Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոծ Բազմութեան Մը Ներկայութեան. Ռոպըրթ Ֆիսք Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Մասին

Մարտ 27, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-26-15_fisk-11Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ելոյթ ունեցաւ անգլիացի հանրաճանաչ լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսքը` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Իսամ Ֆարես» սրահին մէջ, հինգշաբթի, 26 մարտ 2015-ի  երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբին:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Խաժակ Կէօքճեան: Ան ըսաւ, որ ամէն ազգ եւ իւրաքանչիւր անհատ պարտաւոր է պահանջել իր ընկերոջ ապրելու իրաւունքը: Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը  քաղաքակրթութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւն էր. 6000 տարուան կեանք ունեցող ազգի ու մշակոյթի դէմ:

Կէօքճեան նշեց նաեւ, որ թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ բարեկամական խաղաղ յարաբերութիւններու տանիլ Հայաստանն ու Թուրքիան:

Ան ըսաւ, որ կը հաւատայ, թէ արդարութիւնը պիտի հաստատուի եւ հայերը պիտի պահանջեն ճանաչում ու հատուցում: Խօսքի աւարտին ան ներկայացուց բանախօս Ռոպըրթ Ֆիսքը, որ անգլիական «Տի Ինտիփենտընթ» թերթի խմբագիր է, արժանացած է միջազգային բազմաթիւ լրագրական մրցանակներու:

3-26-15_fisk-1
Ռոպըրթ Ֆիսք

Ելոյթ ունեցաւ լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս հայոց կոտորածը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր` նշելով, որ գերմանացի զինուորներ թրքական բանակին մէջ ականատես եղած են այդ իրադարձութիւններուն, որոնց վկայութիւնները անչափ կարեւոր են հայութեան համար: Ֆիսք ընդգծեց նաեւ, որ իր շատ ընկերներու հայրերն ու մայրերը նոյնպէս ականատես եղած են եւ վերապրած են ցեղասպանութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ ոչ միայն թրքական կառավարութիւնը կը վարէ ժխտողական քաղաքականութիւն, այլեւ ամբողջ Եւրոպան: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ ինչպէ՛ս անցեալին Ուինսթըն Չըրչիլ հայոց ողբերգութիւնը ցեղասպանութիւն կոչած է, սակայն տարիներ ետք Թոնի Պլեր հրաժարած է ցեղասպանութիւն բառը օգտագործելէ:

Ֆիսք նշեց, որ նահատակները այսօր կ՛ապրին, այնքան ատեն որ հայերը կը շարունակեն յիշել ցեղասպանութիւնը եւ պատմել կատարուածին մասին: Անոնք իրապէս կը նահատակուին, երբ հայութիւնը ալ չխօսի անոնց մասին:

Ան ըսաւ, որ պէտք է այնպէս մօտենալ ցեղասպանութեան նիւթին, որ կարծես ան կատարուած ըլլայ երէկ: Ցեղասպանութեան փաստը պէտք չէ տանիլ հեռու անցեալ եւ դիտել անկէ, այլ սեպել, որ ան իրօք կատարուած է երէկ: Եթէ փորձենք ցեղասպանութեան նկարներուն նայիլ, իրապէս պիտի զգանք, որ անոնք թարմ են տակաւին մեր յիշողութեան մէջ, աւելցուց ան:

Ան բացայայտեց այն իրականութիւնը, որ հայ ազգը յաղթեց իր յիշողութիւնը պահելով:

Ապա հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ հայութեան երկրորդ 100-ամեակը ցեղասպանութենէն ետք:

Ան ըսաւ, որ առաջին 100-ամեակին կարելի եղաւ վերապրողներու վկայութիւնները հաւաքել, պահել, սակայն երկրորդ 100-ամեակին վերապրողներու սերունդը արդէն գոյութիւն չ՛ունենար, ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել:

Ան շեշտը դրաւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ կատարելու աշխատանքի անհրաժեշտութեան  ու կարեւորութեան վրայ: Ուսումնասիրել պատմութիւնը ոչ իբրեւ  նահատակի եւ զոհի հոգեբանութեամբ, այլ` յաղթողի:

Ֆիսք նշեց, որ ցեղասպանութիւնը ճանչցած են հարիւրաւոր միջազգային գիտնականներու շարքին  նաեւ բազմաթիւ հրեայ պատմաբաններ եւ եւրոպական պետութիւններ: Ան անդրադարձաւ, որ Թուրքիա կը հետապնդէ ապրիլ 24-ը Կալիփոլիի ճակատամարտի յիշատակման օր յայտարարել, եւ նշեց, որ անցեալին կը հերքէր, որ հայ զինուորներ մասնակցած են ճակատամարտին, ինչպէս օրինակ` զօրավար Սարգիս Թորոսեան, որ լուսանկարուած է օսմանեան ռազմական զինուորազգեստով:

Ֆիսք պատմեց իր Թուրքիա կատարած այցելութիւններուն մասին: Պատմական Հայաստանը տեսնելու եւ գաւառները շրջելու կարելիութեան մասին: Ան նշեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս սեղանի մը շուրջ նստած թուրքերու հետ, երբ կը հարցնէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, սեղանակիցները կը պատասխանեն, որ բոլոր թուրքերը գիտեն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է: Սովորական մարդիկ գիտեն, պետութիւնն է, որ չի ճանչնար:

Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան կառավարութեան կազմութեան, ապա Ստալինի կատարած անօրինութիւններուն` զայն նկատելով Հայոց ողբերգական ճակատագիրին մեղսակից ու նաեւ պատասխանատու:

Ան վկայութիւններ կարդաց հայութեան մասին, վերապրողներէն: Ապա ցուցադրեց հայոց արհաւիրքի մասին խօսող երեք լուսանկարներ` գերմանացի զինուորի մը կողմէ նկարահանուած: Ան շեշտեց նկարներու կարեւորութիւնը գիտական աշխատանքներու ընթացքին եւ ըսաւ, որ նկարները կենդանի վկայութիւններ են, որոնց վրայ պէտք է առաւել կեդրոնանալ, ուշադրութիւն դարձնել, վերլուծել: Ան ըսաւ, որ նկարները միակ արխիւներն են, որոնք կրնան վերարտադրել պատմութեան անցած ուղին: Նշենք, որ Ֆիսքի ցուցադրած լուսանկարները տրամադրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի կողմէ:

Ֆիսք նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին թուրք ակադեմականներու հետ զրուցելն ու կարծիքները փոխանակելը բաւարար չէ, այլ պէտք է բացայայտուիլ ու խօսակցիլ սովորական մարդոց հետ: Ան յայտնեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս փոքրիկի մը աչքին առջեւ երկու քոյրեր կ՛առեւանգեն, իսկ մայրը կը մեռցնեն, իսկ տղան 11 տարեկանին կը կորսնցնէ իր աչքի լոյսը: Կեանքը կ՛ապրի վրէժով լեցուն ու ատելութեամբ, սակայն ի վերջոյ կը յաջողի իրմէ վանել ատելութեան զգացողութիւնը:

Աւարտին Ռոպերթ Ֆիսք պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Իսկ աւարտին բոլոր ներկաները ոտքի կանգնած երկար ծափահարեցին երախտագիտական ու շնորհակալական ծափահարութիւններ:

Ապա Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռոպըրթ Ֆիսքին օգտաշատ ելոյթին առիթով, որ այնքան ջերմ ու հարազատ էր: Ան գնահատեց լրագրողը հայոց պատմութեան չբացայայտուած էջերը լոյսին տակ բերելուն համար:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արաբական Երկիրներ Եմէնի Մէջ Զինուորական Գործողութեան Ձեռնարկեցին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Մարտ 20, 2023
Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի  Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Մարտ 20, 2023
«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In