Գլխաւոր լուրեր

Դատարանը Երեք Ամիսով Երկարաձգեց  Բագրատ Արք. Գալստանեանի, Արթուր Սարգսեանի  Եւ Արման Իսրայէլեանի Կալանքը

Դատարանը Երեք Ամիսով Երկարաձգեց Բագրատ Արք. Գալստանեանի, Արթուր Սարգսեանի Եւ Արման Իսրայէլեանի Կալանքը

Դատարանը որոշեց եւս երեք ամիսով երկարաձգել Բագրատ արք. Գալստանեանի, պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանի եւ Արման Իսրայէլեանի կալանքը: Դատարանը երեք ամիսով կալանաւորեց նաեւ Վահագն Չախալեանը: Մեղադրեալ Արա Ռոստոմեանի կալանքը փոխարինուեցաւ եռամսեայ տնային կալանքով: Իր կալանքը երկարաձգելու որոշման հրապարակումէն ետք Բագրատ սրբազանը «շատ շնորհակալութիւն» յայտնեց դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանին «ազնիւ եւ առանց խաբէութեան դրսեւորման համար»: «Այնքան լաւ կը զգամ ինքզինքս, որ այլ որոշում Դուք...

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Սպիտակ տունը կը նախատեսէ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներու հաւանական եռակողմ հանդիպում Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ` իբրեւ տասնամեակներ տեւած պատերազմին վերջ դնելու բանակցութիւններու վերջին քայլ: Այս մասին հաղորդեց «Փոլիթիքօ»-ն` յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմին մօտ կանգնած աղբիւրներու: Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը կը պատրաստուի վեհաժողովի կեդրոնական Եւրոպայի երկրին մէջ` վարչապետ Վիքթոր Օրպանի գլխաւորութեամբ, որ մտերիմ է նախագահ Տանըլտ...

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Մոսկուան զօրակցութիւն կը յայտնէ ուքրանական տագնապի արմատական պատճառներէն ձերբազատուելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ եւ միայն զինադադարի հաստատման նման լուծումներ առաջարկողներուն ականջ չտալու ամերիկեան տեսլականին»: Լաւրով Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր գործընկերներուն կողմէ տագնապին արմատական պատճառներուն վերջ տալու եւ անմիջապէս զինադադար հաստատելու վերաբերեալ գեղեցիկ կարգախօսներ...

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Ռուսական բանակը յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ գտնուող երեք գիւղեր գրաւած է: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը «Թելեկրամ»-ի վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ յայտնած է, որ ռուսական զօրքերը «շարունակած են խորանալ թշնամիի պաշտպանութեան մէջ»` Տոնեցքի մէջ գրաւելով Սուխեցքէ եւ Փանքովքա գիւղերը: Դրացի Տնեփրոփեթրովսքի շրջանին մէջ ալ, ըստ հաղորդագրութեան, ռուսական բանակը գրաւած է Նովոկէորկիեւքա գիւղը: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ,...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Արցախի Ազգային Ժողովը Տեղահանուած Արցախահայութեան Անունով Դիմած Է ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններուն

Արցախի Ազգային ժողովը տեղահանուած ժողովուրդի անունով դիմած է ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններուն: Դիմումին մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Լեռնային Ղարաբաղի 150.000 հայերի` տղամարդկանց, կանանց եւ երեխաների անունից, որոնք բռնի տեղահանուել են իրենց նախնիների հայրենիքից, խորը տագնապով եւ մտահոգութեամբ դիմում ենք Ձեզ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմից վերջերս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբի լիազօրութիւնը դադրեցնելու միակողմանի խնդրանքի հարցով: Տասնամեակներ շարունակ Մինսքի խումբը եղել է Լեռնային Ղարաբաղի...

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Մարք Ուէյն Մոլինն ու Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններէն քոնկրեսականներու պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ու շրջանի կացութեան զարգացումներուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութեան: Պըրրի հանդիպումի ընթացքին արծարծեց 1978 թուականէն ի վեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 425 որոշումին հիմամբ հարաւային Լիբանանի...

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Լիբանանեան որոշ շրջանակներ ամերիկացի յատուկ պատուիրակին կատարած վերջին յայտարարութիւններուն մէջ ոչ միայն ոճային, այլ նաեւ բովանդակային փոփոխութիւն կը նշմարեն: Եթէ ամերիկեան փաստաթուղթին հաւանութիւն չտար լիբանանեան կողմը, ապա ընդհանրապէս խնդրոյ առարկայ կը դառնար երկրին գերիշխանութիւնը, նոյնիսկ ակնարկ կը կատարուէր «Պիլատ Շամ»-ի վերաձեւաւորման մասին: Հիմա, առանց ըսելու, որ ամերիկեան փաստաթուղթ մըն ալ պիտի յղուի Թել Աւիւին, Պարրաք ըստ էութեան նման նախագիծի մասին...

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ սկսած է կազմակերպումը իր ռուս եւ ուքրանացի պաշտօնակիցներ Վլատիմիր Փութինի եւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ խաղաղութեան երկկողմանի վեհաժողովի մը, որուն պիտի հետեւի իր մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողով մը: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Զելենսքին ու եւրոպացի ղեկավարներ հիւրընկալելէ ետք յայտնեց, որ ժողովի աւարտին հեռաձայնած է Փութինի, «եւ սկսայ կազմակերպումը նախագահ Փութինի եւ նախագահ Զելենսքիի միջեւ ժողովի...

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի հետ այցելեց Ամման: Յորդանանի վարչապետ Ժաաֆար Հասսան Սալամի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Իրականութիւնը Մեծն Իսրայէլի պատրանքը ցոյց չի տար, այլ` իր կիրարկած վայրագ ու ծայրայեղ քաղաքականութեան պատճառով մերժուած, մեկուսացուած, անոր դէմ դրուած եւ պաշարուած Իսրայէլը»: «Լիբանանեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւման շարունակութիւնը դատապարտելի է», նշեց Յորդանանի վարչապետը` շեշտելով....

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Երեւանի քրէական դատարանին մէջ երէկ սկսաւ Բագրատ արք. Գալստանեանի եւ 17 մեղադրեալներու դատավարութիւնը: «Սրբազան պայքար» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը, ի պատասխան լրագրողներու, յայտարարեց, որ իրենք ահաբեկիչ չեն, իշխանութիւնները ահաբեկուած են: Ահաբեկչութեան եւ իշխանութիւնը իւրացնելու փորձի գործով 18 մեղադրեալ կայ: Բագրատ արք. Գալստանեանի գործով քննութիւնը մէկուկէս ամիս տեւեց:

Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը  Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու  Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը  Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»

Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»

«Մենք միշտ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանած ենք, եւ ատիկա մեր քաղաքականութիւնն է», Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան: «Շրջանին մէջ որեւէ ուժի կիրարկման դէմ ենք եւ կը գտնենք, որ շրջանին մէջ ղեկավարումը պէտք է ըլլայ կովկասեան, եւ խնդիրներու շրջանէն դուրս արտաշրջանային տէրութիւններու արտայանձնումը շրջանի կացութիւնը աւելի կը բարդացնէ», յայտարարեց Իրանի նախագահը:...

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի եւ ընկերակցող պատուիրակութեան հետ երէկ առտու այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանրապետութեան նախագահը Պարրաքին եւ Օրթէյկըսին յայտնեց. «Համաձայնեցուած փաստաթուղթին նկատմամբ լիբանանեան յայտարարուած դիրքորոշումէն ետք, այժմ պահանջուածը միւս կողմերուն յայտարարուած միացեալ...

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ալասքայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր գումարած վեհաժողովէն ետք, Ուաշինկթընի մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ եւրոպացի ղեկավարներու հետ վեհաժողովէն ժամեր առաջ յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ նախագահը կարողութիւնը ունի «մօտաւորապէս անմիջապէս» Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու, եթէ ատիկա կամենայ, կամ ալ ընտրել կռիւը շարունակել: Թրամփ ընդգծեց, որ «Օպամայի յանձնած» Խրիմի թերակղզիի վերատիրացում եւ Ուքրանիոյ`...

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

«Գերան-2» անօդաչու թռչող սարքեր կրկին հարուածներ հասցուցած է Օտեսայի մէջ ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ ընկերութեան կառոյցներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Վոյեննի Օվսետոմիթել» թելեկրամեան ալիքը: «Ուքրանիոյ ազգային նորութիւններ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 17 օգոստոսի ուշ երեկոյեան Օտեսայի մէջ պայթումներ տեղի ունեցած են: Այդ մասին յայտնած է քաղաքապետ Կենատի Թրուխանով: Ըստ հսկողութեան ալիքներու տուեալներու, Օտեսայի վրայ տարբեր կողմերէ մինչեւ 30 հարուածային անօդաչու թռչող...

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

Թրամփ. «Վեց Ամսուան Մէջ Վեց Պատերազմներու Վերջ Տուի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Մնացեալ գերիներուն վերադարձը պիտի տեսնենք միայն Համասը դիմակայելէ եւ զայն ոչնչացնելէ ետք»: «Ես էի, որ բանակցեցայ եւ ազատեցի հարիւրաւոր գերիներ, եւ անոնք Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն յանձնուեցան», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը: «Համասի դիմակայման եւ ոչնչացման մէջ որքան շտապենք, այնքան յաջողութեան առիթը պիտի աւելնայ», յայտնեց ան: «Վեց ամսուան մէջ վեց պատերազմներու վերջ տուի, իրանեան հիւլէական...

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները  Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու  Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

Երէկ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի պաշտօնական այցելութիւնը սկսաւ Հայաստան: Սակայն նախքան Երեւան ժամանելը, Փեզեշքիան «Մեհրապատ» օդակայանին մէջ յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ. «Հայաստան ուղեւորութիւնը մեր դրացի երկիրներ առաջնահերթ ուղեւորութիւններու շարունակութիւնն է»: Անոր համաձայն, դրացի երկիրները առաջնահերթութիւն են յարաբերութիւններու կառուցման եւ զարգացման համար: «Մենք ամուր ռազմավարական յարաբերութիւններ ունինք մեր դրացի եւ բարեկամ Հայաստանի հետ եւ միշտ ձգտած ենք իրարու հետ լաւ յարաբերութիւններ...

Ակնարկ.  Հարաւային Կովկասէն Ուքրանիա`  Անցնելով Ալասքայէն

Ակնարկ. Հարաւային Կովկասէն Ուքրանիա` Անցնելով Ալասքայէն

Ալասքայի հանդիպումը ընդհանուր հաշուով Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ հաշուոյն ընդհանուր համաձայնութեան գալն է: Կանուխ է անշուշտ վերջնական եզրակացութեան յանգիլը, այդուհանդերձ, որոշ նախադրեալներու մասին կարելի է արձանագրումներ կատարել: Հայաստան-Ազրպէյճան ուաշինկթընեան հռչակագիրէն անմիջապէս ետք Ալասքայի հանդիպումի թուականի հրապարակումը իրադարձութիւններու առումով որոշ փոխկապակցուածութիւն կը յուշէ: Եթէ Ուաշինկթընեան հռչակագիրը շատ ընդհանուր ուրուագծումով Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Կովկասի տեղակայումը կ՛ենթադրէ, ապա այդ կը նշանակէ ռուսական նահանջ այդ...

Ալասքայի Մէջ Թրամփ-Փութին «Շրջադարձային  Ու Չափազանց Արդիւնաւէտ» Հանդիպում

Ալասքայի Մէջ Թրամփ-Փութին «Շրջադարձային Ու Չափազանց Արդիւնաւէտ» Հանդիպում

Ուրբաթ գիշեր Միացեալ Նահանգներու Ալասքա նահանգին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վեհաժողովը` մասնակցութեամբ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն: Հանդիպումը սկսաւ նեղ կազմով: Աւելի ուշ պատուիրակութիւններու անդամները միացան ղեկավարներուն, եւ Թրամփի եւ Փութինի միջեւ հանդիպումը վերածուեցաւ «երեք-երեք» ձեւաչափով հանդիպումի: Ամերիկեան կողմէն հանդիպումին կը մասնակցէին արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ, իսկ...

«Վիճայարոյց «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Վերցուած Է  Եւ Փոխարինուած Հայաստանի Լիակատար  Գերիշխանութեան Տակ Տարանցիկ Ճամբով»  Կ՛ըսէ Իրանի Կառավարութեան Բանբերը

«Վիճայարոյց «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Վերցուած Է Եւ Փոխարինուած Հայաստանի Լիակատար Գերիշխանութեան Տակ Տարանցիկ Ճամբով» Կ՛ըսէ Իրանի Կառավարութեան Բանբերը

Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը կ՛աջակցի որեւէ հոլովոյթի, որ կը յանգեցնէ բախումներու դադրեցման, լարուածութեան նուազեցման եւ կայունութեան ստեղծման: Այս մասին շաբաթ օր յայտնած է Իրանի կառավարութեան բանբեր Ֆաթիմա Մոհաժերանի: «Ի հարկէ, այս աջակցութիւնը պայմանական է եւ հիմնուած է շրջանային երկիրներու կողմէ համաձայնեցուած սկզբունքներու վրայ», գրած է Մոհաժերանի: Ան ընդգծած է Թեհրանի երեք անսասան սկզբունքները` երկիրներու լիակատար գերիշխանութեան պահպանումը իրենց տարածքներուն նկատմամբ, բոլոր...

Աուն. «Լիբանան Երկու Ընտրանքի Առջեւ Էր`  Ամերիկեան Փաստաթուղթին  Համաձայնութեան Կամ Մեկուսացման»

Աուն. «Լիբանան Երկու Ընտրանքի Առջեւ Էր` Ամերիկեան Փաստաթուղթին Համաձայնութեան Կամ Մեկուսացման»

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի զէնքը ներքին հարց է, եւ անոր լուծումը կը վերաբերի սահմանադրական հաստատութիւններուն, եւ չեմ կարծեր, թէ հայրենիքին մէջ ոեւէ մէկը զէնքի մենաշնորհումին նկատմամբ հարց ունի»: «Ամերիկեան փաստաթուղթը մերժելէ ետ կանգնելու որեւէ սպառնալիք չստացանք: Ամերիկացիները միայն ըսին. «Եթէ փաստաթուղթը կ՛որդեգրէք շատ բարի, իսկ եթէ ոչ` Լիբանանը մեր հետաքրքրութեան շրջագիծին մէջ պիտի...

Page 79 of 795 1 … 78 79 80 … 795

Արխիւներ