Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասը Դարձեալ Ծաղկազարդուեցաւ Հայ Մանուկներով

March 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-29-15_antiliasԲազմահազար հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ, երէկ առաւօտ փութացին Անթիլիասի մայրավանք` տօնախմբելու Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ: Հոգեպարար տեսարան պարզուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, երբ հայ մանուկները մոմերով ու ձիթենիի ճիւղերով մասնակից դարձան Ծաղկազարդի թափօրին, ապա լսեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հայրական խօսքը:

«Այսօր մենք կը դիմաւորենք մեր Փրկիչին յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Ի՜նչ գեղեցիկ երեւոյթ է տեսնել մեր մանուկները իրենց ծնողներով, որոնք եկած են Ծաղկազարդի խորհուրդով ծաղկազարդելու իրենց կեանքը», ըսաւ վեհափառը եւ աւելցուց. «Այսօր, նաեւ մենք կը տօնենք հայ ժողովուրդին Ծաղկազարդը: Նայեցէք ձեր շուրջ: Ծաղկազարդուած է հայ կեանքը` Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, Լիբանան եւ սփիւռս աշխարհի: Պայծառակերպուած է մեր կեանքը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով: Վերանորոգուած է մեր կեանքը ազգային ձգտումներով ու երազներով»:

3-29-15_antilias1Վեհարանի պատշգամէն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած բազմահազար ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին աւարտին, վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` նշելով. «Ինչպէս գիտէք, ներկայ տարին 100-ամեակն է Հայոց ցեղասպանութեան. չմոռնանք, որ 100 տարիներ առաջ ցեղասպան թուրքը մեր նախահայրերն ու նախամայրերը ջարդեց. ուզեց հայ ժողովուրդը բնաջնջել ու Հայաստանը ջնջել աշխարհի քարտէսէն: Սակայն, ան չյաջողեցաւ  իր ծրագիրին մէջ: Այսօր հայ ժողովուրդը յարութիւն առած է իր ազատ ու անկախ հայրենիքով, ինքնիշխան Արցախով ու կազմակերպ սփիւռքով: Այսօր հայ ժողովուրդը պահանջատէր է. ան կը պահանջէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ իր իրաւունքներուն հատուցումը: Այս ոգիով ու յանձնառութեամբ մենք պէտք է մեր մանուկները դաստիարակենք մեր ընտանիքներուն եւ դպրոցներուն մէջ» կոչ ուղղեց վեհափառ հայրապետը:

Հայրապետական պատգամէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց հայ մանուկներն ու անոնց ծնողները: Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Վեհափառ հայրապետը բոլոր մանուկներուն նուէրներ բաշխեց` տօնական ուրախութեամբ լեցնելով անոնց սրտերը:

 

 

 

Նախորդը

Շողիկ Թորոսեան Բացառիկ Եւ Տպաւորիչ Դասական Համերգով Երաժշտական Ուրոյն Պահեր Պարգեւեց Արուեստասէրներուն

Յաջորդը

Նշմար. Էրտողանի Դժգոհութիւնները

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները
Գլխաւոր լուրեր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

September 29, 2026
Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.