«Պիտի շարունակենք պահանջել մեր իրաւունքները հարիւր տարի ետք եւս», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ գիշեր լիբանանեան «Էն.Պի.Էն» կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին: Ան վերահաստատեց հայոց պահանջները Թուրքիայէն, նախ եւ առաջ` Թուրքիոյ ճանաչումը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան, երկրորդ` իրապէ՛ս եւ ոչ դերասանական կամ ձեւականօրէն` ներողութիւն խնդրել հայերէն եւ երրորդ` ձեռնարկել գործնապէ՛ս հատուցելու հայոց կորսնցուցած հողերը ոչ միայն ցեղասպանութեան, այլ նաեւ` հետագային: Ան նշեց, որ հայեր իրենց հողերը կորսնցուցին նաեւ Աթաթուրքի շրջանին եւ անկէ ետք, վկայակոչելով 1939-ին Ալեքսանտրէթի հայերուն Այնճար հասնիլը: Այս ծիրին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառը դատական հայց պիտի յարուցէ Թուրքիոյ դէմ` պահանջելով գրաւեալ Սիսի կաթողիկոսանիստ քաղաքի իր նստավայրը, դիտել տուաւ երեսփոխան Բագրատունի: «Թուրքիա ճիգ չխնայեց ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթական հայու բեկորները բնակեցնել տալու հեռու` հայրենամերձ շրջաններէն` մինչեւ Մատակաշկարի մէջ, ընդմիշտ փակելու համար Հայկական հարցի թղթածրարը: Ան այս գծով 1922-ին փորձեց օրուան Ազգերու լիկային (ներկայիս` ՄԱԿ, «Ա.») մօտ այս միտումով բանաձեւ մը հրապարակել տալ: «Այսօրուան Թուրքիան նոյնինքն օսմանեան Թուրքիան է», շեշտեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կրօնի հետ կապ չունի, եւ պատմական յետադարձ ակնարկով յիշեց Մեքքէի Շերիֆ Հիւսէյնը, որ յատուկ հրամանագիրով արաբական երկիրներէն եւ ժողովուրդներէն պահանջեց ապաստան տալ ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթական հայու բեկորներուն:
Հաղորդավար Ապպաս Տահերի հարցումներուն պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ շրջանային եւ լիբանանեան ու յատկապէս Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ի գործունէութեան եւ առնչակից հարցերու: «Մենք այս հայրենիքին շատ բան տուինք, զոհեցինք ու աշխատեցանք եւ այսօր ոչ թէ կը խնդրեմ, այլ կը պահանջեմ լիբանանեան կառավարութենէն Ապրիլ 24-ը հռչակել Լիբանանի ազգային սուգի օր», ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի` դիտել տալով, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը մարդկային ու լիբանանեա՛ն հարց է նաեւ, եւ յիշեցուց 1916-ին լիբանանցի մտաւորականներու նահատակութիւնը եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին 240 հազար լիբանանցիներու սովամահ ըլլալու պարագան Լեռնալիբանանի մէջ` օրին թրքական քաղաքականութեան հետեւանքով: Բագրատունի մատնանշեց Թուրքիոյ դերակատարութիւնը ներկայի ահաբեկչական զինեալներու գործած քայլերուն մէջ, իբրեւ օրինակ թուելով եզիտիներու պարագան ու Իրաքի եւ յատկապէս Նինուէի մէջ պատահածները: Թուելով, թէ 10-12 հազար սուրիահայեր ապաստանած են Լիբանան, ան հաստատեց, որ անոնք անպայման պիտի վերադառնան: Ան թուեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յատկապէս հայրենիքի եւ ի սփիւռս աշխարհի կազմակերպուելիք ձեռնարկները` հաստատելով, որ այս առիթով բազմաթիւ նախագահներ (Փութին, Հոլլանտ) պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդ:
Երեսփոխան Բագրատունի նաեւ անդրադարձաւ լիբանանահայութեան իրաւունքներուն, յատկապէս Պէյրութի ընտրաշրջանին մէջ որդեգրուած ընտրական դասաւորումին` զայն անընդունելի գտնելով: Ան վերահաստատեց լիբանանահայութեան եւ յատկապէս ՀՅԴ-ի քաղաքականութիւնը` բոլոր կողմերուն բացուելու գծով` շեշտելով, որ կուսակցութիւնը կրնայ նպաստել միջքրիստոնէական համախոհութեան` անհաւանական նկատելով սակայն նման քայլի մը իրագործումը գէթ ներկայիս:
Միւս կողմէ, Բագրատունի զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան հրատապ, յատկապէս ապրուստի եւ ընկերային ու կրթական հարցերու վճռումին: