Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերը Կոչ Կ՛ուղղեն Մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ոգեկոչման

Մարտ 24, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-23-15_tavadrosՀինգշաբթի, 19 եւ ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարքի եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Աֆրամ Բ. պատրիարքի միջեւ: Սոյն հանդիպումը մաս կը կազմէր շուրջ քսան տարի առաջ Միջին Արեւելքի մէջ իրենց կեդրոնը ունեցող Արեւելեան ուղղափառ «ոչ քաղկեդոնական» քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու համախմբումին:

Վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ ստեղծուած յիշեալ կառոյցին նպատակն էր գործակցութիւն յառաջացնել հայ, ասորի եւ ղպտի եկեղեցիներուն միջեւ, Միջին Արեւելքի շրջագիծին մէջ: Միջեկեղեցական գործակցութիւնը կազմակերպ հիմերու վրայ դնելու հեռանկարով, գործադիր յանձնախումբ մը նշանակուած էր, ինչպէս նաեւ ենթայանձնախումբեր: Անցնող տարիներուն ընթացքին թէ՛ հոգեւոր պետերը եւ թէ՛ յանձնախումբերը կանոնաւոր հանդիպումներ ունեցան Անթիլիասի, Դամասկոսի եւ Գահիրէի մէջ: Սակայն վերջին քանի մը տարիներուն հանդիպումները կանոնաւոր չընթացան` նկատի ունենալով ասորի ու ղպտի պատրիարքներուն վախճանումը եւ նոր պատրիարքներու ընտրութիւնը:

Գահիրէի ղպտի պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած հոգեւոր պետերու հանդիպումէն առաջ գործադիր յանձնախումբը ունեցաւ աշխատանքային հանդիպում մը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: Գործադիր յանձնախումբը ապա իր զեկուցումը ներկայացուց հոգեւոր պետերուն: Կատարուած ընդհանուր քննարկումներէն ետք երեք հոգեւոր պետերը միացեալ յայտարարութիւն մը կատարեցին:

Յիշեալ յայտարարութիւնը շնորհաւորելէ ետք Թէոդորոս Բ.ի եւ Աֆրամ Բ.ի ընտրութիւնը, լայնօրէն կ’անդրադառնայ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան, կը դատապարտէ ծայրայեղական շարժումներու վերաբերումը անմեղ մարդոց եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ, կը շեշտէ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան կարեւորութիւնը` փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած, կը շեշտէ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, կ’ողջունէ արեւելեան քոյր եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութիւնը կաթողիկէ, անկլիքան եւ ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ, եւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումին մասնակից դառնալը եւ կը յիշեցնէ Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու հանդիպման մը կարեւորութիւնը` նկատի առնելով շրջանին մէջ ստեղծուած կացութիւնը: Յայտարարութիւնը նաեւ կ’անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբացման` կոչ ուղղելով եկեղեցիներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու յիշեալ կարեւոր դէպքերուն:

Վեհափառ հայրապետը հանդիպման ընթացքին շեշտեց, թէ յիշեալ կառոյցը Միջին Արեւելքի մէջ անհրաժեշտ է վերակազմակերպել, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յոյժ կարեւոր նկատեց Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը 1965-ին Ատիս Ապեպայի մէջ գումարուած համագումարին նման, որպէսզի լայնօրէն քննարկուին եկեղեցիները յուզող հարցերը: Նկատի ունենալով Էրիթրիոյ եւ Հնդկաստանի քոյր եկեղեցիներուն ներքին դժուարութիւնները, հոգեւոր պետերը յարմար նկատեցին յիշեալ հանդիպումը կայացնել յառաջիկային` եկեղեցիներու դժուարութիւնները լուծելէ ետք:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն – 2 –

Յաջորդը

Սալման Թագաւորը Իրաքի Վարչապետը Հրաւիրած Է Ռիատ

RelatedPosts

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը
Գաղութային

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

Յունիս 13, 2025
Թրամփ. «Չեմ Ըսեր, Թէ Իրանի Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումը Մօտալուտ Է, Սակայն Անոր  Հաւանականութիւնը Մեծ Է. Իրան Պէտք Է Զիջումներ Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Չեմ Ըսեր, Թէ Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը Մօտալուտ Է, Սակայն Անոր Հաւանականութիւնը Մեծ Է. Իրան Պէտք Է Զիջումներ Կատարէ»

Յունիս 13, 2025
Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան  Կառավարիչներու Խորհուրդ. «Իրան Չի Կատարեր  Հիւլէական Պարտաւորութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Կառավարիչներու Խորհուրդ. «Իրան Չի Կատարեր Հիւլէական Պարտաւորութիւնները»

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?