Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ Գահիրէի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Սիսիի Հետ

Օգոստոս 28, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէի, ուժանիւթի նախարար Ճօ Սըտիի, Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հալապիի եւ իր գրասենեակի տնօրէն Ֆարահ Խաթիպի հետ այցելեց Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

Սալամ իր մեծ գնահատանքը յայտնեց Եգիպտոսի ղեկավարութեան, կառավարութեան եւ ժողովուրդին` տեւական կերպով Լիբանանի կողքին կանգնելնուն համար, ինչպէս նաեւ ներկայացուց յառաջիկայ փուլին կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, ըլլայ այդ տնտեսական ընթացող բարեկարգումներու առումով, թէ պետութեան իր բոլոր հողերուն վրայ իշխանութիւնը տարածելու երթի ամբողջացման առումով:

«Լիբանան անհամբեր կը սպասէ արաբական բոլոր պետութիւններուն հետ գործակցութեան եւ իրերամբողջացման յարաբերութիւնները ամրապնդելուն», նշեց ան:

Սալամ յայտնեց, որ եղբայրական ու բարեկամ պետութիւնները պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնեն, որպէսզի վերջինս դադրեցնէ Լիբանանի վրայ իր յարձակումները եւ ամբողջովին հեռանայ երկրի հարաւէն:

Ան շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է աջակցի լիբանանեան պետութեան հաստատութիւններուն, նախ եւ առաջ բանակին, որպէսզի կարենայ իր ազգային առաքելութիւնը կատարել:

Վարչապետը նաեւ յայտնեց, որ պէտք է միաւորել արաբական ջանքերը` դիմակայելու համար արաբական ազգային անվտանգութեան դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, մասնաւորաբար Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի «Մեծն Իսրայէլ»-ի վերաբերեալ յայտարարութենէն ետք, եւ իսրայէլեան կառավարութեան Կազան քանդել եւ անոր ժողովուրդը սովի մատնել շարունակելուն լոյսին տակ:

Եգիպտոսի նախագահը ողջունեց Սալամի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր Եգիպտոս առաջին այցելութիւնը` գնահատելով լիբանանեան կառավարութեան անցնող ամիսներու ընթացքին որդեգրած «դրական քայլերը»` վերակազմակերպելու պետութեան հաստատութիւնները եւ իր իշխանութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածելու առումով:

Սիսի շեշտեց, որ իր երկիրը ամբողջովին կ՛աջակցի լիբանանեան պետութեան կայունութեան վերականգնման, տնտեսական առողջացման եւ վերաշինութեան ջանքերուն` շեշտելով. «Անհրաժեշտ է շարունակել պէտք եղած ամէն բան` երաշխաւորելու համար Լիբանանի կայունութեան եւ ազգային միասնականութեան չխաթարուիլը»:

Նախորդը

Արաղչի. «Իրանը Պատրաստ Է Սէուտական Արաբիոյ Հետ Լիբանանի Հարցով Երկխօսութիւն Կատարելու»

Յաջորդը

Ակնարկ. Շրջելու Համար Պաքուի Մարտավարութիւնը

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?