Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը շաբաթ արշալոյսին իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Մսայլեհ գիւղաքաղաքին վրայ:

Իսրայէլեան ռմբաձիգներ աւելի քան 10 յարձակումներ գործեցին` թիրախաւորելով Մսայլեհ-Նաժարիէ մայրուղին եւ անոր մերձակայ հովիտը, ինչ որ շրջանին մէջ գտնուող շարք մը ճարտարագիտական կառոյցներու հսկայական վնասներ պատճառեց:

Թիրախաւորուած վայրին մէջ կը գտնուէին քարշակներ:

Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց. «Մեր ուժերը յարձակում գործեցին հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի պատկանող դիրքի մը վրայ, որ կուսակցութեան կարողութիւններու վերականգնման համար կ՛օգտագործուէր»:

Ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար Մսայլեհ այցելելով յայտնեց. «Կարեւորագոյնը հարաւային Լիբանանի մէջ մեր ժողովուրդին կողքին կանգնիլն է, եւ մենք` իբրեւ կառավարութիւն, մեզմէ պահանջուածը պիտի ընենք»:

«Լիբանանեան բանակը գերիշխանութեան եւ տոկունութեան հասցէն է: Կառավարութիւնը անոր աջակցութիւն տրամադրեց, եւ մենք բոլորս անոր թիկունք կը կանգնինք», նշեց Հաժժար:

Հանրօգուտ շինութիւններու եւ փոխադրամիջոցներու հարցերու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի իր կարգին երեսփոխան Քասեմ Հաշեմի ընկերակցութեամբ այցելեց վայրը իսրայէլեան յարձակումին, որ Մսայլեհի ճամբուն վրայ քարշակներ ծախող վեց հաստատութիւններ թիրախաւորեց:

Նախարարը ծանօթացաւ շրջանին վրայ յարձակումին պատճառած վնասներու տարողութեան:

Նախագահ Աունի Արձագանգը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն նշեց. «Անգամ մը եւս հարաւային Լիբանանը քաղաքային կառոյցներու վրայ իսրայէլեան յարձակումի կ՛ենթարկուի, առանց արդարացման եւ պատրուակի: Վերջին յարձակումին վտանգաւորութիւնը, սակայն, այն է, որ Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցման համաձայնութենէն ետք եւ պաղեստինեան կողմին անոր եւ զէնքը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ զայն օգտագործումէ դուրս բերելու մեքանիզմին համաձայն գտնուելէն ետք տեղի ունեցաւ»:

«Յարձակումը մեզի` լիբանանցիներուս եւ միջազգային ընտանիքին հիմնական մարտահրաւէրներ կ՛ուղղէ: Անոնցմէ մէկը այն հարցումն է, որ կայ մէկը, որ Կազայի փոխհատուցումը Լիբանանի մէջ կատարելու մասին կը մտածէ` իր քաղաքական ապրուստը կրակոցի եւ սպանութեան միջոցով ապահովելով», նշեց նախագահը:

«Ինչպէս նաեւ կը ծագի այն հարցումը, թէ այնքան ատեն որ Լիբանանը Կազայի պատերազմին ներքաշուեցաւ, զայն շղթայազերծողներուն թիկունք կանգնելու կարգախօսին տակ, ապա արդեօք այժմ պարզ տրամաբանութիւնն ու իրաւունքը չե՞ն թելադրեր անոր զինադադարի բնորդով Լիբանանին թիկունք կանգնիլ, մանաւանդ որ բոլոր կողմերը անոր զօրակցելու շուրջ միաձայնութիւն գոյացուցին:

«Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդին եւ ամբողջ հողին նկատմամբ մեր պատասխանատուութիւնը մեզի կը ստիպէ այս մարտահրաւէրները արծարծել, եւ ոչ թէ պարզապէս բացայայտ յարձակումը դատապարտելու պարտականութիւնը կատարել», աւելցուց հանրապետութեան նախագահը:

Պըրրիի Արձագանգը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի,  մեկնաբանելով Մսայլեհ շրջանին վրայ իսրայէլեան յարձակումը, յայտարարեց. «Իսրայէլեան յարձակումը իր ձեւով, խորքով, թայմինկով, վայրով ու թիրախներով ոչինչ պիտի փոխէ մեր համոզումներէն, սկզբունքներէն եւ մեր ժողովուրդի համոզումներէն, որոնք անգամ մը եւս իրենց կեանքերով, տուներով եւ ապրուստի միջոցներով կը վճարեն իրենց հողին եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքին կառչելնուն գինը»:

«Պատկերը ինքնին խօսուն է եւ կ՛արտացոլէ իսրայէլեան գոյացութեան յարձակողապաշտ բնոյթը: Անիկա, ինչպէս ամէն անգամ, միայն Մսայլեհի, անոր բնակիչներուն եւ ճարտարագիտական կառոյցներու սեփականատէրերուն վրայ յարձակում չէ, այլ Լիբանանին ու անոր ամբողջ բնակչութեան: Թիրախաւորուած է թէ՛ քրիստոնեան, թէ՛ իսլամը, եւ անոնց արիւնը իրարու միախառնուեցաւ: Ուստի ատկէ մեկնելով միաւորուինք յանուն Լիբանանի` ընդդէմ յարձակումին», շեշտեց Պըրրի:

Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
Արձագանգը

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը խստագոյն կերպով դատապարտեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի շարունակուող յարձակումները, որոնց վերջինը Սայտա գաւառի Մսայլեհ շրջանը թիրախաւորեց:

«Այս յարձակումը բացայայտ նոր խախտում մըն է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին եւ թշնամական արարքներու դադրեցման առնչուող համաձայնութեան, որ Իսրայէլ տակաւին կը մերժէ գործադրել», նշեց նախարարութիւնը:

«Այս յարձակումներուն շարունակութիւնը կը խոչընդոտէ զէնքը օրինական ուժերու մենաշնորհը դարձնելու լիբանանեան բանակի ծրագիրի գործադրութեան եւ հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման համար թափած ազգային ջանքերը», շեշտեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Սալամ Ռաժժիին Թելադրեց Ապահովութեան
Խորհուրդին Բողոք Ներկայացնել

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ եւ անոր թելադրեց իսրայէլեան վերջին յարձակումին դէմ շտապ բողոք մը ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` նկատի ունենալով, որ յարձակումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին եւ նոյեմբեր 2024-ին թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան բացայայտ խախտում մըն է:

 

Նախորդը

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Յաջորդը

Ֆիտան. «Կազայի Վերաշինութիւնն Ու Կառավարումը Պէտք Է Պաղեստինցիները Ստանձնեն»

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?