Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Կ՛աջակցի Երեւանի Եւ Պաքուի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լուծարելու Որոշումին

Օգոստոս 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միացեալ որոշումին` լուծարելու Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակը, որ կը զբաղէր ղարաբաղեան տագնապին լուծումով: Այս մասին «Առ.Պի.Քէյ»-ին ըսած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչը` աւելցնելով, որ այդ խմբակը կը նախատեսուի ամբողջութեամբ լուծարել մինչեւ դեկտեմբեր 2025:

Ըստ անոր, խօսքը կը վերաբերի երեք կառոյցներու` Մինսքի խմբակի, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի պաշտօնի եւ բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբի աշխատանքի դադրեցման:

«Հաշուի առնելով կողմերու դիրքորոշումը զանոնք պահպանելու աննպատակայարմարութեան վերաբերեալ, մենք որեւէ պատճառ չենք տեսներ կանխելու անոնց լուծարումը», ըսած է դիւանագէտը:

Ըստ Լուքաշեւիչի, Մինսքի խմբակի լուծարման ընթացակարգը հետեւեալն է. ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդը (քաղաքական խորհրդակցութիւններու հիմնական որոշում տուող մարմինը) կազմակերպութեան անդամներուն առաջարկած է «լռելեայն համաձայնութիւն տալ» այս հարցի վերաբերեալ նախարարական որոշումին. եթէ մինչեւ 1 սեպտեմբեր ոչ ոք դէմ ըլլայ խմբակի լուծարման, որոշումը կը նկատուի ընդունուած:

«Կարեւոր է հաշուի առնել, որ այս որոշումին իրականացման առնչուած վարչական եւ ֆինանսական միջոցառումներու իրականացումը պիտի տեւէ քանի մը ամիս: ԵԱՀԿ-ը կը նախատեսէ զանոնք աւարտել ոչ ուշ, քան այս տարուան դեկտեմբերը: Ատկէ ետք բոլոր երեք կառոյցները, որոնք պատասխանատու էին Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման նպաստելու համար, պէտք է դադրին գոյութիւն ունենալէ», ըսած է Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչը:

Մինսքի խմբակը ԵԱՀԿ-ի վրայ հիմնուած ձեւաչափ է Արցախի հարցի լուծման համար եւ կը գործէ 1990-ական թուականներու սկիզբէն: Ունի երեք համանախագահ` Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, մնայուն անդամներ` Ազրպէյճանը, Հայաստանը, Պիելոռուսիան, Գերմանիան, Իտալիան, Թուրքիան, Ֆինլանտան եւ Շուէտը:

Նախորդը

Իրանի Խորհրդարան. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Նման Ծրագիրներ Իրականացնելու Որեւէ Քայլ Պիտի Դառնայ Հաւաքական Անվտանգութեան Համար Ուղղակի Սպառնալիք»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?