Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Որմազդներու Ցուցահանդէս-Մրցանքը

March 28, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-27-15_TRՀամազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն կազմակերպած 100-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, «Արեգ» թատերախումբի ներկայացուցած «Կարօտ» թատերախաղի եւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցանքի կողքին երէկ` ուրբաթ, 27 մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ որմազդի ցուցահանդէս-մրցանք: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպուած էր Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կողմէ:

Ներկայացուած էին տարբեր ոճեր եւ գաղափարներ պարունակող 35 որմազդներ, որոնք գծագրուած էին 16-30 տարեկան պատանի եւ երիտասարդներու կողմէ: Իւրաքանչիւր որմազդի մէջ կ՛արտացոլար Ցեղասպանութեան գաղափարը` անոր հեղինակին դիտանկիւնէն դիտուած:

Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալ եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին մօտ խնամակալութեան ներկայացուցիչ Վարդան Յովսէփեան բարի գալուստ մաղթելէ վերջ ներկաներուն նկատել տուաւ, որ երբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը նախաձեռնած է սոյն մրցանքին, ուզած է հետապնդել 2 հիմնական նպատակ. ա) Յատուկ ձեւով բաժին ունենալ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներուն մէջ, բ) Հայեցի դաստիարակութիւնը եւ հայ ինքնութիւնը պահպանելու աշխատանքին հունին մէջ քաջալերել եւ առիթ ընծայել հայ երիտասարդութեան` պարզելու իր միտքը եւ իր դիտանկիւնը, իր կարգին անհատական նախաձեռնութեամբ մը անդրադառնալու 100-ամեակի իրականութեան: Վ. Յովսէփեան յայտնեց նաեւ, թէ լաւագոյն որմազդը պիտի որդեգրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կողմէ եւ արժանանայ հրատարակութեան:

«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի վարիչ տնօրէն Ռազմիկ Պերթիզլեան իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց, որ սոյն նախաձեռնութիւնը  ինքնուրոյն է այն իմաստով, որ երիտասարդութեան մօտ կ՛արթնցնէ մրցոյթի գաղափարը, որ քաջալերելի է, եւ անոնց մասնակցութեամբ պիտի որդեգրուի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի որմազդը: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ դատական կազմը պիտի արժեւորէ որմազդները` նկատի ունենալով 2 հիմք, որմազդին ներկայացուցած գաղափարը եւ մատուցման ձեւը:

Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան ցուցասրահի առաջին յարկը, մինչ դատական կազմի անդամներ Վազգէն Նիւրբեթլեան, Ռազմիկ Պերթիզլեան, Զաւէն Խտըշեան, Լիւսի Թիւթիւնճեան եւ Ռաֆայէլ Ումուտեան մօտէն ուսումնասիրեցին որմազդները, որոնք միայն թուագրուած էին եւ անոնց հեղինակներուն անունները յիշուած չէին, որպէսզի արդար ընտրութիւն կատարուի:

Աւարտին Ռազմիկ Պերթիզլեան յայտնեց, որ ընտրութիւնը բաւական դժուար եղած էր: Ապա ան յայտարարեց շահող  որմազդին թիւը` 32, որ բացայայտուեցաւ, որ կը պատկանի Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Միրէյ Սալորեանին: Պերթիզլեան բացատրեց, թէ բաւական հետաքրքրական որմազդ մըն էր, իմաստալից, մեր մշակոյթը փառաբանող, նաեւ ինչ որ Ցեղասպանութեան հետ առնչութիւն ունի` ներկայացուած էր հոն, ինչպէս` զանգակ, խաչ, Կոմիտաս, կարմիր գոյն:

 

Նախորդը

Թէքէեան Կեդրոնի Մէջ` Լիբանանահայ Երեք Օրաթերթերու Խմբագիրներու Հանդիպում-Հարցազրոյց

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.