Քրեմլին նշեց, որ եւրոպական ուժերը կը խոչընդոտեն Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերը, եւ Ռուսիան պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ մէջ իր գործողութիւնները, մինչեւ որ Մոսկուան իսկական ցուցանիշ մը տեսնէ, թէ Քիեւ խաղաղութեան պատրաստ է:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով պետական լրատուամիջոցներու լրագրողներու յայտնեց, թէ «պատերազմի եւրոպական կուսակցութիւնը» կը շարունակէ Ուքրանիոյ վերաբերեալ ամերիկեան եւ ռուսական ջանքերը խոչընդոտել:
«Մենք պատրաստ ենք խնդիրը քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներով լուծելու, սակայն մինչեւ հիմա Քիեւի կողմէ ատիկա իրագործելու համար որեւէ նոյնպիսի քայլ չենք տեսներ: Ուստի, պիտի շարունակենք զինուորական յատուկ գործողութիւնը», աւելցուց Փեսքով: