Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Նշում` «Էլ. Էյ. Եու.» Համալսարանին Մէջ . «Հայութիւնը Տակաւին Պահանջատէր Կը Մնայ» Կ՛ըսէ Քաթիա Փելթեքեան

Մարտ 27, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-24-15_katia5Երկուշաբթի, 23 մարտ 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի (Էլ. Էյ.Եու.) Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական ակումբին կողմէ կազմակերպուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն առաջին ձեռնարկը` դասախօսութիւն եւ ցուցահանդէս «Քաղաքական շահերը կը գերադասեն մարդկութեան» վերնագիրով:

Դասախoսական-ակադեմական այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր գործակցաբար համալսարանի արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքին: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հայ եւ ոչ հայ ուսանողներ, դասախօսներ եւ պաշտօնեաներ: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ համալսարանի արուեստի եւ գիտութեանց բաժանմունքի փոխտնօրէն դոկտ. Սամի Պարուտիի խօսքով: Պարուտի գնահատեց ընդհանրապէս հայութեան եւ մանաւանդ «Էլ. Էյ.Եու.» համալսարանի հայ ուսանողներուն մօտ պատմութեան նկատմամբ իրենց մօտեցումը եւ ցեղասպանութեան նկատմամբ իրենց պայքարի ոգին: Ապա, Պարուտի ներկայացուց օրուան դասախօսը, անոր կենսագրականը եւ հրատարակութիւնները` Հայոց  ցեղասպանութեան մասին:

Օրուան հիմնական պատգամախօսն էր Քաթիա Փելթեքեան` երկու հատորներէ բաղկացած «Տը թայմզ աֆ տի Արմինիըն Ճենոսայտ» գիրքին հեղինակը: Փելթեքեան հիմնուելով իր գիրքի արխիւային փնտռտուքներուն եւ 1915-էն 1923-ի միջազգային թերթերու հրատարակած լուրերուն եւ տեղեկագրութիւններուն վրայ, ներկայացուց Ցեղասպանութեան ընթացքը եւ միջազգային ընտանիքին վերաբերմունքը:

Դասախօսը ներկայացուց թրքական բանակին կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած կանխամտածուած ու նախապատրաստուած ջարդերուն եւ տեղահանութիւններուն ժամանակագրութիւնը: Փելթեքեան այս տեղեկութիւնները հաստատեց` ցոյց տալով ամերիկեան եւ անգլիական օրաթերթերու արխիւներէն յօդուածներն ու անոնց վերնագիրները  համապատասխան դէպքերուն մասին: Ան աւելցուց, որ թուրքերը ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ ասորիներուն, յոյներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ջարդեր կազմակերպած են:

Փելթեքեան ըսաւ, որ Անգլիոյ կառավարութիւնը Համաշխարհային Ա.  պատերազմէն առաջ մօտէն կը հետեւէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն, եւ բարենորոգումներ կը պահանջէր պետութենէն: Իսկ պատերազմի աւարտին, Անգլիոյ իշխանութիւնները եւ այլ եւրոպական երկիրներ Թուրքիան յանցաւոր նկատեցին իր կատարած ոճիրներուն համար, յայտնեց Փելթեքեան: Ան հաստատեց այն իրողութիւնը, թէ ճիշդ է, որ թերթերը չեն գործածած «ցեղասպանութիւն» եզրը, պարզապէս որովհետեւ տակաւին գոյութիւն չունէր նման բառ, սակայն ան բացատրեց, որ թերթերը կը նշեն «ամբողջ ազգի մը բնաջնջում» արտայայտութիւնը, ինչ որ բացատրութիւնն է Ռաֆայէլ Լեմքինի կազմած «ցեղասպանութիւն» բառին:

Դասախօսութեան ընթացքին Քաթիա Փելթեքեան ըսաւ, որ «օրուան քաղաքական պայմանները եւ տնտեսական շահերը փոխեցին բոլոր հաշիւները»: Ան աւելցուց, որ կային Անգլիոյ խորհրդարանի անդամներ, որոնք Հայկական հարցն ու քրիստոնեայ հայութեան վիճակը միշտ կ՛արծարծէին խորհրդարանին մէջ: Երբ պատերազմին յաղթող պետութիւնները իրենց միջեւ կը բաժնէին Օսմանեան կայսրութեան տարածքները, Անգլիոյ հետաքրքրութիւնը հայերուն եւ անոնց իրաւունքներուն նկատմամբ փոխուեցաւ: Անգլիացիք նախընտրեցին  Իրաքն ու այլ շրջաններ ստանձնել եւ մոռնալ Հայաստանի պարագան, ինչ որ մեծ աղմուկ ստեղծեց Անգլիոյ խորհրդարանին մէջ: Խորհրդարանի անդամներէն մէկը բացատրելով, թէ ինչո՛ւ Հայկական հարցը այլեւս նախապատուութիւն չէ Անգլիոյ համար, կ՛ըսէ. «Հոն քարիւղ չկայ»: Ուրեմն քաղաքական շահերը կը գերադասեն մարդկութեան…

Փելթեքեան իր խօսքը աւարտեց հաստատելով, որ հայութիւնը կը շարունակէ իր պայքարը: «Մենք տակաւին պահանջատէր ենք», ըսաւ ան: «Ես Թուրքիայէն կը պահանջեմ իմ իրաւունքներս, կը պահանջեմ մեր նարինջի ծառերը, մեր հողերը, մեր ծառաստանը»:

Ապա, խօսք առաւ «Էլ.Էյ. Եու.» Պէյրութի մասնաճիւղի Հայկական ակումբի նախագահ Նանօր Նահապետեան` հաստատելով ուսանողութեան վճռակամութիւնը Թուրքիոյ դէմ հայկական պահանջատիրութիւնը ակադեմական մակարդակով շարունակելու առնչութեամբ: Նահապետեան նշեց, որ «մենք կը յիշենք եւ կը պահանջենք, իսկ այսօրուան ձեռնարկը սկիզբ կու տայ համալսարանին մէջ տեղի ունենալիք ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի նախագահութեան եւ գրասենեակներու պատասխանատուներուն, որոնք միշտ Հայկական ակումբի կողքին են եւ առիթ կու տան աշակերտներուն ազատօրէն արտայայտուելու եւ նման ձեռնարկներ կազմակերպելու: Ան ներկաները հրաւիրեց ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան, ուր ցուցադրուած էին Հայկական հարցին եւ թրքական ոճիրներուն անդրադարձող թերթերուն 1915-էն 1923-ի թիւերը: Փելթեքեանի նշած թերթերու այս թիւերը մէկ շաբթուան տեւողութեամբ պիտի ցուցադրուին համալսարանին մէջ: Այդ թերթերն են` «Տը Նիւ Եորք Թայմզ», «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ», «Տի Ինտիփենտընթ» եւ ուրիշ միջազգային հրատարակութիւններ:

Ձեռնարկի աւարտին Քաթիա Փելթեքեան իր գիրքէն օրինակ մը նուիրեց համալսարանի գրադարանին:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով`. «Ղօղանջ Անմահութեան» Աշակերտական Գեղարուեստական Ներկայացում

Յաջորդը

Բարի Լոյս 3. Պրաւօօօօ….

RelatedPosts

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային  Յարձակում` Իրանի Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային Յարձակում` Իրանի Վրայ

Յունիս 14, 2025
Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին  Միջազգային Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Միջազգային Արձագանգներ

Յունիս 14, 2025
Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?