Գլխաւոր լուրեր

Ծիծեռնակաբերդի  Յուշահամալիրին Մէջ Հրապարակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան  100-րդ Տարելիցի Համահայկական Հռչակագիրը

Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Հրապարակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Համահայկական Հռչակագիրը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին աւարտէն ետք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը` յանձնաժողովի անդամներուն եւ ընդլայնուած նիստի մասնակիցներուն հետ 29 յունուարին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ զետեղած Հայոց մեծ եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած անմեղ զոհերու յիշատակին: Պետական յանձնաժողովի անդամները այնուհետեւ ծանօթացած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նոր ցուցադրութեան նախապատրաստման աշխատանքներուն: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին...

Պաշտօնական Ներկայութեամբ`  Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկի Բացում

Պաշտօնական Ներկայութեամբ` Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկի Բացում

Հայաստանի նախագահ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 29 յունուարին ներկայ գտնուած են մայրաքաղաքի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի բացման: Կոմիտասի թանգարանի կառուցումը իրականութիւն դարձաւ Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամի եւ անոր պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի նիւթական ներդրումով: Անկէ առաջ պաշտօնական անձնաւորութիւնները,...

Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Վերաբերող  Մամլոյ Ասուլիս.  Դոկտ. Յովհաննէս Թասլաքեան.  «Հիմնականը Հայկական  Գրաւեալ Հողերու Հատուցումն Է»

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Վերաբերող Մամլոյ Ասուլիս. Դոկտ. Յովհաննէս Թասլաքեան. «Հիմնականը Հայկական Գրաւեալ Հողերու Հատուցումն Է»

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, երէկ` հինգշաբթի, 29 յունուար 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը Լիբանանի Կաթողիկէ լրատուամիջոցներու կեդրոնին մէջ, Ժալ էլ Տիպ` ներկայութեամբ հայ թէ օտար մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր հայրերու: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հայ կաթողիկէ պատրիարքական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած այս ասուլիսին խօսք առին Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան եւ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան: Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան...

Համազգայինի «Լիւսի  Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  «Դէպի Ապագայ» Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. «Դէպի Ապագայ» Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 29 յունուարին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայրենի երիտասարդ գեղանկարիչներ Գայ Ղազանչեանի, Արփի Վարդանեանի եւ Ժորա Գասպարեանի «Դէպի ապագայ» թեմայով ցուցահանդէսին: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, դեսպանատան անձնակազմէն ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ: Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի...

Հայոց Բանակի Կազմաւորման 23-Ամեակի  Հանդիսաւոր Նշում` Երեւանի Մէջ

Հայոց Բանակի Կազմաւորման 23-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Երեւանի Մէջ

Հայոց բանակի ստեղծման 23-րդ տարեդարձին   օրուան առիթով Եռաբլուր պանթէոն երէկ այցելած են Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսները, ինչպէս  նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք յարգանքի տուրք մատուցած են իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ի պատասխան լրագրողներու  հարցումներուն,...

Փերինչեքի Գործով Վճիռը`  6-8 Ամսուան Ընթացքին

Փերինչեքի Գործով Վճիռը` 6-8 Ամսուան Ընթացքին

Երէկ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Մեծ պալատին մէջ տեղի ունեցաւ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» գործի լսումը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Եւրոպական դատարանը գործին առնչութեամբ վճիռ պիտի արձակէ 6-8 ամսուան ընթացքին: Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 10:15-ին սկսած դատական առաջին նիստին ընթացքին առաջինը խօսք առած է Տողու Փերինչեք: Ըստ կանոնակարգի, յաջորդիւ ելոյթ ունեցած են իբրեւ պատասխանող կողմ Զուիցերիոյ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնները: Հայկական կողմէն հանդէս եկած...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի  Ուղերձը` Հայոց Բանակի Օրուայ Առիթով

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը` Հայոց Բանակի Օրուայ Առիթով

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հայ ժողովուրդին յղեց շնորհաւորական ուղերձ` հայոց բանակի հիմնադրութեան 23-ամեակին առիթով: Ստորեւ` ուղերձին բովանդակութիւնը: «1992թ. յունուարի 28-ին, ուղիղ քսաներեք տարի առաջ, պատմական որոշումով ազդարարուեց Հայոց Ազգային բանակի ստեղծումը: Հայոց բանակն ու Հայոց պետականութիւնն իրենց կայացման ճանապարհին դժուար փորձութիւններ անցան, լրջագոյն մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցին եւ շարունակում են դիմագրաւել: Հայոց բանակի 23-րդ տարեդարձն է այսօր: Ու, չնայած իր «երիտասարդ»...

Մուսուլի Հայկական  Եկեղեցին Կը Հրկիզուի

Մուսուլի Հայկական Եկեղեցին Կը Հրկիզուի

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները հիւսիսային Իրաք գտնուող Մուսուլ քաղաքի հայկական եկեղեցին հրկիզած են: Հրկիզուածը հայկական նոր եկեղեցին է, իսկ հին եկեղեցին տակաւին կանգուն կը մնայ: Լուրը հաստատուած է Իրաքի հայոց թեմին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ տեղեկացուցած է, որ նոր կառուցուած հայկական այս եկեղեցին, երկու տարի առաջ, տակաւին չբացուած` թալանուած եւ պայթեցուած էր: ՏԱՀԵՇ 2014-ի յուլիսին Մուսուլը գրաւեց...

Մազարեհ Շեպաայի Մէջ Իսրայէլեան  Ուժերը Թիրախ Կը Դառնան  Հըզպալլայի Հրթիռներուն

Մազարեհ Շեպաայի Մէջ Իսրայէլեան Ուժերը Թիրախ Կը Դառնան Հըզպալլայի Հրթիռներուն

Հըզպալլա երէկ տեսակարար գործողութեամբ մը պատասխանեց Սուրիոյ Քնայթրա շրջանին մէջ Իսրայէլի կատարուած գործողութեան: Իսրայէլեան ուժերը յայտնեցին, որ իրենց դէմ գործողութիւն մը եղած է Մազարեհ Շեպաայի մէջ` ընդգծելով սակայն, որ այդ գործողութեան ընթացքին իսրայէլացի ոչ մէկ զինուոր գերեվարուած է: Հըզպալլայի հրապարակած թիւ 1 հաղորդագրութեամբ պաշտօնապէս ստանձնուեցաւ գործողութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:25-ին, Մազարեհ Շեպաայի մէջ, կուսակցութեան «Քնայթրայի...

Հըզպալլա Կը Պատասխանէ Քնայթրայի Գործողութեան

Հըզպալլա Կը Պատասխանէ Քնայթրայի Գործողութեան

Այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11։30-ին, Հըզպալլա Մազարեհ Շեպաայի մէջ թիրախ դարձուց իննը իսրայէլեան զրահապատներ։ Այս գործողութեան պատճառով իսրայէլեան ուժերուն շարքին արձանագրուած են 15 զոհեր եւ վիրաւորներ։ Գործողութենէն շուրջ ժամ մը ետք Հըզպալլա ստանձնեց այդ գործողութիւնը, նշելով, որ անիկա Քնայթրայի գործողութեան պատասխան է։ Իսրայէլեան ուժերը թնդանօթներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանը, յատկապէս Ապպասիէի մզկիթը։ Իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով սպաննուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամ սպանացի խաղաղապահ զինուոր...

ՀՅԴ Բիւրօ-Ռակ Կեդրոնական  Վարչութիւն Հանդիպում Երեւանի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրօ-Ռակ Կեդրոնական Վարչութիւն Հանդիպում Երեւանի Մէջ

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 27 յունուարին, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեան, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լեւոն Պըլըքեանի, այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոն եւ ընդունուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի կողմէ, որուն կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս հայ իրականութեան եւ մասնաւորապէս` Արցախի եւ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ`...

Մարդկային Իրաւանց  Եւրոպական Դատարանին Մէջ.  Այսօր «Փերինչեք Ընդդէմ Զուիցերիա»  Գործով` Զուիցերիոյ  Բողոքարկման Քննութիւնը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ. Այսօր «Փերինչեք Ընդդէմ Զուիցերիա» Գործով` Զուիցերիոյ Բողոքարկման Քննութիւնը

Այսօր Սթրազպուրկի մէջ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» գործով` Զուիցերիոյ բողոքարկման քննութիւնը: 9 մարտ 2007-ին զուիցերիական դատարանը երկրին քրէական օրէնսգիրքին 216-րդ յօդուածին հիմամբ դատապարտած էր թուրք ազգայնական Տողու Փերինչեքը` զինք նիւթական եւ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար: Զուիցերիոյ Վօ քանթոնի վերաքննիչ դատարանն ու Դաշնակցային գերագոյն դատարանը մերժած էին 9 մարտի դատավճիռին դէմ...

Զարիֆի Հաստատումով` Հայ-Իրանեան  Երկաթուղիի Կառուցման Վերաբերեալ  Եռակողմ Լաւ Որոշումներ Տրուած Են

Զարիֆի Հաստատումով` Հայ-Իրանեան Երկաթուղիի Կառուցման Վերաբերեալ Եռակողմ Լաւ Որոշումներ Տրուած Են

Պաշտօնական երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ  27 յունուարին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւոր նկատած են տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդումը, նախանշուած մեծ ծրագիրներու իրականացման իմաստով հետեւողական աշխատանքը, որ մեծապէս...

Օհանեան Հաւաքական Անվտանգութեան  Պայմանագիրի Կազմակերպութեան  Դիմելու Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ

Օհանեան Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Դիմելու Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ

«Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններուն  նկատմամբ իրականացուած ոտնձգութիւնները կանխելու համար Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիմել-չդիմելու համար պէտք է որոշում տայ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը»,  յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` երէկ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը այսօր կրնան լիարժէք իրականացնել իրենց առաքելութիւնը: «Չեմ կարծեր, թէ այս վերջին տարիներուն, եւ մանաւանդ հայկական զինեալ...

Հանդիպում Կիպրոսի  Հայ Համայնքի  Ներկայացուցիչին Հետ

Միրզոյեան. «ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակներուն Հետ Կ՛աշխատինք Յանուն Մէկ Նպատակի, Յանուն Մէկ Գաղափարի»

26 յունուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան տարեկան հաշուետու ասուլիսին ընթացքին պատասխանած է նաեւ լրագրողները յուզող հարցումներուն: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է Արցախի միջազգային ճանաչման հոլովոյթին մէջ ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու հետեւողական աշխատանքները եւ նշած. «Մեր որեւէ արտաքին յաղթանակ կարելի պիտի չըլլայ առանց սփիւռքեան կառոյցներու օժանդակութեան: Մենք կը համագործակցինք Հայ դատի գրասենեակներուն հետ,...

Հ.Յ.Դ. 32րդ Ընդհանուր Ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները, ընտրեց նոր Բիւրօ

Հ.Յ.Դ. 32-րդ Ընդհանուր Ժողովի Յայտարարութիւնը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 32-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Դիլիջանի մէջ, 16-24 Յունուար 2015-ին։ Ժողովին մասնակցեցան կուսակցութեան կազմակերպական շրջաններու պատգամաւորներ եւ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ։ Ժողովը քննարկեց եւ արժեւորեց կուսակցութեան անցնող հաշուետու ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը, ձեռքբերումներն ու բացթողումները, ապա լրամշակման ենթարկեց յառաջիկայ քառամեակին համար Հ.Յ.Դ. քաղաքական ուղեգիծն ու ռազմավարութիւնը եւ արտաքին ու ներազգային ճակատներու վրայ գործունէութիւնն ու դիրքորոշումները, իր համահայկական եւ Հայաստանակեդրոն աշխարհահայեացքի հիման...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում  Ունեցած Է Ամենայն Հայոց Եւ Մեծի Տանն  Կիլիկիոյ Զոյգ Վեհափառ Հայրապետներուն Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Ամենայն Հայոց Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զոյգ Վեհափառ Հայրապետներուն Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է  Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: «Հանրապետութեան նախագահը եւ վեհափառ հայրապետները, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները  համակարգող պետական յանձնաժողովի` այս օրերուն  տեղի ունենալիք 2015 թուականի անդրանիկ նիստէն առաջ, քննարկած են պետական յանձնաժողովին աշխատանքները եւ միջազգային ու միջեկեղեցական հարթակներուն վրայ, սփիւռքի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ ...

Նախագահ Սարգսեան. «Մեզի Համար  Արհաւիրք Պատրաստողին Նկատմամբ  Պարտաւոր Ենք Անողոք Ըլլալ»

Նախագահ Սարգսեան. «Մեզի Համար Արհաւիրք Պատրաստողին Նկատմամբ Պարտաւոր Ենք Անողոք Ըլլալ»

«Տարուան սկիզբը լարուած էր, եւ մենք ականատեսն ենք հակառակորդին բազմաթիւ  նախայարձակ գործողութիւններուն: Ունեցանք ցաւալի կորուստներ, որոնց համար կը սգանք»,  երէկ յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: «Կարծեմ ոչ ոք կը կասկածի, որ տղոցմէ իւրաքանչիւրին կեանքին համար ազրպէյճանցիները սուղ պիտի վճարեն. անոնք սուղ վճարած են, այսօր սուղ կը վճարեն եւ ապագային այդպէս ալ պիտի ըլլայ»,  շարունակած է նախագահը: Հայկական բանակի կազմաւորման...

«Ազդակ»-ի Ամանորեան  Բացառիկի Ներկայացում`  Երեւանի Մէջ

«Ազդակ»-ի Ամանորեան Բացառիկի Ներկայացում` Երեւանի Մէջ

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը 26 յունուարին «Նոյեան տապան» լրատուական գործակալութեան սրահին մէջ ներկայացուց «Ազդակ» օրաթերթի բացառիկ հատորը: Լրագրող, «Անի» կեդրոնի փորձագէտ Թաթուլ Յակոբեան նշեց, որ տարիներէ ի վեր «Ազդակ» բացառիկի հատորները կը ներկայացուին Երեւանի մէջ: Ան ընդգծեց, որ այս բացառիկները հայագիտական կարեւոր հատորներ են` շեշտելով, որ տարիներ ետք այս հատորները շատ մեծ արժէք պիտի ունենան իբրեւ աղբիւր...

Հարցազրոյց`  Դոկտ. Արա Սանճեանի Հետ

Հարցազրոյց` Դոկտ. Արա Սանճեանի Հետ

Երէկ` երկուշաբթի, 26 յունուար 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը Միշիկընի համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեանի հետ: Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրութեան եւ ուսումնասիրութեան շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով յետեղեռնեան սփիւռքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրութեան հոլովոյթին մասին` դոկտ. Սանճեան յայտնեց, որ Եղեռնի պատմագրութեան նախաքայլերը սկսած են անոր աւարտէն...

Page 790 of 795 1 … 789 790 791 … 795

Արխիւներ