ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընդունեց կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքը եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Հանդիպումին ներկայ էր Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Կարօ Յարութիւնեան:
Լիբանանեան թատերաբեմին զարգացումները դարձան քննարկումի առարկայ: Յատուկ ուշադրութեամբ քննուեցան Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի կենսոլորտի հարցերը եւ պահանջուեցաւ, որ նախարարութիւնը դիմէ համապատասխան միջոցառումներու` կենսոլորտային պայմաններու բարելաւման համար: