Պարրաք. «Լիբանան Շրջանային Ուժերու Ձեռքը Իյնալու Վտանգը Կը Դիմագրաւէ, Պէտք Է Զէնքի Հարցը Լուծէ, Այլապէս Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւէ»
Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք էմիրաթական «Տը Նեշընըլ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին զգուշացուց, թէ Լիբանան շրջանային ուժերու ձեռքը իյնալու վտանգը կը դիմագրաւէ, եթէ Հըզպալլայի զէնքի խնդիրը լուծելու քայլերու չդիմէ»: «Լիբանան կարիքը ունի այս խնդիրը լուծելու, այլապէս կրնայ գոյութենական վտանգ դիմագրաւել», նշեց ան` աւելցնելով. «Մէկ կողմէ Իսրայէլը եւ միւս կողմէ Իրանը, իսկ հիմա Սուրիան մեծ...




















