Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շողիկ Թորոսեան Բացառիկ Եւ Տպաւորիչ Դասական Համերգով Երաժշտական Ուրոյն Պահեր Պարգեւեց Արուեստասէրներուն

March 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-28-15_shoghig-1Շաբաթ, 28 մարտ 2015-ի երեկոյեան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ գտնուելու բախտն ու առիթը ունեցողները կրցան լիովին ըմբոշխնել, ապրիլ ու վերանալ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի հետ, որ աւելի քան երկու ժամ տեւած մենահամերգին ընթացքին կրցաւ առաջին վայրկեանէն մինչեւ վերջինը գրաւել հանդիսատեսը: Սովորական երեկոյ չէր, որովհետեւ արհեստավարժ արուեստագէտ Շողիկ Թորոսեան կրցաւ հայ դասական երգացանկի ամէնէն արժէքաւոր եւ պատգամաբեր երգերով` Կոմիտասի ստեղծագործումներով, ազգային ու մարդկային ապրումներ, զգացումներ եւ մտածումներ մարմնաւորել` շնորհիւ իր բացառիկ ձայնին ու մեկնաբանելու ուրոյն կարողութեան: Ամբողջ համերգին ընթացքին Շողիկ Թորոսեան նոյն ազդուութեամբ, նոյն գեղեցկութեամբ եւ նոյն վարպետութեամբ կրցաւ պահել երաժշտական բարձր մակարդակ` թափանցելով մինչեւ սրտին խորերը սրահը լեցուցած բազմութեան:

Համերգը կազմակերպած էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցաբար,  Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն հովանաւորութեամբ` մեկնելով հետեւեալ սկզբունքէն. «Հայ մշակոյթը իր բոլոր մարզերով դարերու ընթացքին ձեւաւորուեցաւ, հարստացաւ եւ Կոմիտասի հանճարեղ մշակումներով համաշխարհային համբաւին ու գնահատանքին արժանացաւ:1915-ի ցեղասպանութիւնը չյաջողեցաւ բնաջնջել մեր մշակոյթն ու դարաւոր հարստութիւնը: Ապրիլին կը յաջորդէ մայիսը, եւ մենք մեր մշակոյթով, երգերով եւ երաժշտութեամբ պիտի գոյատեւենք»:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգը բաժնուած էր երկու մասերու: Առաջին բաժինով տաղանդաւոր արուեստագէտ Շողիկ Թորոսեան` դաշնակահար Յասմիկ Գասպարեանին ընկերակցութեամբ, ներկայացուց Կոմիտասէն նշանաւոր երգեր` «Կռունկ», «Հով արէք», «Ես սարէն կու գայի», «Գարուն ա», «Քելեր,ցոլեր», «Ծիրանի ծառ», «Չինար ես», «Ալագեազ-խնկի ծառ», «Քելէ, քելէ» եւ «Անտունի»:

Թորոսեան Կոմիտասի իր հրաշալի մեկնաբանութեամբ կրցաւ ունկնդիրներուն փոխանցել հայուն ցաւի, սիրոյ, ուրախութեան եւ այլ զգացումները:

Իսկ  համերգին երկրորդ բաժինով Շողիկ Թորոսեանի ընկերացաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի սենեկային համոյթը` Հրակ- Խաչիկ Տեմիրճեան, Մարինէ Հալլաճեան եւ Նարէ Աշքարեան, Խաժակ Խաչատուրեան, Դալար Մանճեան եւ Նարօտ Սուրճեան, Նարօտ Խտըրլարեան եւ Արմէն Ճենտերեճեան (ջութակ), Ժան-Փոլ Գաթրճեան (թաւջութակ), Նարէ Աղասարգիսեան եւ Հենրի Իշխանեան (դաշնակ)` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Աշոտ Ճենտերեճեանի: Այս բաժինով ներկայացուեցան հիմնականօրէն օտար, նաեւ հայկական երգեր` «Վաղարշապատի պար»-ը եւ «Ալ Այլուղս»:

Նշենք, որ երկրորդ բաժինով ներկայացուած ստեղծագործութիւններու մեծամասնութեան երաժշտական եւ նուագախումբի մշակումը կատարած էր մայեսթրօ Աշոտ Ճենտերեճեան:

Համերգի փակումը խորհրդաւոր եւ գեղեցիկ էր այնքան, որքան բացումը, մանաւանդ որ վերջին երգը նուիրուած էր «Երեւան»-ի: Շողիկ Թորոսեանն ու սենեկային համոյթի անդամները իրենց միջեւ եղած կատարեալ ներդաշնակութեամբ պանծացուցին Երեւանն ու անոր արժէքը: Ներկաներուն բուռն փափաքին ընդառաջելով` Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց նաեւ «Կիլիկիա»-ն:

 

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի «Հրանդ Տինք» Միջդպրոցական Շարադրութեան Մրցանք. «Տինքը Սպաննողները Անոր Գաղափարները Ջնջել Կարծեցին, Բայց Հազարաւոր Նոր Տինքեր Ստեղծեցին» Յայտարարեց Ֆեթհիյէ Չեթին

Յաջորդը

Անթիլիասը Դարձեալ Ծաղկազարդուեցաւ Հայ Մանուկներով

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները
Գլխաւոր լուրեր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

September 29, 2026
Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.