Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան

Մարտ 28, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-27-15_lokh-1ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յիշատակի երեկոն տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 27 մարտ 2015-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով:

Թալին Գլպաշեան
Թալին Գլպաշեան

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան, որ անդրադառնալով ՀՕՄ-ի առաքելութեան ըսաւ, թէ ազգին համար ծնած միութեան պատմութիւնը գրուած է արիւնով, որովհետեւ ան մեծ դեր կատարած է հայ ազգի գոյութեան պայքարի հոլովոյթին մէջ, հասած է ու կը հասնի ժողովուրդի բոլոր շերտերուն` նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելով: Ապա յայտնեց, որ Մեծ եղեռնի յաջորդող տարիներուն` 1930-ին Լիբանան կ՛անջատուի Սուրիոյ միաւորէն ու կը դառնայ առանձին:

Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը 100 տարի ետք տակաւին կ՛ոգեկոչուի, որովհետեւ 2015-ին հայութիւնը իր ապրած տարիներու տառապանքը կրցած է վերածել զօրաւոր կամքի եւ  դարձած է աւելի միասնակամ ու իրապաշտ: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Մենք` խաչուհիներս, միշտ յիշած ենք ու պիտի յիշենք մեր նուիրեալ ընկերուհիները, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որպէսզի շարունակէ իր ազնիւ առաքելութիւնը, հաստատակամօրէն մնայ պատնէշին վրայ` ի ծառայութիւն Լիբանանին եւ հայ ժողովուրդին»:

Ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը հայ ժողովուրդի պատմութեան, կրած արհաւիրքին ԼՕԽ-ի հիմնադրութեան ու ընդհանուր գործունէութիւններուն եւ տարած աշխատանքներուն մասին պատմող:

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան

Խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ` Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայ օգնութեան միութեան հիմնադրութիւնը, ապա առաքելութիւնը եւ աշխատանքը:

Ան նկատել տուաւ, որ ամէն տարի հայութիւնը աշխարհի տարածքին ու զանազան երկիրներուն մէջ կը յիշէ իր նահատակները եւ կ՛ոգեկոչէ անոնց յիշատակը: Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման հանգրուաններուն մասին: Նախ մտաւորականներու ձերբակալումը, ապա տղամարդոց աշխատանքի պատրուակով գերի վերցնելը, ապա անզէն ու լքուած կիներուն ու մանուկներու բռնի տեղահանութիւնը եւ տարագրութիւնը 5000 տարուան պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդի բնօրրանէն:

Ան նկարագրեց վերապրածներուն հոգեվիճակը` ըլլան անոնք որբեր, կիներ կամ տարեցներ: Միւս կողմէ, անդրադարձաւ բռնի իսլամացուած հայերու եւ յատկապէս կիներու հոգեվիճակին, որոնք մինչեւ մահ լուռ կրեցին իրենց թէ՛ ցեղասպանուած ըլլալու եւ թէ՛ հասարակութեան կողմէ մերժուած ըլլալու հանգամանքը:

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան նշեց, որ մարտ ամսուն բոլորը կը տօնեն մայրերու օրը, որուն առիթով իր յարգանքը յայտնեց աշխարհի տարածքին բոլոր հայ մայրերուն, որոնք որբացած են Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով եւ որոնք բնաւ չեն ապրած ու վայելած մօր մը սէրն ու գուրգուրանքը:

Ան ըսաւ, որ բոլորս հաւաքուած ենք ոգեկոչելու մեր նահատակներուն յիշատակը կ՛ոգեկոչենք նաեւ մեր ապրելու յաղթանակը, ուժը եւ կամքը մեր ազգին, մենք ողջ ենք` հակառակ բոլոր վայրագութիւններուն ու արհաւիրքներուն:

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքով մենք դարձած ենք առաւել հաստատակամ եւ ճկուն, այս սկզբունքով պիտի դաստիարակենք նաեւ գալիք սերունդները: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ մենք պիտի շարունակենք վերականգնել արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը` ստեղծագործելով, մեր արուեստով, երաժշտութեամբ ու գրականութեամբ, պատմելով միաժամանակ մեր պատմութիւնը, վերակառուցելով բռնութենէ եւ ահաբեկումէ զուրկ քաղաքակրթութիւն:

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ ի պատասխան աշխարհի անտարբերութեան, հայութիւնը 100-ամեակը խորհրդանշող անմոռուկ ծաղիկը որդեգրեց իբրեւ խորհրդանիշ: Ասիկա խաղաղասիրութեան եւ ստեղծագործելու կտակն է:

Մենք պիտի չմոռնանք, տեղի պիտի չտանք եւ ականատես պիտի ըլլանք արդարութեան հաստատման:

Ելոյթ ունեցաւ «Ֆայհա» երգչախումբը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի: Երգչախումբի մեկնաբանած երգերը եւ բարձրարուեստ ներկայացումը գերեցին ունկնդիրները եւ տարին դէպի այն աշխարհը, ուր ծնունդ առած են հայ երգն ու արուեստը:

Ղասսան Մուխայպեր
Ղասսան Մուխայպեր

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր: Ան ողջունեց լիբանանահայերը, որոնք 100 տարի առաջ մորթուեցան, տարագրուեցան, որոնց մտաւորականները կախաղան հանուեցան, զաւթուեցան անոնց բոլոր ինչքերն ու ունեցուածքները, եւ որոնք նաեւ դիմադրեցին այս բոլորին, տոկացին ու դարձան Լիբանանի քաղաքացի եւ անքակտելի մէկ մասնիկը լիբանանցի ժողովուրդին: Ան 100-ամեակին առիթով ողջունեց նաեւ ԼՕԽ-ը` իբրեւ լուսաւոր աստղ, որ օգնեց իր զաւակներուն յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները:

Ան ըսաւ, որ հայերը իրենց նպաստը բերին նաեւ Լիբանանի ծաղկեցման ու բարգաւաճման: Ան դիտել տուաւ, որ հայութիւնը թուրքի սուրով եթէ ցեղասպանուեցաւ, Լիբանանի ժողովուրդն ալ նոյն ցեղասպանին կողմէ սովի մատնուեցաւ, որուն հետեւանքով զոհ գնաց Լեռնալիբանանի 40 տոկոսը:

Երեսփոխանը յայտնեց իր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին` ըսելով, որ մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, այսօր ձեզի հետ կը կանգնինք ու կը պահանջենք ճանաչում ու արդարութիւն հայ ազգին: Ասիկա պարտաւորութիւն է, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած արարք է, եւ եթէ չդատապարտուի, կրնայ նոյն ոճրագործին կողմէ անգամ մըն ալ կրկնուիլ:

Ան բացայայտօրէն ըսաւ, որ մենք բոլորս հայ ենք: Բոլորս կը պահանջենք արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդի դատը կը շարունակէ ի զօրու մնալ, այնքան ատեն որ արդարութիւնը չէ հաստատուած:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ պահեն յիշողութիւնը եւ բնաւ չմոռնան անցեալը:

Մուխայպեր կարեւոր սեպեց հայկական հարցը հասցնել մինչեւ միջազգային դատական ատեան:

Ան ըսաւ, որ արդարութեան պէտք է զուգակցի նիւթական եւ բարոյական հատուցումը:

Անցեալի իրադարձութիւններուն արձանագրութիւնները պատմութիւնը պարզապէս յիշելու եւ անցեալը պահելու համար չէ միայն, այլեւ ապագան գրելու համար, որ նոյնը չկրկնուի:

Ան հպարտօրէն յիշեց նաեւ, որ Լիբանանի խորհրդարանը այն առաջիններէն էր, որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Իրմա Գապագեան-Տէտէեան ապրումով ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ, իմ հայ ժողովուրդ» կտորը:

Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան

Յիշատակի երեկոյին փակման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ անհրաժեշտութիւն նկատեց կանգ առնել եւ դիտել հայ կնոջ դերակատարութիւնն ու ներկայութիւնը անցնող 100 տարուան ընթացքին: Հայ կիները ոգի ի բռին գործած են, որ հաւաքական կեանքէն վերացնեն ցեղասպանութեան հետեւանքները, միաժամանակ պահեն հայ ժողովուրդի ազգային մշակութային արժէքները, որոնք ամրացուցած են մեր գոյութիւնը սփիւռքեան մեր պայմաններուն:

Սրբազան հայրը ըսաւ, որ հայ մայրը եւ հայ կինը հայոց պատմութեան ամբողջ տեւողութեան հայութեան կեանքին մէջ զօրաւոր օղակը եղան, որովհետեւ անոնք իրենց մտքի հնարքներով ու աշխատանքով իրենց ընտանիքի կեանքին հետ մէկտեղ կառավարեցին հայ ժողովուրդի կեանքը` դաստիարակելով իրենց զաւակները:

Ան ցանկութիւն յայտնեց, որ հայ մայրը գալիք 100 տարիներուն կրկին  մնայ պատնէշի վրայ, նոյն բարձրութեան վրայ, գիտակից իրեն վստահուած առաքելութեան:

Ան եզրափակեց իր խօսքը մաղթելով, որ Աստուած զօրացնէ մայրերը եւ աւելցնէ անոնց նուիրումի ոգին, որ հաւաքական, միացեալ տենչով ի խնդիր արդարութեան տանինք մեր պայքարը, մինչեւ որ հասնինք արդար դատի արդար հատուցման:

Նորոգեալ կամքով դիմագրաւենք գալիքը եւ ձեռք բերենք այն արդարութիւնը, որուն համար կ՛ապրինք ու կը պայքարինք յոյսով ու հաւատքով:

Ձեռնարկի աւարտին Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի փոքրերու տհոլի խումբին ունեցած ելոյթը մեծապէս ոգեւորեց ներկաները եւ եղաւ լաւագոյն ապացոյցը հայ ժողովուրդի ապրելու եւ իրեն հետ արուեստն ու մշակոյթը ապրեցնելու կամքին:

Պէտք է նշել, որ սրահի մուտքին ցուցադրուեցան հայ կիներու տարազներ եւ հայ ձեռարուեստի գործեր, որոնց բարձրաճաշակ ու նուրբ բանուածքը ու պայծառ գոյներու ներդաշնակութիւնը տարբեր խորհրդաւորութեամբ լեցուցած էր սրահը:

 

 

Նախորդը

Համազգային «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Որմազդներու Ցուցահանդէս-Մրցանքը

Յաջորդը

Յեղափոխաշունչ Խօսքի Ռահվիրան

RelatedPosts

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Մէջ Հայերու  Պաշտպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային  Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Մէջ Հայերու Պաշտպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ»

Մարտ 29, 2023
Փաթել. «Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Շրջանի Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Եւ Երեւանի Ու  Պաքուի Միջեւ Երկխօսութեան Նպաստող Ջանքերը»
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ազրպէյճանի Զինուորներու Տեղաշարժերուն Նկատմամբ

Մարտ 29, 2023
Ռուսիան Խիստ Զգուշացում  Կ՛ուղղէ Հայաստանին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիան Խիստ Զգուշացում Կ՛ուղղէ Հայաստանին

Մարտ 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In