Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Տնտեսական լրագրողներու միութեան պատուիրակութեան առջեւ յայտնեց. «Լիբանան վտանգուած չէ, եւ տնտեսական բոլոր ցուցանիշերը դրական են»` աւելցնելով. «Շրջանի ընդհանուր մթնոլորտը կարգաւորման մթնոլորտ է»:
«Չենք կրնար շրջանին մէջ ներկայ հոլովոյթէն դուրս մնալ, անիկա տագնապներու լուծման հոլովոյթ է, եւ անպայման անոր մաս պէտք է կազմենք, որովհետեւ այլեւս չենք կրնար յաւելեալ պատերազմի, քանդումի, սպանութեան տոկալ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով հարցումի մը` հանրապետութեան նախագահը նշեց. «Լիբանանեան պետութիւնը նախապէս ամերիկեան եւ ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ Իսրայէլի հետ բանակցած է, ինչ որ ծովային սահմաններու սահմանագծման յանգեցաւ, ապա անիկա յայտարարուեցաւ Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան կեդրոնատեղիէն, ուստի ի՞նչը կ՛արգիլէ, որ այդ փորձը կրկնենք եւ առկախ խնդիրներու լուծումներ գտնենք»:
«Լիբանանը վտանգի մէջ է միայն միտքերուն մէջ անոնց, որոնք պետութեան հակասող կեցուածքներ կ՛որդեգրեն եւ չեն ուզեր Լիբանանի վերականգնումը տեսնել, մանաւանդ որ բոլոր տնտեսական ցուցանիշերը դրական են, եւ տնտեսութեան նախարարը կը նախատեսէ, որ տնտեսական աճը տարուան աւարտին 5 առ հարիւրի հասնի, իսկ դրամական հոսքը հասնի 20 միլիառ տոլարի: Սպառումի ցուցանիշը կը բարձրանայ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ մթնոլորտը քաջալերական է»: