Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թէքէեան Կեդրոնի Մէջ` Լիբանանահայ Երեք Օրաթերթերու Խմբագիրներու Հանդիպում-Հարցազրոյց

March 28, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-27-15_tekՀովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 27 մարտ  2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի «Թէքէեան» կեդրոնի «Գերսամ Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ երեք օրաթերթերու` «Արարատ»-ի, «Զարթօնք»-ի եւ «Ազդակ»ի խմբագիրներուն հետ հանդիպում-հարցազրոյց:

Լիբանանի եւ Հայաստանի ազգային քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ինչպէս նաեւ երեկոն վարեց Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան ատենապետ Անի Թորանեան: Իր սիրտի խօսքէն ետք Անի  Թորանեան ներկաները հրաւիրեց  յոտնկայս յարգելու յիշատակը երէկ` 27 մարտ 2015-ին մահացած լիբանանահայ անուանի մտաւորական Պէպօ Սիմոնեանի:

Հանդիպման հիւրերն էին Շահան Գանտահարեան («Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր), Անի Եփրեմեան («Արարատ»-ի տնօրէն) եւ Սեւակ Յակոբեան («Զարթօնք»-ի պատասխանատու խմբագիր):

Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան կողմէ պատրաստուած էին հինգ հարցումներ, ուղղուած` երեք լիբանանահայ օրաթերթերու խմբագիրներուն.

Զրոյցին ընթացքին երեք թերթերու խմբագիրները նշեցին, որ յառաջիկային առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ նոր սերունդը դաստիարակելու, նոր լրագրողներ ու խմբագիրներ պատրաստելու առաջադրանքը: Անոնք առանձնաբար շեշտեցին նաեւ 1970-ական թուականներուն թրքական դեսպանատան կողմէ «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն դէմ բացուած դատը, որ վերջ գտած էր ի նպաստ հայ ժողովուրդին:

Աւարտին ներկաները զանազան հարցումներ ուղղեցին երեք խմբագիրներուն, ինչպէս նաեւ զանազան կարծիքներ յայտնեցին:

Երեկոն փակեց Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան ատենապետ եւ օրուան հանդիսավար Անի Թորանեան` յառաջիկային նման միասնական հաւաքներ յաճախակիօրէն կազմակերպելու ակնկալութեամբ:

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Գրող Եւ Մտաւորական Պէպօ Սիմոնեան

Յաջորդը

Համազգային «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Որմազդներու Ցուցահանդէս-Մրցանքը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.