Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

October 11, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնած է լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող տարբեր հաստատութիւններու այցելութիւններու` նպատակ ունենալով մօտէն ծանօթանալ անոնց տարած գործունէութեան, տրամադրած ծառայութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Այս ծիրին մէջ, ուրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, այցելեց Ազգային Միացեալ վարժարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վեքիլեանի եւ հաշուական պատասխանատու Սարգիս Աւետիսեանի հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կարօ Յարութիւնեան:

Տնօրէն Նելլի Վեքիլեան գոհունակութիւն յայտնեց պատուիրակութեան այցելութեան համար: Ան ներկայացուց դպրոցի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ դիմագրաւուած զանազան դժուարութիւններուն: Վեքիլեան շեշտեց դպրոցին ստանձնած կարեւոր դերը` հայ աշակերտին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու:

Պալապանեան իր կարգին յայտնեց, որ այս ձեւաչափի այցելութեան նպատակն է լաւապէս ծանօթանալ դպրոցի գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, որպէսզի հաւաքաբար կարելի դառնայ հարցերուն լուծում գտնելը:

Պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ դպրոցի ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին հետ` լսելու համար անոնց դիմագրաւած առօրեայ դժուարութիւնները եւ մտահոգութիւնները:

Պալապանեան ուսուցիչներուն  երախտագիտութիւն յայտնեց, որ հակառակ երկրին  մէջ տիրող ծանր պայմաններուն, անոնք կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:

Աւարտին, պատուիրակութիւնը շրջեցաւ վարժարանին մէջ` աւելի մօտէն ծանօթանալով անոր գործունէութեան եւ անցուդարձերուն:

ՀՅԴ պատուիրակութեան յաջորդ կանգառն էր Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, ուր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հաստատութեան տնօրէն Նազելի Աւագեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեանի եւ վարչութեան այլ անդամներու հետ:

Աւագեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան այցելութեան համար, ապա ներկայացուց հաստատութեան տարած գործունէութիւնը եւ դիմագրաւուած դժուարութիւնները:

Պալապանեան իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ աշխատող եւ իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերող անհատներուն, որոնք կը շարունակեն կատարել իրենց վստահուած ծանր պատասխանատուութիւնը, հակառակ վերջին տարիներու հերթական տագնապալի դէպքերուն: Ան ընդգծեց, որ համագործակցութիւնը բանալին է դուրս գալու ներկայ դժուար կացութենէն:

Քննարկուեցան կարգ մը դժուարութիւններ եւ անոնց լուծման կարելի միջոցները:

Ապա, պատուիրակութիւնը շրջեցաւ կեդրոնին մէջ` ծանօթանալու անոր գործունէութեան, եւ ընթացքին զրուցեց աշխատակազմի անդամներուն հետ` լսելով անոնց մտահոգութիւնները եւ կարծիքները:

Նախորդը

Յուղարկաւորութիւն` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի

Յաջորդը

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.