագոյն Ձայներով

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Վերջին Անգամ Ըլլալով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?