Գլխաւոր լուրեր

Հ.Յ.Դ. 32րդ Ընդհանուր Ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները, ընտրեց նոր Բիւրօ

Հ.Յ.Դ. 32րդ Ընդհանուր Ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները, ընտրեց նոր Բիւրօ

ԵՐԵՒԱՆ (Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան, 24 Յունուար 2015) – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 32-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Դիլիջանի մէջ, 16-24 Յունուար 2015-ին։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով գումարուած ժողովին մասնակցեցան կուսակցութեան կազմակերպական շրջաններու պատգամաւորներ եւ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ։ Ժողովը նախ լսեց, քննարկեց եւ արժեւորեց կուսակցութեան անցնող հաշուետու ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը, ձեռքբերումներն ու թերացումները, ապա լրամշակման ենթարկեց յառաջիկայ քառամեակին համար Հ.Յ.Դ. քաղաքական ուղեգիծն ու ռազմավարութիւնը եւ...

Ղարաբաղեան Ուժերուն Կողմէ  Ձեռնարկուած Կանխարգելիչ  Գործողութիւններուն  Հետեւանքով Հակառակորդը Տուած Է  14 Զոհ, 20-էն Աւելի Վիրաւոր

Ղարաբաղեան Ուժերուն Կողմէ Ձեռնարկուած Կանխարգելիչ Գործողութիւններուն Հետեւանքով Հակառակորդը Տուած Է 14 Զոհ, 20-էն Աւելի Վիրաւոր

Համաձայն Արցախի պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն,  անցած շաբթուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 1800 անգամ` հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 20000 կրակոց: Նոյն ժամանակահատուածին մէջ ազրպէյճանական բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները շփման գիծի տարբեր հատուածներուն մէջ ձեռնարկած են երկու տասնեակէ աւելի հետախուզական ներթափանցման փորձեր, որոնք,  հանդիպելով հայ դիրքապահներու կուռ պաշտպանութեան, կորուստներ կրելով,...

Հանդիպում Հոլանտայի Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան  Բարձրաստիճան Պատուիրակութեան Հետ

Հանդիպում Հոլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բարձրաստիճան Պատուիրակութեան Հետ

ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը 20 յունուարին տեսակցած է Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած էին արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի բաժանմունքի տնօրէն Եոհան Վերպոմ, հայեցակարգային համակարգող աշխատակից Մաթէյս Սխրոթեր եւ  հայեցակարգային աշխատակից Մանիա Սիմոնս: Հայ դատի յանձնախումբը կը ներկայացնէին  Մասիս Աբրահամեան, Աննա Մովսէսեան եւ Սեպուհ Աբրահամեան: Մասիս Աբրահամեան ներկայացուցած է հոլանտահայութեան սպասումները Հոլանտայի կառավարութենէն` Հայոց...

Հարցազրոյց` Ուսումնական Խորհուրդի  Ատենապետ Յակոբ Եագուպեանի Հետ

Հարցազրոյց` Ուսումնական Խորհուրդի Ատենապետ Յակոբ Եագուպեանի Հետ

Շաբաթ, 24 յունուարի 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Յակոբ  Եագուպեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան: Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի հաստատման նպատակին, անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ անոր հեռանկարներուն: Արծարծուեցան նաեւ դպրոցին մէջ կիրարկուելիք կրթական ծրագիրին եւ Պուրճ Համուտի ազգային միւս վարժարանները յաճախող աշակերտներու նախատեսուած նոր վարժարան...

Արցախի Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմաններուն Վրայ Կացութիւնը Կը Մնայ Լարուած .  Ազրպէյճան Ծանր  Կորուստներ Կը Կրէ

Արցախի Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմաններուն Վրայ Կացութիւնը Կը Մնայ Լարուած . Ազրպէյճան Ծանր Կորուստներ Կը Կրէ

Ազրպէյճանցի հակառակորդը, շարունակելով սահմանային իրավիճակը ապակայունացնող գործողութիւնները, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ սահմանի տարբեր հատուածներուն վրայ կը շարունակէ ներթափանցումներու եւ յարձակումներու մարտավարութիւնը: Այս մասին գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան` դիմատետրի իր էջին մէջ: «Ազրպէյճանական զինեալ ուժերը, առանց նկատի ունենալու իրենց մեծաթիւ կորուստները, զորս կոպտօրէն կը թաքցնեն, կը շարունակեն  մարտավարական առումով անիմաստ ներթափանցումներու փորձեր իրականացնել: Գիշերուան ընթացքին...

«Ճիշդը Միայն Ծիծաղիլն Է Տաւութօղլուի Խօսքերուն Վրայ»  Կ՛ըսէ Արամ Համբարեան

«Ճիշդը Միայն Ծիծաղիլն Է Տաւութօղլուի Խօսքերուն Վրայ» Կ՛ըսէ Արամ Համբարեան

«Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի` օրերս հայերուն ուղղուած ուղերձը պէտք է դիտարկել ոչ թէ առանձին, այլ իբրեւ մէկ ընդհանուր քաղաքականութեան մաս, որ 100-ամեակի շեմին հայութեան նախաձեռնութիւններուն հակազդելու համար ծրագրած է Թուրքիան», «Երկիրն այսօր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ հակառակ Տաւութօղլուի` մեղմ եւ յառաջդիմական երեւնալու բոլոր ջանքերուն, անոր յայտարարութեան ետեւ շատ իրողութիւններ թաքնուած...

Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին Յղեց Անդրադարձ-Նամակ Մը

Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին Յղեց Անդրադարձ-Նամակ Մը

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անճելինա Էխհորեսթ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին յղեց նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ մարմինին կողմէ իրեն ուղարկուած գրքոյկին, որ կը վերաբերէր Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի-համալիրի ականահարման: Եւրոպական Միութեան դեսպանը իր նամակին մէջ ցաւ կը յայտնէ սեպտեմբեր 2014-ին Սրբոց Նահատակաց համալիրին ականահարման ու քանդումին համար եւ կը գրէ. «Եւրոպական Միութիւնը այն հաստատ համոզումը ունի,...

Հալէպ.  Հրթիռ Մը Ինկաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդարանին Մօտ

Հալէպ. Հրթիռ Մը Ինկաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդարանին Մօտ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 23 յունուար 2015-ի կէսօրին, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ արձակուած հրթիռ մը ինկաւ Հալէպի Թիլել պողոտային մէջ` հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանին մօտ: Հրթիռին պատճառով վնասուեցան բազմաթիւ բնակարաններ եւ խանութներ:

Խմբագրական.  Շեղելու Փորձեր

Խմբագրական. Շեղելու Փորձեր

Ընթացիկ տարուան առաջին ամիսը յատկանշած իրադարձութիւնները մտածել կու տան, որ բազմաթիւ ուղղութիւններով մեր թշնամիները ձեռնարկած են պետական մակարդակներու վրայ շատ աշխուժ պայքարի` հանրային կարծիքը կողմնորոշելու եւ հայկական պետութիւններու ուշադրութիւնը շեղելու քաղաքականութեան: Փորձենք ամփոփ կէտերու մէջ նշել այն ուղղութիւնները, որոնք ցարդ կ՛երեւին Անգարայի եւ Պաքուի միացեալ, միջպետական շտապին կողմէ հայկական հարցերուն գծով ուշադրութիւն շեղելու քաղաքական ընդհանուր պարունակին մէջ: Նկատուածները գուցէ ուրուագիծեր...

Դեսպան Քոչարեան Այցելեց  Խորհրդարանի Նախագահին

Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Դեսպան Քոչարեան եւ Պըրրի Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միջպետական տարբեր մարզերուն մէջ Պէյրութ-Երեւան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հարցազրոյց` Պատմաբան Իւմիթ Քուրթի Հետ

Երէկ, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` պատմաբան Իւմիթ Քուրթի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան փոխհատուցման ու իրաւունքներու վերականգնման հարցերուն: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին տարբեր կուսակցութիւններ հասած են իշխանութեան, սակայն ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը չէ փոխուած, Քուրթ յայտնեց, որ պէտք չէ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Վերահաստատէ  Իր Ամբողջական  Զօրակցութիւնը Սուրիահայութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Վերահաստատէ Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Սուրիահայութեան

Գերապայծառ Միրիաթեան, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Շահան սրբազան Հինգշաբթի, 22 յունուար 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները: Հոգեւոր հայրերը վեհափառ հայրապետին զեկուցեցին վերջին ամիսներուն ընթացքին շտապ օգնութեան մարմինի կատարած...

«Ազդակ»-ի Ամանորեան Բացառիկը  Պիտի Ներկայացուի Երեւանի Մէջ

«Ազդակ»-ի Ամանորեան Բացառիկը Պիտի Ներկայացուի Երեւանի Մէջ

Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը, «Ազդակ»-ը եւ «Նոյեան Տապան» գործակալութիւնը 26 յունուար 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, պիտի ներկայացնեն «Ազդակ»-ի ամանորեան բացառիկը: Ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան մամլոյ սրահին մէջ (Իսահակեան 28, 3-րդ յարկ): Շնորհահանդէսին կը յաջորդէ հիւրասիրութիւն: «Ազդակ» տարիներէ ի վեր պարբերաբար կը ներկայացնէ բացառիկ հատորներ, որոնցմէ մէկը կը նուիրուի անցնող տարուան  իրադարձութիւններուն, միւսը` Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ-թրքական...

Գիւմրիի Մէջ.  Վերջին Հրաժեշտ` Փոքրիկն  Սերիոժա Աւետիսեանի

Գիւմրիի Մէջ. Վերջին Հրաժեշտ` Փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի

Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի   մարմինը երէկ հողին յանձնեցին Գիւմրիի «Շիրակ» քաղաքային գերեզմանատան մէջ` ընտանիքի 6 անդամներուն կողքին: Սերիոժա Աւետիսեանի աճիւնը դուրս բերուեցաւ Ս. Նշան եկեղեցիէն, ուր երեքշաբթի տեղի ունեցած էր հոգեհանգստեան արարողութիւն: Բազմամարդ թափօրին մէջն էին Շիրակի մարզպետարանի եւ Գիւմրի քաղաքի ղեկավարութիւնը, պատգամաւորներ, արտասահմանէն հասած հիւրեր, հասարակական գործիչներ, զոհերու  հարազատները, քաղաքացիներ: Հայկական Կողմը Փերմեաքովին Մեղադրանք Առաջադրեց Աւետիսեաններու ընտանիքի...

Տաւութօղլու Կոչով Կը Դիմէ Համայն Հայութեան

Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին հետ կապուած յայտարարութիւն մը տարածած է` հայերուն կոչ ուղղելով նոր սկիզբի մը հիմը դնելու: Թրքական «Ռատիքալ»-ի փոխանցումով` Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութօղլուի ուղերձին մէջ նշուած է. «Արդէն 8 տարի է, որ մեզի հետ չէ Հրանդ Տինք, որ կը փորձէր իր զգացումներով եւ մտքերով լուսաւորել Օսմանեան կայսրութենէն Թուրքիոյ Հանրապետութեան փոխանցուած կարեւոր խնդիրներէն...

Մինասեան. «Կարեւորը Գործին  Ամբողջական, Խորքային Բացայայտումն Է»

Մինասեան. «Կարեւորը Գործին Ամբողջական, Խորքային Բացայայտումն Է»

Սերիոժա Աւետիսեանի յուղարկաւորութեան ներկայ եղած են նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ: «Ասիկա  համազգային սուգ է, որովհետեւ խօսքը հայոց սրբագոյն արժէքներէն մէկուն` ընտանիքի ոչնչացման մասին է: Ոեւէ հայ, աշխարհի ո՛ր ծայրին մէջ ալ ըլլայ, չի կրնար ասիկա բնականոն կերպով ընդունիլ եւ չսգալ», «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: Ըստ անոր, այժմ մեր առջեւ...

Ուրուկուէյի Նախագահին  Հովանաւորութեամբ  Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակի Ձեռնարկներ

Ուրուկուէյի Նախագահին Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներ

Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիքա նախքան իր  պաշտօնավարութեան աւարտը հանդիպում ունեցած է Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն եւ հայ համայնքի ղեկավարներուն հետ: Ըստ CausaArmenia.org-ի, հանդիպման ընթացքին Մուխիքա ընդգծած է հայ համայնքի ներդրումը Ուրուկուէյի մէջ եւ կարեւոր նկատած է այն հանգամանքը, որ Ուրուկուէյ առաջին երկիրը եղած է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մուխիքա, ընդառաջելով հայ համայնքի խնդրանքին, համաձայնած է իր բարձր հովանաւորութիւնը...

Նախարար Մովսէս Յակոբեան Եւ Անճէյ  Քասփրչիք Քննարկած Են  Սահմանագիծի Իրավիճակը

Նախարար Մովսէս Յակոբեան Եւ Անճէյ Քասփրչիք Քննարկած Են Սահմանագիծի Իրավիճակը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան երկուշաբթի ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան երէկ տարածած հաղորդագրութեան, հանդիպման ընթացքին  միտքեր փոխանակուած են Ղարաբաղի եւ  Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին եւ շրջանի ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերջին զարգացումներուն  վերաբերեալ:

Հոգեհանգստեան Բազմամարդ  Արարողութիւն` Փոքրիկն  Սերիոժա Աւետիսեանի

Հոգեհանգստեան Բազմամարդ Արարողութիւն` Փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի

Երէկ Գիւմրիի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի հոգեհանգիստի բազմամարդ արարողութեան ժամանակ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայել եպս. Աջապահեան նախ կարդաց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ցաւակցական ուղերձը: «Հրաժեշտ պիտի տանք այն մանուկին, որ մեր բոլորին ուշադրութեան առարկան էր: Մենք բոլորս աղօթեցինք, թէեւ գիտնալով, որ կրնան մեր աղօթքները չհասնիլ իրենց նպատակին, որովհետեւ ծանր էր, խոր էր վէրքը... Տղամարդու նման պայքարեցաւ...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Ցաւակցագիրը.  Դատաքննութիւնը Պէտք Է  Կայանայ Հայաստանի  Հանրապետութեան Մէջ Եւ Հայաստանի  Հանրապետութեան Օրէնքներով

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ցաւակցագիրը. Դատաքննութիւնը Պէտք Է Կայանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Օրէնքներով

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը խոր կսկիծով ստացաւ Գիւմրիում յունուարի 12-ին անմարդկային սպանդի հետեւանքով վիրաւորուած եւ 7 օր շարունակ կեանքի ու մահուան միջեւ պայքարող 6-ամսեայ փոքրիկ Սերիոժայի մահուան բօթը: Մեր ողջ կազմակերպութեան անունից ցաւակցում ենք եւ կիսում Աւետիսեան գերդաստանի, գիւմրեցիների, մեր ողջ ժողովրդի վիշտը, ցաւն ու բողոքը: Որեւէ բառ, խօսք, ցաւակցութիւն չի կարող սփոփել մեր ցանկացած հայրենակցի, ամէն մի բանական մարդու...

Page 791 of 795 1 … 790 791 792 … 795

Արխիւներ